Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 մայիսի քարոզը:

Ամուսնութեան մէջ կայ Աստուծոյ պատկերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 25 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ իրենց ամուսնութեան տարեդարձին 50-րդ եւ 25-րդ յոբելեանները նշող 7 զոյգեր:

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, որ ամուսնական կեանքի մէջ չեն պակսիր դժուարութիւնները, յորդորեց միշտ նայիլ ամուսնական կեանքի գեղեցկութեան՝ որ է Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամենէն գեղեցիկ արարքը:

Ունկդրէ լուրը

Ներշնչուելով Մարկոս աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումէն ուր կը խօսուի Փարիսեցիներուն մասին, որոնք Յիսուսի կ՝ուղղեն այնպիսի հարցումներ՝ հայող հաւատքի եւ ամուսնութեան, ակնկալելով որ Յիսուս պատասխանէ անոնց՝ ըսելով այո կարելի է կամ ոչ կարելի չէ, Սրբազան Պապը դիտել կու տայ, որ Յիսուս ապահարզանի հարցին հայող իր պատասխանի մէջ աւելի անդին կ՝երթայ եւ կը հասնի մինչեւ արարչագործութեան սուրբ պսակը՝ ներկայացնելով զայն որպէս Տիրոջ 7 օրերու՝ ստեղծագործութեան ամենէն գեղեցիկ արարքը:

«Ստեղծագործութեան սկիզբը Աստուած մարդը արու եւ էգ ստեղծեց եւ ասոր համար այր մարդը կը թողու իր հայրն ու մայրը եւ պիտի միանայ իր կնոջ՝ դառնալով մէկ մարմին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս ընդգծելով որ Աստուած մէկ մարմինի մասին կը խօսի որ կարելի չէ զայն բաժանել:

Ան ապա յորդորեց որ պէտք չէ կեդրոնանալ՝ օրէնսգէտներուն նման «կարելի է կամ կարելի չէ» խօսքերուն վրայ, դիտել տալով որ այո ամուսնութեան կեանքի մէջ կան դժուարութիւններ՝ զաւակներու հարցեր, նոյնիսկ զոյգին միջեւ հարցեր՝ սակայն կարեւորը այն է որ անոնք մէկ մարմին ըլլան եւ շրջանցնեն բոլոր հարցերը, հաստատելով որ այո «սէրը կարելի է, որ կարող է մեզ որպէս սիրահարուածներ ապրիլ տալ՝ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին ՝ ուրախութեան, ցաւի մէջ ՝եւ այս է ամուսնութեան գեղեցկութիւնը որ կը կայանայ Աստուծոյ նման ստեղծուելու մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց յորդորելով ըլլալ համբերատար «համբերութիւնը ամենէն կարեւոր առաքինութիւնն է» ըսաւ Ան ապա Տիրոջմէ հայցեց որ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան շնորհէ գիտակցութեան շնորհքը հասկնալու համար որ ամուսնութեան մէջ կայ Աստուծոյ պատկերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2018, 13:00
Կարդալ բոլորը >