Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը «մենք ուղեւորութեան մէջ ենք դէպի Երկինք»

«Երկինքը արդարեւ Յիսուսին հետ հանդիպումի վայրն է» հաստատեց Քահանայապետը նշելով թէ Յիսուս մեզի համար կը պատրաստէ այդ հանդիպման վայրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 27 ապրիլ 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտսանած քարոզը կեդրոնացուց Աստուծոյ մեզի վերապահած յաւիտենական կեանքին խոստումին վրայ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ մենք եւս ուղեւորութեան մէջ ենք, նման «ընտրեալ ժողովուրդին» որ Աստուծոյ վրայ վստահելով յառաջ ընթացաւ դէպի աւետեաց երկիր։

«Մենք եւս ուղեւորութեան մէջ ենք դէպի երկինք» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ շատեր հարց կու տան թէ «ի՞նչ կայ Երկնքի մէջ» ապա կը մտածեն թէ երկինքը հեռու եւ վերացական իրողութիւն մըն է ու կը կասկածին եթէ այդտեղ ապրիլը «ձանձրացուցիչ» է։ «Ո՛չ» պատասխանեց Ֆրանչիսկոս Պապ երկինքը վերացական իրողութիւն մը չէ, որովհետեւ մենք կը քալենք դէպի հանդիպում մը՝ Յիսուսին հետ վերջնական հանդիպումը։ Երկինքը արդարեւ Յիսուսին հետ հանդիպում է - ըսաւ Ան ու աւելցուց - Մենք յառաջ կ՛ընթանանք այդ հանդիպումին համար եւ մինչ այդ Յիսուս կ՛աղօթէ  ու կը բարեխօսէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, որովհետեւ Ան հաւատարիմ է իր խոստումին,  մեզի համար կը պատրաստէ վայրը՝ որովհետեւ մեզի խոստացաւ զայն։

«Երկինքը արդարեւ Յիսուսին հետ հանդիպումի վայրն է»  հաստատեց Քահանայապետը դարձեալ նշելով թէ Յիսուս մեզի համար կը պատրաստէ այդ հանդիպման վայրը ու թէ այս մէկը մեզի յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչէ ու մեր մէջ կ՛աճեցնէ վստահութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ապա քարոզը աւարտեց հայցելով Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը «վեր  նայելու ապա մտածելու թէ «Տէրը ինծի համար կ՛աղօթէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2018, 12:52
Կարդալ բոլորը >