Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Հաւատքը կը փոխանցուի սիրով եւ վկայութեամբ» ։

«Հաւատք փոխանցելը չի նշանակեր «մարդորսութիւն» կատարել, կամ փնտռել մարդիկ որոնք կողմնակից են հաւաքականի մը կամ մշակութային կեդրոնի մը. հաւատքը փոխանցելը կը նշանակէ վկայել սիրով»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հաւատք փոխանցելը չի նշանակեր «մարդորսութիւն» կատարել, կամ փնտռել մարդիկ որոնք կողմնակից են  հաւաքականի մը կամ մշակութային կեդրոնի մը։ Հաւատքը փոխանցելը կը նշանակէ վկայել սիրով»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը, որ ներկայացուց այսօր՝ 3 մայիս 2018-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն մէջ դիտել տուաւ նաեւ՝ թէ հաւատք չի նշանակեր միայն հաւատամքը արտասանել, այլեւ հաւատամքին մէջ է որ  կ՛արտայայտուի հաւատքը  ։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց  թէ հաւատք փոխանցել չի նշանակեր տեղեկութիւններ տալ, այլ վերակառուցել սիրտը, Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին մէջ։

«Ասոր համար քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ հաւատքի փոխանցման պտղաբեր անձ մը, ինչպէս Եկեղեցին որ Մայր է եւ կը յղանայ հաւատքի մէջ զաւակներ» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «հաւատքի փոխանցումը ուղեւորութիւն մըն է ու մեր ընդունածին փոխանցումն է՝ սերունդէ սերունդ,  Մեծ մայրիկէն մայրիկին, սիրոյ անուշահոտ բուրմունքի մէջ»։

«Հաւատքը չի քալեր միայն խօսքով այլեւ քնքշութեամբ» հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով հաւատքը փոխանցելու զանազան կերպերուն  որոնք հիմնուած են սիրոյ ու վկայութեան վրայ, ապա մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին խօսքերը թէ Եկեղեցին չի զարգանար մարդորսութեան միջոցաւ, այլ հրապուրելով, հաւատքը արդարեւ կը փոխանցուի վկայութեամբ»։ Վկայութիւն մը որ հետաքրքրութիւն կը յարուցէ, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ, սրտի հետաքրքրութիւն որ յառաջ կու գայ նաեւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ «Այդ վկայութեամբ յառաջ եկած հաւատքի փոխանցումը կը հասնի մինչեւ մարտիրոսութիւն» նշեց հուսկ քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «երբ հանդիպինք անձերու որոնք կեանքը կ՛ապրին հետեւողականութեամբ, հարց կու տանք թէ ի՞նչու այդ անձը այդպէս կ՛ապրի, ի՞նչու ծառայութիւն կը մատուցէ ուրիշներուն, եւ այդ հետաքրքրութիւնը սերմը կը ցանէ որով Սուրբ Հոգին կը ներգործէ։

«Հաւատքի փոխանցումը մեզ կը դարձնէ աւելի արդար ու արդարացած այդ հաւատքով, հաւատքի փոխանցման մէջ, մենք իսկական արդարութիւնը կը նուիրենք ուրիշներուն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2018, 11:25
Կարդալ բոլորը >