Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 մայիսի քարոզը

Հարստութիւնները կարողութիւն ունին հրապուրելու ու մեզ ստրուկ դարձնելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Հինգշաբթի, 24 մայիս 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը Ֆրանչիսկոս Պապ նուիրեց «Չինացի ազնիւ Ժողովուրդին» որ այսօր կը տօնախմբէ Շանկայի «Շեշան Օգնական Տիրամօր» տօնը եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ յորդորեց հեռու մնալ հարստութենէն, որովհետեւ հարստութիւնը հրապուրիչ է եւ մեզ ստրկութեան կը մատնէ:
Ֆրանչիսկոկս Պապ ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն՝ քաղուած Յակոբ առաքեալի թուղթէն, ուր կը խօսուի աշխատաւորներու մասին, որոնք կը բողոքէին իրենց անվճար աշխատավարձի համար, խօսքը կեդրոնացուց աղքատութեան քարոզչութեան վրայ, սեւ աշխատանքի ու անոր շահագործումի վրայ:
Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Յիսուսի խօսքը «վայ հարուստներուն», յարեց, թէ աղքատութեան քարոզչութիւնը՝ Աւետարանի եւ Յիսուսի քարոզչութեան կեդրոն կը համարուի, յիշելով նաեւ Յիսուսի երանութիւններուն առաջինը՝ երանի աղքատներուն ու Յիսուսի այն խօսքը « եկած եմ աղքատներուն բարի լուրը աւետելու: :
Քահանյապետը ապա զգուշացնելով հարստութենէն ,յորդորեց հեռու մնալ անկէ, որովհետեւ հարստութիւնը կռապաշտութիւն ու հրապուրիչ է, յիշելով նաեւ Յիսուսի այն խօսքը ուր կ՝ըսէ կարելի չէ ծառայել երկու տէրերու, հարստութիւնը նկատելով այլ տէր մը :

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ նաեւ, որ հարստութիւնը հակառակ է երկրորդ պատուիրանին, որովհետեւ անիկա մարդոց միջեւ ներդաշնակ յարաբերութեան քայքայման պատճառ է եւ կը կործանէ մարդու կեանքն ու հոգին:
Ան ապա դատպարտեց սեւ աշխատանքն ու անոր շահագործումը նկատելով զայն մահացու մեղք, հուսկ՝ քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով աղօթել ու ծոմ պահել նաեւ հարուստներուն համար որովհետեւ ըսաւ Ան հարստութիւններու դիմաց մենք ազատ չենք ու ազատ ըլլալու համար հարկաւոր է աղօթել Տիրոջ։ Եթէ Տէրը քեզի հարստութիւն պարգեւեց զայն ուրիշներուն հետ բաժնեկցելու համար է, որպէսզի Իր անունով բարիք ընես ուրիշներուն։ Սակայն հարստութիւնները կարողութիւն ունին հրապուրելու ու մեզ ստրուկ դարձնելու ուստի խուսափինք այնպիսի փորձութիւններէն յարեց Սրբազան Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2018, 12:29
Կարդալ բոլորը >