Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 մայիսի քարոզը. «Սուրբ Պօղոսի կտակը»։

Սուրբ Պօղոսի կտակը չի նմանիր աշխարհիկ կտակին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երեքշաբթի, 15 մայիս 2018-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին առանցքը եղաւ Պօղոս առաքեալի վկայութիւնն ու թողած կտակը:

Ունկդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան ընթերցուածը՝ քաղուած Գործ Առաքելոց գիրքէն, ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի մասին, որ Եփեսոսի մէջ կը համախմբէ Եկեղեցւոյ տարեցները, որպէսզի հրաժեշտ առնէ անոնցմէ ու այդ առթիւ կը ներկայացնէ խղճի քննութիւն մը, ներկայացնելով բոլոր այն բաները որ ինք ըրաւ հասարակութեան համար ու այդ իր աշխատանքը կը դնէ ներկաներու դատողութեան։ Սուրբ Պօղոս կը պարծենայ միայն երկու բանով՝ իր մեղքերով ու Յիսուս Քրիստոսի խաչով որով ինք փրկուեցաւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, թէ «Սուրբ Հոգին է որ ստիպեց Սուրբ Պօղոս երթալու Երուսաղէմ» ու այս մէկը նկատելով եպիսկոպոսին զատորոշումը, որ գիտէ ունկնդրել Սուրբ Հոգւոյն ձայնը ու գիտէ այդ ձայնը զանազանել աշխարհիկ հոգիէն։

«Պօղոս գիտակից է թէ կ՛երթայ դէպի չարչարանք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը «Ան ինքզինք կը նուիրէ Տիրոջ հնազանդութեամբ» ու ցաւով հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն սակայն անոնց թողելով իր խրատներն ու կտակը։

«Այդ կտակը չի նմանիր աշխարհիկ կտակի մը» ըսաւ նորին սրբութիւնը, Առաքելական ամենամեծ սէրը արդարեւ Յիսուս Քրիստոսն է, իսկ երկրորդ սէրը իրենց յանձնուած հօտն է եւ ասոր համար Սուրբ Պօղոս իր կտակին մէջ կը յանձնարարէ հսկել ամբողջ հօտին վրայ եւ եպիսկոպոսներուն կը թելադրէ ըլլալ՝ ոչ թէ եկեղեցական բարձր ասպարէզներու ձգտողներ այլ՝ իրենց հօտին պաշտպանները» ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ Սուրբ Պօղոսին կտակը վկայութիւն մըն է, պատգամ մըն է ու մարտահրաւէր է։ «

Սուրբ Պօղոս ոչ մի բան ունէր կիսելու եթէ ոչ միայն Աստուծոյ շնորհքը, առաքելական քաջութիւնը ու Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը ու Յիսուսին իրեն պարգեւած փրկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ հրաժեշտ առնելու շնորհքը՝ Սուրբ Պօղոսի նման ու անոր միեւնոյն հոգիով, միեւնոյն ուժով Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ միեւնոյն սէրով ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգիին նկատմամբ միեւնոյն վստահութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 12:13
Կարդալ բոլորը >