Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապի 4 մայիսի քարոզը՝ Իսկական հովիւին մասին:

Եպիսկոպոսը այն աձն է որ գիտէ հսել եւ պաշտպանել իր հօտը գայլերէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 4 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ խօսեցաւ եպիսկոպոսներու աշխատանքին մասին, նշելով որ եպիսկոպոսներու աշխատանքը կը կայանայ հաւատացեալները պաշտպանելու եւ անոնց հաւատքը զօրացնելու մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապին 4 մայիսի քարոզը

Նորին Սրբութիւնը ներշնչուելով Գործ Առաքելոցէն քաղուած օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն՝ ուր կը խօսուի Անտիոքի հասարակութեան մէջ բխած խռովութիւններուն մասին եւ Սուրբ Պետրոսին միջամտութեան մասին, անոնց ուղղելով նամակ մը ու այնտեղ ուղարկելով երկու առաքեալներ՝ խաղաղութիւն վերահաստատելու համար, Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ որ Անտիոքի հասարակութեան անդամներուն հաւատքի պաշտպանողները եղան առաքեալները՝ մեր այսօրուան եպիսկոպոսները

Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ եպիսկոպոսը այն անձն է, որ գիտէ հսկել իր հօտը գայլերէն պաշտպանելու համար : շեշտելով որ եպիսկոպոսին կեանքը ներգրաւուած է հօտին կեանքով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ հովիւ բառը գեղեցիկ բառ մըն է նկարագրելու համար եպիսկոպոսին կոչումը եւ Յիսուս քաջ գիտէ զանազանել ճշմարիտ հովիւը՝ պաշտօնեայէն, որ վարձկան է եւ որուն չի հետաքրքրեր եթէ քայլ մը իր հօտէն ոչխար մը ուտէ, աւելցնելով, որ իսկական հովիւը գիտէ հսկել եւ իր հօտը պաշտպանել։

Արդարեւ ըսաւ Սրբազան Հայրը Իսկական եպիսկոպոսը կը ճանչնայ իւրաքանչիւր ոչխարին անունը եւ Աստուծոյ ժողովուրդը քաջ գիտէ եթէ հովիւը իսկական հովիւ մըն է, եթէ մօտիկ է եւ լաւ կը հսկէ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզ աւարտեց հրաւիրելով, որ Աստուծոյ աղօթենք, որպէսզի մեզի բարի հովիւներ ղրկէ եւ երբեք եկեղեցիէն պակաս չըլլայ հովիւներու պահպանութիւնը ապա թէ ոչ կարելի չէ յառաջ ընթանալ ըսաւ Ան, մաղթելով որ հովիւները ըլլան աշխատանքի, աղօթքի, Աստուծոյ ժողովուրդի նեցուկ կանգնող մարդիկ, մէկ խօսքով մարդիկ, որ գիտեն հսկել:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2018, 12:30
Կարդալ բոլորը >