2018-04-17 Messa Santa Marta 2018-04-17 Messa Santa Marta  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 ապրիլի քարոզը. «կարելի չէ աւետարանել նստած բազկաթոռին վրայ»:

Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ աեւտարանացումի մասին դիտել տալով, որ բոլոր քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին աեւտարանելու եւ առաքելութիւն կատարելու։

Հինգշաբթի,19 ապրիլ 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ աեւտարանացումի մասին դիտել տալով, որ բոլոր քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին աեւտարանելու եւ առաքելութիւն կատարելու։
Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝քաղուած գործ առաքլելոցի թուղթէն, ուր կը խօսուի հրեշատակին մասին որ Փիլիպպոս առաքեալը կը հրաւիրէ ոտքի կանգնելու եւ դէպի արեւելք երթալու ՝անցնելով երուսաղէմէն որ կը տանի դէպի անապատ, Սրբազան հայրը խօսքը կերոնացուց աւետարանացումի հիմնական երեք կետերուն վրայ, ոտքի կանգնիլ, ժողովուրդին նեցուկ ըլլայ ապա մեկնիլ այն կացութենէն, որուն մէջ կը գտնուինք
Քահանայապետը դիտել տուաւ որ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մարտիրոսութենէն ետք հսկայ հալածանք ծագեցաւ ըլլայ քրիստոնեաներուն ըլլայ առաքեալներուն դէմ, ընդցծելով, որ այդ հալածանքի հովն է որ առաքեալները մղեց դէպի անդին երթալու եւ աեւտարանլելու.։
Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանյապետը ակնարկեց ժամանակաից անթիւ այր մարդոց ու կիներուն որոնք ձքելով իրենց հայրենիքն ու ընտանիքը, հեռու աշխարհ կ՝երթան Աստուծոյ խօսը տարածելու համար։ Անոնցմէ շատերը սակայն ըսաւ Քահանայապետ ֆիզիքապէս անպատրաստ էին ու չկարողացան դիմադրել հիւանդութեան ու մահացան իրենց երիտասարդ տարիքի մէջ դառնալով աւետարանութեան մարտիրոսներ։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը թուեց աւետարանողի յատկութիւնները ՝ ըլլալ մօտիկ, հասկնալ թէ ինչ կը պատահի ու մեկնիլ իրողութեան մը վրայ հիմնուելով եւ ոչ թէ ստութեան մը վրայ, որովհետեւ կարելի չէ աւետարանել միայն տեսականօրէն։ Աւետարանողը արդարեւ Յիսուս Քրիստոսը կ՝աւերէ, եւ Սուրբ Հոգիին ուժով աւելի անդին կ՛երթայ մինչեւ այն ժամանակ, ուր կը հասկնայ թէ իր գործը հասած է իր աւարտին։
Ասոր համար բոլոր քրիստոնեաներուն բանալի բառերը հետեւեալններն են հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ոտքի կանգնիլ, մօտենալ, ու մեկնիլ շօշափելի կացութենէ մը որովհետեւ մենք քրիստոնեաներս պէտք ենք աւետարանել մեր կեանքով եւ մեր օրինակով ու նաեւ խօսքով աւելցուց Ան ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հետեւիլ Յիսուսի օրինակին. Աւետարանել ուղեւորութեան ընթացքին, մօտիկ ըլլալով մարդոց, ու միշտ մեկնիլ առարկայական իրողութենէ մը, միշտ հայցելով Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2018, 13:51
Կարդալ բոլորը >