Որոնել

2021.11.10 XXXIII domenica ordinaria B - Gesù parabola del fico

Վազենք յաւիտենականին համար եւ ոչ թէ վաղանցուկին. (Մատթ. 24, 30 – 35) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

«Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ։ Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ՛արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է։ Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան»։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, համաձայն մեր Ծիսական տօնացոյցին, այսօր Կիրակի 29 Սեպտեմբեր կը սկսինք Խաչվերացի տօնէն ետք՝ երրորդ կիրակին, ինչպէս նաեւ այսօր կը զուգադիպի Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։

Լսեցինք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը զոր բաւականին լրջութիւն եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ մեզմէ սիրելիներ։

Կրկին ընթերցենք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը զոր քաղուած է Մտ. 24, 30 – 35։

« Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով։ Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։ Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ։ Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ՛արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է։ Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան»։

Մեկնելով մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն, ձեր առջեւ կը դնեմ երկու կարեւոր հարցումներ սիրելիներ.

1. Ապագային մեզի ի՞նչ կը սպասէ։

Պիտի ըսէք. «վարդապետ, այս բոլոր դժբախտ լուրերը լսելէ ետք, մեր աղօթքն է որ այս օրը անցնենք, որովհետեւ չենք գիտեր եթէ ապագայ պիտի ունենանք թէ ոչ...»։ Շատ ճիշտ է սիրելիներ, երբ կը լսենք այն ինչ որ կը պատահի մեր շուրջը՝ գրեթէ կը դառնանք մէկական յուսահատ եւ տխուր անձեր, բայց վայ եկեր է մեզի երբ այս տխրութիւնը եւ դժբախտութիւնը որ կ՛ապրինք այս աշխարհի վրայ, շարունակուի նաեւ մեր մահէն ետք։ Սիրելիներ, այսօր այնքան տարուած ենք այս բոլոր մեր շուրջը պատահածներէն ( չարին նպատակը այս է՝ մարդուս պահել անկայուն վիճակի եւ վախի մէջ, եւ դժբախտութիւնը այն է որ մարդս ընտրեց չարը՝փոխանակ Քրիստոս, եւ այդ պատճառով է որ այսօր ականատէս ենք այս բոլոր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն...) որ կը մոռնանք թէ մեզի կը սպասէ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը եւ Տիեզերական վերջին դատաստանը...եւ այդ պատճառով է որ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը մեզ զգուշացնելով կ՛ըսէ.

• «Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկնքի մէջ...»։ Միակ Իսկական եւ Ճշմարիտ նշանը (այսօր նշանները շատ են) եւ այդ մէկը պիտի կարողանամ տեսնել երբ արդէն իսկ արմատախիլ եղած եմ աշխարհիկ հոգերէն, փառք ու պատիւէն եւ ամէնակարեւորը՝ ունիմ խոնարհութիւնը, հեզութիւնը եւ հոգեւոր աչքերս բաց են։

• «աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան...»։ Պիտի ողբան որովհետեւ կամ՝ չհաւատացին, եւ կամ ալ ժամանակ չունէին աշխատելու իրենց հոգեւոր կեանքին վրայ...շատ զբաղ էինք անիմաստ նիւթերով, վաղանցուկ փառքերով եւ մեր կեանքը հիմնելով այս աշխարհին մէջ միայն։

• «Մարդու Որդին որ կու գայ ամպերու վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով...»։ Սիրելիներ, Քրիստոսի երկրորդ գալուստը բոլորս պիտի տեսնենք, աշխարհի չորս ծագերուն եւ միեւնոյն պահուն, որովհետեւ երկնքի եւ երկրի Տէրը այս անգամ կու գայ Իր փառքով եւ ոչ թէ աւանակի վրայ...կու գայ զատելու չարը՝ բարիէն եւ կատարելու արդար դատաստանը...հիմա է ողորմութեան եւ դարձի օրերը, քիչ ետք՝ կրնայ ուշ ըլլալ։

• Որովհետեւ, «Ան Իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի անոնք հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն...»։ Երբ Քրիստոս կրկին վերադառնայ աշխարհ, շատեր պիտի ըլլան ննջած վիճակի մէջ, իսկ ուրիշներ՝ արթուն։ Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ննջեցեալները պիտի գան կեանքի, իսկ արթունները՝ պիտի զարթնուն, պիտի արթննան իրենց աշխարհիկ եւ կուրցած վիճակէն...արդե՞օք տակաւին ուշ պիտի չըլլայ մաս կազմելու երկնքի ընտանիքին...եւ հոս է սիրելիներ որ կ՛անցնիմ երկրորդ հարցումին։

2. «Լաւ ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք թէ այս բոլորը երբ պիտի պատահին, եւ թէ իսկապէս պիտի պատահին, եւ կամ պարզապէս հէքեաթներ են»։

• Աւետարանը կ՛ըսէ. «թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ...», որովհետեւ անոր տերեւներէն կը հասկնանք թէ ամառը մօտ է ։ Շատ բնական է սիրելիներ որ մեր առջեւ թզենիի ծառ պէտք պիտի չունենանք որպէսզի հասկնանք թէ Քրիստոս երբ կու գայ, այլ մեզմէ խնդրուած է կարդալ եւ զգոյշ ըլլալ թէ աշխարհը ուր կ՛երթայ...այսօր աշխարհը ի՞նչ պտուղ կու տայ…չա՞ր թէ բարի…կը հասնի՞նք Սոթոմ եւ Գոմորի…այո եւ կարծեմ կամաց կամաց պիտի անցնինք ալ, բայց տակաւին աշխարհի վրայ եւ երկնքի մէջ ունինք յայտնի եւ անյայտ սուրբեր որոնք մեզ համար կը բարեխօսեն…յիշենք որ Ցորենը պիտի աճի եւ մեծնայ ու ապրի Որոմին հետ, բայց Քրիստոսի գալուստով, որոմները պիտի կրակ նետուին, իսկ ցորենները՝ պահեստանոց։

• Քրիստոս կ՛ըսէ. «գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է», այս մէկը կը նշանակէ թէ շատ ժամանակ կրնանք չունենալ դարձի գալու եւ ներողութիւն խնդրելու՝ նամանաւանդ այն բոլոր մեր առօրեայ հոգեւորով եւ հարցերով…զգոյշ, զգոյշ եւ շատ զգոյշ։

• Որովհետեւ «նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան» կ՛ըսէ Քրիստոս։ Սիրելիներ, այն ինչ որ այսօր կ՛ապրինք, արդէն իսկ ըսուած են երկու հազար տարիներ առաջ, կը բաւէ բանանք Աւետարանը եւ կարդանք բառ առ բառ...եթէ այն ինչ որ գրուած է ու այսօր կը պատահի, այս մեր խօսածները պիտի չպատահի՞ն ապագային…յիշենք որ չարը շատ զէնքեր ունի որոնցմէ է՝ կասկածը։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, թէեւ մեր այսօրուան մտածականը չի փակուիր, բայց փակելու համար, խնդրանքս եւ մաղթանքս է որ օգտուինք ամէն մէկ վայրկեանէն որ ունինք այս աշխարհի վրայ՝ մենք մեր անձերը քննելով եւ լաւ պատրաստուելով այն ապագային համար որ չի նմանիր այն ապագային՝ որուն ետեւէն բոլորս կը վազենք՝ հասնելու մեր ուզածին, եւ ետքն ալ այդ բոլորը՝ ուրիշներուն ձգելու։ Վազենք յաւիտենականին համար եւ ոչ թէ վաղանցուկին. Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2024, 08:00