Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Եկեղեցին կին ու մայր է նման Մարիամին» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Եկեղեցին գիտէ թէ մայր ըլլալով քալելու է Տիրամօր հետքերուն վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 21 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը նուիրեց օրուան ծիսական տօնին «Եկեղեցւոյ Մայր՝ Սուրբ կոյս Մարիամին» ու այս առթիւ մատնանշեց Մարիամի մայրական յատկութիւններուն ու առաքինութիւններուն, «որոնցմէ առաջինը քնքշութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով նաեւ թէ «Եկեղեցին եւս իգական է, Ան ալ մայր է՝ նման Յիսուսի Մօր Մարիամին՝ որ Եկեղեցւոյ Մայրն է»։

«Երբ եկեղեցին կորսնցնէ իր այս իգականութեան ու մայրութեան յատկութիւնը կը կորսնցնէ նաեւ իր ինքնութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ միայն իգական եկեղեցի մը կարող է ունենալ պտղաբերութեան վերաբերմունք, նման Աստուծոյ ծրագրին «որ ուզեց ծնանիլ կինէ մը, մեզի սորվեցնելու համար այն կնոջ իգական ճանապարհը»։

«Կին մը յատկանշող ամենամեծ առաքինութիւնը քնքշութիւնն է» շեշտեց Սրբազան Պապը մատնանշելով Մարիամին որ աշխարհին նուիրեց իր Միածին Որդին, հոգ տարաւ անոր հեզութեամբ ու քաղցրութեամբ։ Եկեղեցի մը որ մայր է կը յառաջանայ այդ ճանապարհին վրայ. Գիտէ իմաստութեան ու քնքշութեան ինչպէս նաւ լրութեան ու կարեկցութեան բարբառը։ Եկեղեցին գիտէ թէ մայր ըլլալով քալելու է Տիրամօր հետքերուն վրայ՝ հեզութեամբ, քնքշութեան, ուրախութեամբ ու լի սիրով - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2018, 11:22
Կարդալ բոլորը >