Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս-Պատրիարքը խստօրէն կը դատապարտէ Գերպ. Հ. Անանիա Ծ.Վ. Գուճանեանի սպանութեան ոճիրը եւ կը պահանջէ ոճրագործներուն արդար պատիժը
Խոր կսկիծով ու ցաւով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը խստօրէն կը դատապարտէ Գերպտ. Հ. Անանիա Ծ.Վ. Գուճանեանի սպանութեան ոճիրը՝ զայն համարելով բացայայտ յարձակում մը ոչ միայն անոր անձին դէմ, այլ նաեւ այն իսկական արժէքներուն դէմ, որոնց վրայ հիմնուած են Եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքը:
Գործուած մարդասպանութիւնը յարձակում մըն է սիրոյ ու ներումի սկզբունքներուն վրայ, որոնք կը կազմեն հիմքը մարդկային ընկերութեան:
Այս վատագոյն արարքը պիտի չ'անցնի առանց պատիժի, եւ ան սոսկ անցողական միջադէպք մը չէ, որ կ'ամփոփուի ու կ'աւելնայ ոճրագործութիւններուն ցանկին, այլ՝ կը մնայ որպէս վէրք մը մարդկութեան խղճին մէջ, մինչեւ արդարութիւնը վերականգնի եւ մեղաւորները համապատասխան պատիժը ստանան առանց որեւէ թոյլտուութեան:
Այս ողբերգական պատահածին առիթով՝ Ամենապատիւ Մինասեան Հոգեւոր Տէրը իր եղբայրական սրտակցութիւնը կը յայտնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Այնճարի, Զահլէի, Լիբանանի եւ համայն աշխարհի հայորդիներուն:
Լուսահոգի Գերպտ. Հ. Անանիա Ծ.Վ. Գուճանեան կորուստը անձնական չէ լոկ, այլ նաեւ հաւատքի ու ծառայութեան ոգիով ներշնչուած ձայնին առյաւէտ բացակայութիւնն է: Անո՛ր, որ լուսաբաշխ կանթեղն էր ի սպաս սիրոյ ու երկխօսութեան, ինչպէս ալ մեր Եկեղեցիին արժէքներով ու վարդապետութեամբ խորացած համոզումն էր:
Այս վշտակոծ օրերուն՝ կոչ կ'ուղղենք Հայ Եկեղեցիին զաւակներուն համախմբուելու սիրով եւ ամրանալու հաւատքով՝ երբեք թոյլ չտալով խաւարային ոյժերուն, որ ներթափանցեն անոնց սրտերը:
Մեր Եկեղեցին կը մնայ ամուր եւ կը վկայէ Յիսուս Քրիստոսի լոյսին, որ երբեք չի մարիր, ինչքան ալ թշնամիներուն անարդարութիւնը սաստկանայ:
Խունկ եւ աղօթք մեր Վարդապետին հոգիին՝ անթառամ յիշատակով: Ամէն:
Պէյրութ, 1 Փետրուար 2025
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ