Եկեղեցական գիտելիքներ Ա Շաբաթ Յայտնութեան (12_ 19 Յունուար 2025)
Յայտնութեան Ա. Կիրակիի աւետարանը, կը ներկայացնէ Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ սարքուած հարսանիքը, ու Յիսուսի առաջին հրաշքը, զոր միայն չորրորդ աւետարանիչը` Ս. Յովհաննէս առաքեալը կը պատմէ մեզի: Քանիցս կարդացած ենք այս դրուագը, քանիցս մեկնաբանած ենք, որովհետեւ անոր մէջ տեսած ենք ամուսնական կեանքի գլխաւոր իմաստը եւ խորհուրդը:
Յիսուս ի՞նչ ուզեց մեզի սորվեցնել Կանայի հարսանիքին մասնակցելով:
Նախ եւ առաջ ուզեց օրհնել պսակը այր մարդուն եւ կնկան միջեւ, յիշեցնելով որ պսակը Աստուածային խորհուրդ է. Աստուած զայն ուզեց եւ օրհնեց: «Ինչ որ Աստուած միացուցած է, թող մարդ զայն ամենեւին չբաժնէ», ըսած է Յիսուս: Հետեւաբար անլուծանելիութիւնը Պսակի Խորհուրդի հանգամանքին գլխաւոր արդիւնքն է:
Ինչպէս որ գինին էական է բոլոր խնճոյքներուն եւ ուրախութիւններուն, նոյնպէս ալ սէրը հիմնական է, եւ կեդրոնն է ամուսնութեան խորհուրդին: Ասոր համար է որ Պսակի ատեն կը կարդանք Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ընթերցումը, ուր սուրբ Պօղոս կը թելադրէ այրերուն ըսելով. «Այրեր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները ինչպէս որ Քրիստոս սիրեց եկեղեցին, եւ իր անձը (կեանքը) նուիրեց անոր»:
Ինչ որ պատահեցաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին, կրնայ նաեւ պատահիլ որեւէ ամուսնութեան ընթացքին, որով կը սկսի խանդավարութեամբ եւ ուրախութեամբ, բայց այդ սկիզբի խանդավարութիւնը, ինչպէս գինին Կանայի հարսանիքին, ժամանակուայ ընթացքին մերթ ընդ մերթ կը սպառի եւ կը սկսին ըսուիլ թէ ընտանիքներուն մէջ սէր չկայ:
Հետեւաբար, Կանայի հարսանիքը կոչ մըն է զոյգերուն համար, որպէսզի Յիսուսը հրաւիրեն իրենց տուներուն մէջ եւ իրմէ խնդրեն որպէսզի կրկնէ Կանայի հարսանիքին հրաշքը` ջուրը գինիի վերածելու:
Երեքշաբթի 14 Յունուարին, Տօնն է Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի. որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ: Ան կոչուած է կարապետ որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան: Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15_ին կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը՝ զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը՝ Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք, կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն:
Հինգշաբթի 16 Յունուարին` տօնն է Սուրբ Պետրոսի, Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ իր օգնական` Աբիսողոմ Սարկաւագին։ Պետրոսը Աթանասի նախորդին նախորդն էր եւ հալածանքներու ընթացքին Աղեքսանդրիոյ հայրապետական աթոռին վրայ բարձրացաւ։ Ան ամէն ջանք թափեց պաշտպանելու համար իրեն յանձնուած հօտը հալածանքներու ժամանակ։ Պայքարեցաւ նաեւ Մելիտոսի դէմ որ նոր աղանդի մը դուռը կը բանար Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային` Արիոսի դէմ։ Անգամ մը աքսորուեցաւ, Մելիտոսի պատճառաւ, ապա ետ դարձաւ իր թեմը որ անտէր մնացած էր կայսերական հալածանքներու պատճառաւ։
Երբ Մաքսիմիանոս հազարապետը Աղեքսանդրիա եկաւ, Պետրոս արդէն բանտարկուած էր, քրիստոնէութեան պատճառաւ. Հռովմայեցի զինուորականը ուզեց զինք բանտէն հանել եւ գլխատել տալ, սակայն բոլոր ժողովուրդը պատնէշի նման կայնեցաւ բանտին առջեւ եւ չթողուց որ սուրբը դուրս հանուի։ Այն ատեն, հայրապետը ինք ուղարկեց իր հաւատարիմ սարկաւագը` Աբիսողոմ, որպէսզի խորհուրդ տար Մաքսիմիանոսի գիշերով գալ բանտը եւ պատը ծակելով` զինք դուրս հանել եւ տանիլ նահատակութեան վայրը. Ինչ որ կատարեց հազարապետը եւ սուրբը իր արիւնի հեղումովը ընդունեցաւ նահատակութեան պսակը 311-ին։ Աբիսողոմ եւս իր կարգին խոստովանական մահով կնքեց իր կեանքը։
Շաբաթ 18 Յունուարին, տօնն է Սուրբ Անտոն անապատականի. Կրնանք սեպել զինք Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը, 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին, 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու. Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ, այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին։ Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։
Կիրակի 19 Յունուարը՝ Բ. Կիրակին է Զկնի Յայտնութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ