Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 մայիսի քարոզը. երբեք չի խօսիլ սատանային հետ:

Երբեք չի խօսիլ սատանային հետ եւ անոր դէմ պայքարելու համար պէտք ենք աղօթել ու ծոմ ծապհել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 8 մայիս 2018-ին՝ առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուց քարոզ մը որուն մէջ խօսեցաւ սատանային ու անոր գործելակերպին մասին, նշելով որ սատանան գիտէ հրապուրել եւ ամենամեծ խաբեբան է:

Ֆրանչիսկոս Պապի 9 մայիսի քարոզը

Նորին Սրբութիւնը բացատրելով ինչպէս պայքարիլ սատանային դէմ՝ յաղթահարելու համար անոր փորձութիւնները, նախ զգուշացուց սատանային մօտենալէն ու անոր հետ զրուցելէն, որովհետեւ. ըսաւ Քահանայապետը, սատանան պարտուած ըլլալով հանդերձ կը շարունակէ հրապուրել:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ սատանան ունի հրապուրելու կարողութիւնը: Ան կը ներկայանայ որպէս հզօր իշխանութիւն ունեցող մէկը,  ան շատ բաներ կը խոստանայ՝ իր հետ բերելով գեղեցիկ թուղթերով զարդարուած նուէրներ, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կը թուին սակայն՝ անոնց պարունակութիւնը ոչ մէկը գիտէ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ սատանան գիտէ ինչպէս ներկայացնել իր առաջարկները մեր ունայնամտութեան եւ մեր հետաքրքրութիւնը հրահրելու համար, որովհետեւ ան ստախօսութեան հայրն է գիտէ լաւ խօսիլ եւ կարող մեզ խաբել: Սատանային լոյսը փայլուն է, նման արուեստական լոյսի, որ շատ չի տեւեր եւ կ՝անհետանայ, մինչ՝ Յիսուսին ճրագը մեղմ է սակայն՝ մշտական, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ապա սատանային փորձութիւնները յաղթահարել կարենալու համար հրաւիրեց Յիսուսի նման հսկել, աղօթել եւ ծոմ պահել , միշտ հիմնական նկատելով չի մօտենալ ու չի խօսիլ սատանային հետ՝ ինչպէս ըրաւ Եւան ՝փորձութեան մէջ իյնալով:

Յիսուս անապատին մէջ սատանային պատասխանեց Աստուծոյ խօսքով,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց շեշտելով, որ սատանան յաղթահարուած է ու կը գտնուի կապանքի տակ, սակայն ան կարող է աղէտներ գործել  եւ մենք մեր կարգին պէտք ենք աղօթել, ծոմ պահել եւ երբեք չի մօտենալ անոր։ Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց դիմել Տիրամօր, որպէսզի Ան մեզ պաշտպանէ եւ օգնէ պայքարելու յաղթահարուած եւ կապանքի տակ գտնուող ստանային դէմ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2018, 12:40
Կարդալ բոլորը >