Քահանայապետի 45րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան յիշատակումի մետալը Քահանայապետի 45րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան յիշատակումի մետալը 

Քրիստոնէութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելելիք երկիրներուն մէջ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2-էն, 13 սեպտեմբերի 2024ին, 45-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, կ՝այցելէ Ինտոնեզիան, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթէ ապա Սինկափուր՝ իր մօտիկութիւնը ու գուրգուրանքը յայտնելու յայտնելու համար ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2-էն մինչեւ 13 սեպտեմբերին 2024ին, 45-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս կ՝այցելէ Ինտոնեզիան, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթէ ապա Սինկափուր՝ իր մօտիկութիւնը ու գուրգուրանքը յայտնելու համար՝ ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներուն։

Սրբազան Հայրը նախ եւ առաջ պիտի այցելէ Ինտոնեզիան, 2էն-6 սեպտեմբերին։

Եկեղեցին Ինտոնեզիոյ մէջ

276 միլիոն բնակչութեամբ Ինտոնեզիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը մահմետական է՝ գրեթէ ժողովուրդին 90 տոկոսը կը հետեւի իսլամական կրօնքին ու աշխարհի իսալամական ամենամեծ երկիրն է։ Ինտոնեզեան բազմակրօն- բազմամշակոյթ եւ տարբեր ցեղերու ընկերութիւն է, զոր յատկանշուած է երկրին կարգախօսին մէջ «Տարբերութեան մէջ միութիւն»։

Ինտոնեզիոյ մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին աճած է ԺԹ դարուն շնորհիւ իր աւետարանումի առաքելութեան։ Այսօր երկրին մէջ կը հաշուեն գրեթէ 8 միլիոն հաւատացեալներ, գրեթէ ժողովուրդին երեք առ հարիւրը։ Տարբեր թեմեր ունեցող կաթողիկէ եկեղեցին ընկերութեան մէջ ճանչցուած ու գնահատուած է իր ընկերային, առողջապահական, կրթական ծառայութիւններով ու տեղւոյն տարբեր եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական երկխօսութիւնը զօրաւոր կապի մէջ է տրուած ըլլալով, որ երկրին մէջ քրիստոնեաներու փոքրամասնութիւն է։

Փափուա Նովա Կինէա

Փափուա Նովա Կինէայի մէջ աւետարանումի առաքելութիւնը սկսած է ԺԹ դարուն երբ Գրիգոր ԺԶ Պապը հիմնեց Մելանեսիոյի առաքելական առաջնորդարանը։ Երկրին մեծամասնութիւնը՝ ժողովուրդին 95 առ հարիւրը քրիստոնեայ է, գրեթէ բոլորը կը պատկանին բողոքական եկեղեցւոյ։ Իսկ Կաթողիկէ եկեղեցին հարուստ է իր միսիոնարներով ու երկրի մէջ կարեւոր դեր ունի իր կրթական, առողջապահական ընկերային գործունէութիւններով ու գրեթէ դպրոցներուն 70 առ հարիւրը մատակարարուած է քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ։

Եկեղեցին Թիմօր Լեսթի մէջ

Թիմօր Լեսթի մէջ աւետարանումը սկսած է ԺԶ դարուն ու Ասիոյ մէջ Ֆիլիփինէն ետք երկրորդ երկիրն է կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւով։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ այդ երկիրը այցելած է 1989 թուականին, դէպի հեռաւոր արեւելք, 44-րդ առաքելական առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։ 20 մայիս, 2002ին, անկախութիւնը հռչակելէ ետք, Սուրբ Աթոռի եւ Թիմոր Լեսթի հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական կապեր հաստատուելէ յետոյ Կաթողիկէ եկեղեցին ընկերութեան մէջ ունեցած է կարեւոր դեր, յատուկէն առողջապահական, կրթական, ոլորտներէն ներս։ Պետութիւնը կը ճանչնայ եւ կը գնահատէ եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը երկրի ազգային ազատութեան գործընթացէն ներս։

Սինկափուր 

Սինկափուրի մէջ եկեղեցւոյ ծագումը սերտօրէն կապուած է իրեն մօտիկ Մալեսիայի հետ՝ ուր առաջին միսիոնարները հասած են Փորթուկալէն ժԶ դարուն։ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Սավերիոյ հասած է Մալաքա՝ 1545ին ու 1558ին հիմնած է Կոայի թեմը։ Սինկափուրը բազմակրօն, բազմացեղ երկիր է, ու ժողովուրդին 33 հարիւրը Պուտիսթ է, 18 առ հարիւրը Քրիստոնեայ, 14 առ հարիւրը մահմետական։ Սինկափուր այցելած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը 1986ին, Սուրբ Աթոռի եւ Սինկափուր միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատումէն ետք։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2024, 07:53