Որոնել

2025.02.03 Festa della presentazione Gesu al tempio chiesa armena di Istanbul

Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւն Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Մայր Տաճար

Տեառնընդառաջ բառացիօրէն կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ, Աստուծոյ առջեւ կենալ, Աստուծոյ մօտենալ: Ղուկասու Աւետարանին համաձայն, Երուսաղէմի Տաճարին մէջ, Սիմէոն ծերունին և Աննա մարգարէուհին ընդառաջ եկան Յիսուսին (Ղկ 2,21-38):

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ 1 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Տեառնընդառաջի՝ նախատօնակին, Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ անդաստանօրհնէք ի յիշատակ մանուկ Յիսուսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման: Արդարեւ, Մովսիսական օրէնքը կը հրահանգէր. «Ամէն անդրանիկ մանչ զաւակ, որ իր մօր արգանդը կը բանայ, պիտի նուիրուի Տիրոջ» (Ել. 13,2): Նաեւ կ’ըլլար ծննդաբեր մօր «մաքրութիւնը»:

Տեառնընդառաջ բառացիօրէն կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ, Աստուծոյ առջեւ կենալ, Աստուծոյ մօտենալ: Ղուկասու Աւետարանին համաձայն, Երուսաղէմի Տաճարին մէջ, Սիմէոն ծերունին և Աննա մարգարէուհին ընդառաջ եկան Յիսուսին (Ղկ 2,21-38):

Յոյները Ե. դարէն սկսեալ կը տօնեն «Տեառնընդառաջ»-ը և զայն կը խորագրեն «Հանդիպում», քանի Սիմէոն «ծերունի»-ին եւ Յիսուս «մանուկ»-ին, ինչպէս նաեւ Աննա «ութսունչորս տարեկան այրիին» ու Մարիամ «Կոյսին» մէջ իրարու կը հանդիպին Հին Ուխտն ու Նոր Ուխտը:

Այն ժամանակ, Սիմէոն ծերունին կը գովերգէ Քրիստոսի աշխարհ բերած լոյսը. «Լոյս ի յայտնութիւն հեթանոսաց»: Քրիստոս աշխարհի լոյսն է, իսկ Մարիամ, մեր շարակնոցէն հռչակուած է «Մայր սուրբ սքանչելի Լուսոյն»: Իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալին կ'երգէ. «Լո՜յս, ի Լուսոյ ծագումն` Արեգակն արդար, անճառ Ծնունդ, Հօր Որդի, յառաջ քան զարեւ անուն քո գովեալ ընդ Հօր, ի ծագել լուսոյ առաւօտուս` ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»: Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն՝ Տեառնընդառաջով կը փակուի Ս. Ծննդեան և Յայտնութեան տօներու շրջանը:

Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւն Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Մայր Տաճար
Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւն Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Մայր Տաճար

Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեան նախագահեց աւանդական տօնախմբութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վաստակաւոր՝ Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիան, թեմական հայրեր, վարդապետներ, սարկաւագներ, դպիրներ ու հաւատացեալներ: Երեկոյեան ժամերգութիւնը ընթացք առաւ սաղմոսերգութեամբ, ապա «Լոյս Զուարթ»ով, քարոզով, մաղթանքով և «Լուր ձայնից մերոց» երկար աղօթքով, որմէ ետք «Համբարձի» սաղմոսն ու «Մարմնացեալդ ի Կուսէն նախայաւիտեան Բանդ» շարականը՝ եկեղեցական դասն ու դպրաց դասը եղանակեցին միաշունչ և միահամուռ: «Հայր գթած» աղօթքէն ետք, Գերապայծառ Զէքիան մոմեղինաց օրհնութիւնը կատարեց: Այնուհետեւ, եկեղեցական դասը գլխաւորութեամբ Գերապայծառ Վարդանին՝ թափօրով և տաղերգութեամբ յառաջացան դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ հնամենի անդաստանօրհնէքը: Սկիզբը՝ Աստուածաշնչեան ընթերցումներ եղան, որոնց յաջորդեց Ղուկասու Աւետարանի Մանկան Յիսուսի Տաճար ընծայման գեղեցիկ դրուագը: Իսկ երբ Սիմէոն ծերունին յայտարարեց «Լոյս ի յայտնութիւն հեթանոսաց», իսկոյն վառեցաւ բոցավառ կրակը, որով սկիզբ առաւ անդաստանօրհնէքը: Գերապայծառ Առաջնորդի, սարկաւագի և դպիրներու միջեւ կատարուած քարոզը, աղօթքը և երգեցողութիւնը մէջ ընդ մէջ՝ ստեղծեցին հիասքանչ հանդիսաւորութիւն մը, յատկապէս՝ ծնծղաներու թափահարումը:

Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւն Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Մայր Տաճար
Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւն Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Մայր Տաճար

Եւ յիրաւի՝ Անդաստանի պաշտօնը աշխարհիս օրհնութիւնը կը կատարէ Ս. Խաչով եւ Ս. Աւետարանով, յընթացս չորս կայաններու, ըստ երկրիս չորս կողմերուն: Հայ պատմաբաններու համաձայն, Անդաստանը հեթանոսական ժամանակաշրջանի պաշտամունքային աւանդոյթ է, եւ քուրմերու կողմէ կատարուած հնագոյն սրբազան պարերու արձագանգն է: Կրակ վառելու և կրակին շուրջ դառնալու հեթանոսական աւանդութիւնը իր մէջ կը պարփակէ հնագոյն ժամանակներէ եկած զանազան աւանդութիւններ, այսպէս օրինակ, նախատօնակի արարողութենէն ետք, ժողովուրդը մոմերով եկեղեցւոյ բակը կ’ելլէ ու կը վառէ խարոյկը, որ նախօրօք պատրաստուած կ’ըլլայ: Ժողովուրդի կողքին յատկապէս նորապսակներ կը հաւաքուին կրակին շուրջ: Բոցերու ճարճատումէն ետք, մեծ թէ փոքր, աղջիկ թէ տղայ կը սկսին ցատքել կրակին վրայէն, ուրախութեան բացագանչութիւններով: Կ’ըսուի, թէ երբ կրակը կը մարի, գիւղացիներ ափերով կրակի մոխիրէն իրենց հետ տուն կը տանին ու իրենց արտերուն մէջ կը ցանեն, որպէսզի տարին բարեբեր ըլլայ եւ կամ այդ մոխիրով ցեխ կը պատրաստեն ու իրենց տան տանիքը կը ծեփեն որպէսզի չարը հեռանայ այդ տունէն: Աւանդութիւնը կ’ըսէ նաեւ, որ նորապսակ հարսերն ալ կը ցատքեն կրակին վրայէն, որպէսզի ապագայ իրենց ծննդաբերութիւնը հեշտ ըլլայ իսկ ամուլ կիներ, այսինքն անոնք որոնք զաւակ չեն կրնար ունենալ, խարոյկի կրակով կ’այրեն իրենց փէշերը որպէսզի յղանան ու զաւակ ծնին: Ժողովուրդի ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը իր աւարտին կը հասնի, երբ կրակէն մէկական վառուած մոմերով մարդիկ տուն կը վերադառնան իրենց տան ճրագը կամ լապտերը վառելու, որպէսզի աստուածային լոյսը տիրող ներկայութիւն դառնայ ամբողջ տարուայ ընթացքին:

Այս հոգեպարար արարողութենէն ետք, հոգեւորական դասը Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարի թաղական մարմնի կողմէն հրաւիրուած էր ճոխ ընթրիքի մը Առաջնորդարանի «Կարդինալ Աղաճանեան» սրահին մէջ, որու ընթացքին տօնական մաղթանքներ և բաժակաճառեր տեղի ունեցան, ինչպէս նաեւ անմահն Կոմիտասի «Կանչէ կռունկ»ը և «Լեռներ Հայրենի» երգերը երգուեցան հայկական տուտուկի ընկերակցութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2025, 09:04