Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Քրիստոնէական ուրախութիւնը խաղաղութիւնն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ուրախութեան մարդ ու կին ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ խաղաղութեան մարդիկ ու կիներ, ըլլալ մխիթարութեան մարդիկ եւ կիներ»

 Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ուրախութիւնը քրիստոնեային շունչն է» իսկական խաղաղութեամբ խթանուած  ուրախութիւն  մը  եւ ոչ թէ այսօրուայ մշակոյթի մատուցած խաբէական ուրախութիւնը, որ կը հնարէ ցնորքի ու ժամանակաւոր հաճոյքներ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 28 մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ուր մեկնաբանեց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումները ու յատկապէս Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած հարուստ երիտասարդի մասին դրուագը, ուր կը պատմուի այն երիտասարդին մասին որ չկարողացաւ համապատասխանել Յիսուսին հրաւէրին, ծախել ամէն ինչ ու հետեւիլ Իրեն, ու տխուր տրտում  հեռացաւ որովհետեւ կաշկանդուած էր հարստութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Ուրախութեան մարդ ու կին ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ խաղաղութեան մարդիկ ու կիներ, ըլլալ մխիթարութեան մարդիկ եւ կիներ» շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Ուրախութիւնը քրիստոնեային շունչն է, Քրիստոնեայ մը որ սրտով ուրախ չէ, լաւ քրիստոնեայ մը չէ» ու «այն որ սրտին ուրախութիւն կը պարգեւ Սուրբ Հոգին է», նշեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով միշտ ի միտ ունենալ այն ինչ որ Քրիստոս՝ Տէրը ըրաւ մեզի համար, մեզի պարգեւելով նոր կեանք մը, այն յոյսով որ դարձեալ իրեն պիտի հանդիպինք։

«Յիշողութիւնն ու յոյսը երկու բաղադրիչներն են որոնք քրիստոնեային առիթ կ՛ընծայեն ապրելու ուրախութեան մէջ, որուն առաջին աստիճանը՝  խաղաղութիւնն է»  ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ վերահաստատելով թէ քրիստոնէութեան ուրախութիւնը խաղաղութիւնն է ու ակնարկելով ժամանակակից մշակոյթին որ կը հնարէ հաճոյք պատճառող իրողութիւններ, որոնք սակայն մեզ չեն գոհացներ լիապէս, որովհետեւ «ուրախութիւնը կարելի չէ քնել՝ այլ պարգեւ մըն է , պարգեւ Սուրբ Հոգւոյն», հաստատեց Սրբազան Պապը ու քարոզը եզրափակեց դարձեալ ակնարկելով աւետարանական դրուագի հարուստ երիտասարդին, հաստատելով թէ «եթէ այդ անձը կարողանար անջատուիլ հարստութիւններէն՝ մի գուցէ պիտի կարենար երջանիկ ըլլալ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2018, 11:23
Կարդալ բոլորը >