Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 17 մայիսի քարոզը՝ իսկական միութեան մասին:

Իսկական միութիւնը Յիսուսի միութիւնն է որուն լոկ նպատակն է մարդոց փրկութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 17 մայիս 2018-ին, Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ միութեան երկու ուղիներուն մասին՝ ճշմարիտ եւ կեղծ ուղին:

«Ճշմարիտ միութեան նպատակն է մարդոց Փրկութիւնը, որովհետեւ Յիսուս կ՝ուզէ բոլորին փրկել: Մինչ՝ կեղծ միութիւնը կը հետապնդէ իր սեփական շահերը եւ չ՝ուզեր մարդոց փրկութիւնը, այլ զանոնք լոկ կը դատապարտէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ունկդրէ լուրը

Ներշնչուելով օրուան սուրբ Գրային ընթերցումէն (Յովհ 17, 20-29) ուր Յիսուս կը խօսի միութեան մասին «որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան» ֆրանչիսկոս Պապ ցոյց կու տայ որ իսկական միութիւնը Յիսուսի ուզած միութիւնն է, այն միութիւնը զոր ունի Հօր հետ եւ որուն կ՝ուզէ առաջնորդել մեզ բոլորս: Յիսուսի ուզած միութիւնը փրկութեան միութիւնն է,  որուն համար եկեղեցին կը գործէ , միութիւն մը որ կ՝երթայ դէպի յաւիտենականութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով «երբ որ մեր կեանքին մէջ, եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ կ՝աշխատինք միութեան համար այն ժամանակն է որ կը գտնուինք Յիսուսի գծած ուղիին վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով օրուան ընթերցուածին՝ քաղուած գործ առաքելոց գիրքէն՝ ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսը ամբաստանողներուն մասին, խօսքը կեդրոնացուց կեղծ միութեան վրայ, դիտել տալով որ Սուրբ Պօղոսը ամբաստանողները, սկիզբը որպէս մէկ խումբ ներկայացան ՝ զինք դատապարտելու համար, սակայն՝ առաքեալը, որ խոհեմ մարդ մըն է եւ լի է Սուրբ Հոգիին իմաստութեամբ կրցաւ այդ խումբը բաժնել,  որովհետեւ այդ խումբը կազմուած է Սադուկեցիներէ որոնք չէին հաւատար յարութեան եւ հրեշտակներու հոգիներուն ի տարբերութիւն փարիսեցիներէն որոնք կը հաւատային յարութեան: 

Սուրբ Պօղոս, ըսաւ սրբազան Հայր, կրցաւ կործանել այս կեղծ միութիւնը՝ որ զուրկ է հիմքէ, որովհետե անոնց մէջ վէճ ծագեցաւ՝ Յիսուսի յարութեան մասին, ապա ամբոխը բաժնուեցաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ նաեւ, որ Սուրբ Պօղոսի կրած հալածանքներուն ժամանակ յաճախ ժողովուրդը կը բացականչէր առանց գիտնալու իրենց աղաղակածին պարունակութիւնը,    որովհետեւ անոնց առաջարկողները իրենց ղեկավարներն էին, ընդգծելով այօսր եւս կ՝որդեգրուի այս չարախօսութեան մեթոտը՝ դատապարտելու համար: կը ստեղծուին մութ պայմաններ՝ մարդիկը դատապարտելու համար եւ որուն պատճառաւ միութիւնը կը քակտուի, գործելակերպ մը որուն միջոցաւ Յիսուս նաեւ հալածուեցաւ, որ այսօր եւս որդեգրուած է քաղաքականութեան,քաղաքացիական ընկերութեան մէջ՝ պետութիւն մը տապալելու համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու իր քարոզը եզրափակելով հրաւիրեց մտածել այն մեծ կոչումին մասին, որուն կանչուած ենք՝ Յիսուսի հետ միութիւնը, խնդրելով Տիրոջմէ որ մեզի շնորհէ դէպի ճշմարիտ միութիւնը ընթանալու շնորհքը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 11:10
Կարդալ բոլորը >