Մալոյեանով՝ Եկեղեցւոյ ծառաները կանչուած են սրբութեան
Գեղեցիկ անակնկալ մըն էր Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման լուրը, որ յայտարարուեցաւ 31 Մարտ 2025-ին։
Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէն առնուած այս որոշումը կարելի է նկատել խոր սիրոյ արտայայտութիւն մը եւ դրական պատասխան՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին։
Մեծ պարգեւ մըն է, որ շնորհուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայ ազգին։
Ան Երանելի հռչակուած էր 7 Հոկտեմբեր 2001-ին։ Քսանչորս տարի ետք, Իգնատիոս Մալոյեանի անունը ահա դարձեալ լսուեցաւ եւ այս անգամ սուրբերու կանոնական ցանկին մէջ արձանագրութեան համար։
Թէ այս «կանոնական»ը ինչ կը նշանակէ, յետագային կարելի է աւելի խորացնել։
Այս գրութեամբ կը փորձուի ներկայացնել սուրբին յատկութիւնները, որոնք վարժութիւն կրնան ըլլալ ամէն քրիստոնեայ ընթերցողին կեանքին համար։
Նորահրչակ Սուրբին որպէս եկեղեցւոյ ծառայ նայելով, յստակօրէն կարելի է հաստատել, որ, Իգնատիոս Մալոյեանով, Եկեղեցւոյ ծառաները, մանաւանդ Սուրբ Կարգը ստացողները, սրբութեան հրաւիրուած են, այսօր աւելի քան երբեք։
Ոչ թէ սուրբերը եւ կամ սրբակենցաղները եկեղեցական ծառայութեան կանչուած են, այլ կանչուածները՝ սրբութեան։
Այս սրբութեան հռչակումով, համայն քրիստոնէութիւնը, մանաւանդ եկեղեցական դասը, աւելի քան երբեք, հրաւիրուած է սրբութեան եւ վկայութեան։ Հրաւիրուած է ապրելու ա՛յնպէս, կարծես նահատակութիւնը մօտալուտ ըլլար։ Իգնատիոս Մալոյեանի պէս ապրիլ պիտի նշանակէ այսուհետեւ նահատակաշունչ կեանք մը ապրիլ ի տես նահատակութեան։
Երանելիէն եկած այս շունչը, հոգեւոր շունչը, Հոգիին շունչն է, որ մեզի հանդիպելով, մեր էութեան թոքերուն մէջ մտնելով, մկրտութեան Հոգին դարձեալ կ՚արթնցնէ մեր մէջ եւ աղօթքի հաւատարմութեամբ՝ մեզ նահատակաշունչ կը դարձնէ։
Այժմ տեսնենք նահատակաշունչ քրիստոնեայի մը յատկութիւնները, որոնք կը բխին Սուրբ Արքեպիսկոպոսին կեանքի օրինակէն։
Նահատակաշունչ քրիստոնեայի յատկութիւններն են՝ հաւատարմութիւնը, համբերութիւնը եւ հաստատութիւնը։
Նահատակաշունչը հաւատարիմ է՝ մկրտութեան խոստումներուն, որոնք հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ շնորհքներով օծուն են։
Հաւատարիմ ըլլալ, կը նշանակէ վստահութիւն եւ վստահելիութիւն, մտերմութիւն ու հաւաստիութիւն, պարկեշտութիւն եւ անկեղծութիւն, աննենգ ու չդաւաճանող միտք ունենալ։ Հաւատարմութենէն կը ծնի՝ բարի հաղորդակցութիւն մարդոց հետ եւ հաղորդութիւն Աստուծոյ հետ, ապա հասուն հաւատք եւ աննախանձ սէր։
Նահատակաշունչը համբերատար է՝ դժուարութիւններու ու դժուար անձերու դիմաց։
Համբերատար ըլլալ կը նշանակէ սպասելու, կրելու, դիմանալու, տոկալու եւ մանաւանդ հանդուրժելու կարողութիւնը զարգացնել։
Համբերութենէն կը ծնի ներողամտութիւն, որ կ՚առաջնորդէ ողորմածութեան։ Ներողը կ՚ըլլայ ողորմած։
Նահատակաշունչը հաստատ է՝ քրիստոնէական ընտրութեան եւ Աւանդին մէջ։
Հաստատ ըլլալ կը նշանակէ ամրութիւն ցոյց տալ, տոկունութիւն ձեռք բերել, ստոյգ եւ անխախտ միտք ունենալ, ժամանակի մէջ մնայուն կեցուածք որդեգրել, հաւատքի ճշմարտութիւններու մասին անդառնալի, անսասան, անդրդուելի ըլլալ, ապա նաեւ ապահովութիւն ներշնչել իր շուրջիններուն։
Հաստատութենէն կը ծնի ճշմարտասիրութիւնը։ Հաստատը ճշմարտախօս է, անոր մէջ չկայ ստութիւն։ Ճշմարիտութիւնը կը պարգեւէ խոր եւ աստուածային խաղաղութիւն։
Իսկ այս խաղաղութիւնը, այնպիսին չէ, որ աշխարհը կու տայ, այլ ա՛յն է, որ Յիսուս կու տայ, երբ մեր հոգեւոր աչքերով կը նայինք անոր աչքերուն։
Վարժութիւն ընենք մեր կեանքը նորոգելու ամէն օր եւ նմանելու մեր Սուրբին, ոչ անմիջապէս դէպի նահատակութիւն երթալով, այլ հաւատարիմ, համբերատար եւ հաստատ նահատակաշունչ կեանք մը ապրելով։
Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան
Առաջնորդ` Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ