Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 մայիսի քարոզը ՝Յիսուսի բարեկամութեան մասին

Յիսուս միշտ հաւատարիմ է իր բարեկամութեան մէջ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երկուշաբթի, 14 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ընդգծեց, որ բոլոր քրիստոնեաներուն վիճակուած է ճակատագիր մը, որ պարագայական ճակատագիր չէ .Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը եւ քրիստոնեաներուն կոչումն է Յիսուսին հետ բարեկամ մնալ:

Ունկդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր երեք անգամ կը կրկնուի ճակատագիր բառը յայտնեց, թէ բոլոր քրիստոնեաները ստացած են որպէս պարգեւ Յիսուսի հետ բարեկամ մնալու ճակատագիրը։ Քրիստոնեաներուն կոչումն է Յիսուսին հետ ապրիլ որպէս բարեկամներ, պարգեւ մը զոր ստացած էին նաեւ Առաքեալները :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց թէ Յիսուս երբեք չ՝ուրանար իր բարեկամութիւնը նոյնիսկ իսկ զինք դաւաճանող անձին հետ:

Ան ապա ակնարկելով այսօրուան աւետարանին մէջ գրուած Յիսուսի խօսքերուն, ուր Յիսուս Առաքեալներուն կ՝ըսէ ձեզ բարեկամներ կը կոչեմ եւ ոչ թէ ծառաներ, հաստատեց թէ նոյնիսկ եթէ մեր մեղքերուն պատճառաւ Յիսուսէն  հեռանանք,  Յիսուս միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր բարեկամութեան մէջ օրինակ թուելով նաեւ Յիսուսի Յուդային ուղղած վերջին խօսքը , ուր Յիսուս Յուդան կը կոչէ բարեկամ, դիտել տալով որ Յուդան ընդգրկեց նոր ճակատագիր մը ,որ ազատօրէն ընտրեց : 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնելով թէ բարեկամը այն անձն է, որ իր անձնական գաղտնիքները կը բաժնեկցի ուրիշին հետ մէջբերեց Յիսուսի խօսքը « ձեզի բարեկամ կոչեցի որովհետեւ այն բոլոր բաները զօր Իմ Հայրէս լսեցի ձեզի ըսի:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով, որ մտածենք այն իրողութեան մասին  որ է  Յիսուս երբեք չուրանար իր բարեկամութիւնը. Ան մեզ կը սպասէ մինչեւ վերջ եւ մենք  մեր տկարութիւններուն պատճառաւ երբ կը հեռանանք Յիուսէն,  Յիսուս միշտ մեզ կը սպասէ:

Ան հրաւիրեց որ Աստուծմէ հայցենք Յիսուսի բարեկամութեան հաւատարմութեան շնորհքը,  որպէսզի մինչեւ վերջ հաւատարիմ գտնուինք Յիսուսի հետ բարեկամութեան մէջ,  որ վիճաուած է  մեզի որպէս ճակատագիր:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2018, 13:02
Կարդալ բոլորը >