Որոնել

2018.12.30 festa della sacra Famiglia, festività santa famiglia, Gesù, Giuseppe e Maria

Բ. Կիրակի Խաչէն ետք - Մարկոս 10, 1-12 - Ամուսնութիւնը շնորհք պարգեւող խորհուրդ մըն է

Մեր խնդրանքն է Տիրոջմէ որ մեր բոլոր ընտանիքներուն պարգեւէ հարկ եղած շնորհքը, որպէսզի իմաստութեամբ կառավարեն իրենց ընտանիքը, զայն պահելով միասնականութեան մէջ, որպէսզի ան ըլլայ սուրբ եւ անարատ եւ պահէ զիրենք կեանքի բոլոր խոչընդոտներէն. Ամէն:

             Քրիստոս կը նմանցնէ ընտնիքի կազմութիւնը նոր ստեղծագործութեան մը: Ան Աստուծոյ գործն է, ուստի տրուած չէ մարդուն Տիրոջ գործը փճացնել: Այր եւ կին իրար կը ծանօթանան, իրարու կը հաւնին եւ կ'որոշեն իրարու միանալ, այսինքն ամուսնանալ, որմէ յառաջ պիտի գան նոր հասարակութիւն մը, նոր ընկերութիւն մը, որ կը կոչուի ընտանիք, որմէ առաջ պիտի գան արարածներ որոնք գոյութիւն պիտի ստանան այս երկու անձերու գործակցութեամբ, սակայն Աստուծոյ ստեղծագործութեամբ, այն որ կը ներշնչէ հոգին ամէն նորածինի մարմինին մէջ:

            Եկեղեցին երբ բարցրացուց ամուսնութիւնը եւ զայն դասեց 7 խորհուրդներու շարքին, լիովին իրազեկ էր թէ ան աստուածային հաստատութիւն մըն է, շեշտուած եւ կատարելագործուած Քրոստոսի պատգամով, որով մարդ կը ստանայ շնորհքը Տիրոջ, որ կը ներգործէ իր մէջ, բոլոր կեանքին ընթացքին: Ամուսնութիւնը կը դասուի հաւասար մկրտութեան,  սուրբ Հաղորդութեան եւ քահանայական կարգին, որով կարելի չէ զայն ստորագնահատել, տրուած ըլլալով որ հաստաատուած է աստուածային իշխանութեամբ:

            Յիսուս երբ կ'ըսէ թէ երկուքը մէկ պիտի ըլլան, խորհրդաւոր ձեւով ամուսնութեան միութիւնը կը նմանցնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան միասնականութեան. Ինչպէս որ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին երեք անձեր ըլլալով հանդերձ՝ կը կազմեն մէկ աստուածութիւն, նոյնպէս ալ այրը եւ կինը՝ թէպէտ երկու տարբեր անձեր են, սակայն ամուսնութեամբ կը դառնան մէկ մարմին: Իսկապէս մեծ է այս խորհուրդը, ինչպէս որ կը բացագանչէ Սուրբ Պօղոս, երբ կու տայ հիմերը քրիստոնէական ամուսնութեան եւ բարոյական սկզբունքները քրիստոնեայ ընտանիքին:

            Մինչ միութիւնը Աստուծմէ կու գայ, բաժանումը կու գայ մարդոցմէ. Այն զոյգերը որոնք չեն յաջողիր պահել այս միասնակութիւնը իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին՝ չգտնելով Եկեղեցւոյ մէջ կարելիութիւնը զիրենք բաժնելու, կը դիմեն պետական հաստատութիւններու, որոնք գրեթէ աշխարհի երկիրներուն մէջ՝ սահմանած են օրէնքներ  ապահարզանի, որով աստուածային հաստատութիւն մը կը բաժնեն եւ կը քայքայեն այսպէսով ոչ թէ միայն ընտանիքի եւ ամուսնութեան հիմերը, այլ ամբողջ ընկերութեան մը հիմերը, որովհետեւ ամուսնութիւնը այն հաստատութիւնն է որ առողջ կը պահէ ազգի մը կառոյցը եւ պետութեան մը ամբողջ հիմնարկը:

            Բաժանումի հետեւանքները ծանր են բոլոր ընկերութեան համար. Մինչդեռ ամուսնութեան դժուարութինները աւելի դիւրաւ կրնային լուծումներ գտնել, բաժանումի յառաջ բերած բարդութիւնները կը թունաւորեն ոչ միայն բաժնուած ընտանիքը, այլ նաեւ գերդաստան մը եւ նոյնիսկ մարդկային համայն ընկերութիւնը: Աստուծոյ կազմած միութիւնը էական է շնորհաբեր մարդոց համար, իրենց բոլոր կեանքի ընթացգին, ի հեճուկս իրենց կրելիք բոլոր դժուարութեիւններու. Իսկ մարդուն թոյլատրած բաժանումը կը վնասէ մարդոց ու կը վտանքէ անոնց կեանքի բոլոր ընթացքը:

            Մեր խնդրանքն է Տիրոջմէ որ մեր բոլոր ընտանիքներուն պարգեւէ հարկ եղած շնորհքը, որպէսզի իմաստութեամբ կառավարեն իրենց ընտանիքը, զայն պահելով միասնականութեան մէջ, որպէսզի ան ըլլայ սուրբ եւ անարատ եւ պահէ զիրենք կեանքի բոլոր խոչընդոտներէն. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2024, 07:56