Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին 17 ապրիլի քարոզը. «Իսկական մարգարէն միշտ յոյսի մարգարէ մըն է»

ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերումը, հաստատեց որ իսկական մարգարէն այն է, որ գիտէ իր ժողովուրդին վրայ ողբալ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 17 ապրիլ 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով Սուրբ Գրային ընթերումը, ուր կը խօսուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասին, անդրադարձաւ իսկական մարգարէին մասին,  հաստատելով որ իսկական մարգարէն այն է, որ գիտէ իր ժողովուրդին վրայ ողբալ:

Ֆրանչիսկոս Պապի 17 ապրիլի քարոզը

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ ծերերն ու դպիրները Սուրբ Ստեփանոսը դատարան տարին ու ամբաստանեցին զինք, որովհետեւ անոնք փակ սիրտ ունէին եւ չէին ուզեր մտիկ ընել նախավկային  խօսքերուն եւ ոչ իսկ կ՝ուզէին յիշել Իսրայելի պատմութիւնը»։ Սուրբ Ստեփանոս արդարեւ ժողովուրդը կը յանդիմանէր ըսելով, որ անոնք ունին փակ սիրտ մը ու փակ ականջներ։

Քահանայապետը  ակնարկելով սուրբ Ստեփանոսի մարտիրոսութեան հաստատեց թէ  «ճշմարտութիւնը շատ անգամ  կ՝անհանգստացնէ եւ հաճելի չէ զայն մտիկ ընել»։ Ան ապա հարց տուաւ ըսելով  թէ «ի՞նչպէս կարելի է հասկնալ, որ մարգարէ մը ճշմարտութիւնը կ՝ըսէ»  ու պատասխանեց  «իսկական մարգարէն այն է , որ կարող է ողբալ իր ժողովուրդին վրայ ինչպէս նաեւ գիտէ բարձր ձայնով արտայայտել իր խօսքերը. իսկական մարգարէն չի կրնար գաղջ ըլլալ,  ան միշտ համարձակ է ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով իսկական մարգարէին այլ յատկութեան մը  «յոյսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2018, 13:18
Կարդալ բոլորը >