Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Քալենք Սրբութեան ճանապարհին վրայ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբութեան ճանապարհին վրայ քալելու համար հարկաւոր է ըլլալ ազատ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը, Երեքշաբթի 29 մայիս 2018-ին քարոզը կեդրոնացուց Սրբութեան Կոչումին վրայ հրաւիրելով հաւատացեալները դժուար պահերուն չդիմել աշխարհիկ համակարգերուն որոնք ազատութիւնը կը խլեն այլ հաստատ մնալ սրբութեան տանող ճանապարհին վրայ։

Մեկնելով օրուան ընթերցուածէն ուր Սուրբ Պետրոս հրաւէր կ՛ուղղէ սրբութեան, Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ մենք շատ անգամ սրբութեան մասին կը մտածենք կարծես թէ ան արտակարգ իրողութիւն մը ըլլար, մինչ սրբութեան ճանապարհին վրայ քալելը, ինչպէս կ՛ըսէ սուրբ Պետրոսը, մեր Յոյսը դնելն է շնորհքին վրայ որ մեզի պիտի տրուի երբ Յիսուս Քրիստոս դարձեալ յայտնուի»։

Ունկնդրէ լուրը

Դէպի սրբութիւն քալելը կը նմանի  դէպի յոյս քալելը, ինչպէս նաեւ  դէպի լոյս քալելը – ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ դէպի սրբութիւն քալելու համար հարկաւոր է ըլլալ «ազատ» ու դուրս մնալ աշխարհիկ ուրուագիծերէն ու աշխարհի մտածելակերպէն ու անոր դատողութենէն, որովհետեւ անոնք ազատութիւնը կը խլեն, ըսաւ Ան հաստատելով թէ Սրբութեան ճանապարհին վրայ քալելու համար հարկաւոր է ըլլալ ազատ. ազատ՝ ընթանալու դէպի լոյսը, «որովհետեւ առանց ազատութեան չկայ սրբութիւն» յարեց Սրբազան Պապը  եւ ակնարկեց Իսրայէլի ժողովուրդին որ անապատին մէջ, անօթութեան ու դժուարութեան պահուն, դժգոհեցաւ ու սկսաւ ետ նայիլ եւ յիշել Եգիպտոսի մէջ ապրուած կեանքը։

«Դժուար պահերուն, ժողովուրդը յաճախ ետ քայլ կը կատարէ, կը կորսնցնէ ազատութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Իսրայէլացիները մոռցան թէ Եգիպտոսի մէջ մի գուցէ կերակուր ունէին սակայն ստրուկ էին։

Մենք եւս, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը, փորձութեան ընթացքին ետ կը նայինք, կը նայինք աշխարհի ծրագիրներուն, որոնք գոյութիւն ունէին նախ քան փրկութեան ճանապարհը սկսիլը, սակայն ազատ չէինք։

«Առանց ազատութեան սրբութիւնը կարելի չէ» շեշտեց Քահանայապետը որովհետեւ ազատութիւնը նախապայմանն է քալելու ու նայելու լոյսին որ յոյսի խոստումն է, որուն Տէրը մեզ կը կոչէ ամէն օր։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց յիշեցնելով Տիրոջ խօսքերը «Դուք սուրբ պիտի ըլլաք որովհետեւ ես Սուրբ եմ» ապա հրաւիրեց հայցել շնորհքը՝ հասկնալու թէ ի՞նչ ըսել է սրբութեան ճանապարհը որ է ազատութեան ու յոյսի ճանապարհ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2018, 11:47
Կարդալ բոլորը >