Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 մայիսի քարոզը՝ «Յիսուսի իսկական առաքեալը»:

Յիսուսի իսկական առաքեալը ըլլալու համար պէտք է նախ եւ առաջ Յիսուսը սիրել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի եւ Սուրբ Պետրոսի միջեւ կայացած վերջին երկխօսութեան մասին, յայտնեց թէ Յիսուսին իսկական առաքեալները ըլլալու համար պէտք է նախ եւ առաջ  Յիսուսը սիրել, ապա հովուել, ի վերջոյ պատրաստուիլ խաչին:

Ունկդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Յիսուսին՝ Սուրբ Պետրոսի կատարած երեք թելադրութիւններուն. սիրէ զիս, հովուէ եւ պատրաստուիր, ընդգծեց որ Յիսուսին հետ երկխօսութիւն կատարելու համար առաջին քայլը՝ Յիսուսը սիրելն է: Այս է որ Յիսուս իր հովիւներէն եւ բոլորէս կը խնդրէ, Սիրել Յիսուսը ուրիշներէ աւելի՝ մեր կրցածէն աւելի, կարեւորը սիրելն է  Յիսուսը ,  ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով Յիսուսին իսկական առաքեալները ըլլալու երկրորդ յատկանիշին, յայտնեց թէ ան կը կայանայ հովուելու մէջ, ուրիշներուն  խնամք տանելու մէջ, որովհետեւ  հովիւին իսկական ինքնութիւնը կը կայանայ հովուելու մէջ,  ընդգծելով նաեւ, որ եպիսկոպոսին, վարդապետին ինքնութիւնը հովիւ ըլլալն է:

Ֆրանիսկոս Պապ ապա նշեց թէ Յիսուսի առաքեալը՝ հովիւը, պէտք է գիտնայ խաչին պատրաստ գտնուիլ,  որովհետեւ հովիւին ուղեւորութիւնը նուաստացումի եւ մարտիրոսութեան ուղեւորութիւն է եւ այս պատճառով, հովիւը պէտք է պատրաստ ըլլայ խաչին եւ անձնուրացումի կեանքին:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը զգուշացնելով ուրիշին գործերուն խառնուելու փորձութենէն, հաստատելով որ հովիւը կը սիրէ, կը հովուէ եւ պատրաստ է ինքզինք նուիրելու եւ երբեք չի խառնուիլ ուրիշին գործերուն :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2018, 14:26
Կարդալ բոլորը >