Որոնել

2023.03.14 traffico esseri umani, tratta

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի և մտորումներու միջազգային Օրուան առիթով աղօթքի հսկում

Օրը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ` 2015ին եւ համայն աշխարհին մէջ կը յիշատակուի 8 Փետրուարին Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին օրը` Սրբուհին` որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառութեան համաշխարհային խորհրդանիշն է` արմատախիլ ընելու համար մարդավաճառութիւնը եւ արդի ստրկութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան -Վատիկան

Երեքշաբթի` 4 Փետրուար 2025ի կէսօրէ ետքը ժամը 5,30էն մինչեւ 7,30, Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի և մտորումներու միջազգային 11րդ Օրուան առիթով, որ պիտի յիշատակուի 8 Փետրուարին, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճարներէն Սանթա Մարիա ին Թրասթեվերէ տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի և մտորումներու միջազգային Օրուայ այս տարուայ բնաբանն է «Յոյսի դեսպաններ` միասին մարդավաճառութեան դէմ» եւ ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կոչէն «դառնալու խաղաղութեան ուխտաւորներ եւ յոյսի առաքեալներ»։

Օրը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ` 2015ին եւ համայն աշխարհին մէջ կը յիշատակուի 8 Փետրուարին Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին օրը` Սրբուհին` որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառութեան համաշխարհային խորհրդանիշն է` արմատախիլ ընելու համար մարդավաճառութիւնը եւ արդի ստրկութիւնները։

Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայ Սուտանցի երբեմնի ստրուկ մըն էր, որ ազատագրուելէ ետք դարձաւ կրօնաւորուհի, ու 2000 արժանացաւ Խորաններու պատուոյն։

Այս տարուայ համաշխարհային օրը կ՛ առաջարկէ գործնական գործողութիւններու միջոցաւ անդրադառնալ մարդավաճառութեան համաշխարհային սարսափելի իրականութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2025, 11:00