Կարդինալ Աղաճանեանի վերադարձը Լիբանան, փառք ու պատիւ հայոց սրբալոյս հայրապետին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ճամբորդ եմ։ Օդանաւին մէջ կարդացի լիբանանեան Ալ Նահար թերթի մէկ յօդուածին տիտղոսը` «Կարդինալ Աղաճանեանի վերադարձը Լիբանան»։ Պահ մը մտածեցի եթէ տեղին էր այդպէս գրելը, բայց ետքը համոզուեցայ, որ ճիշտ էր եւ այդ մէկը պարզապէս իրականութիւն էր»։
Աստուծոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը երկար տարիներ ետք, Հռոմը կը լքԷր ու կը վերադառնար իր Պատրիարքական նստավայր` Լիբանան։
Ինիսուն տարիներ անցած են անոր Պէյրութ կատարած պաշտօնական այցէն եւ ահա 12 սեպտեմբերին, անոր աճիւնները, անփուտ մարմինը պարունակող դագաղը, MEA օդանաւային ընկերութեան թռիչքով կը վերադառնար Լիբանան, ընկերակցութեամբ Կարդինալ Աղաճանեանի յաջորդներէն` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանին, որուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր փոխադրումի հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Դէպի Լիբանան
Օդանաւին մէջ պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հայր Քարլօ Քալլոնի` որ Աղաճեանեաի սրբադասման դատին Խնդրարկուն է եւ անոր օգնական` Հայր Անթուան հատտատը, երկուքն ալ Քափուչին միաբանութենէն, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւորը` Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վ. Գոյումճեան եւ Ծիրանաւորի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբի պատասխանատու` տիկին Ալեսսանտրա Սքոթթօ։
Հայ օդաչուները
Հետաքրքրականը այն էր, որ օդաչուներն ալ հայ ազգի զաւակ Յակոբ Նիկոլեան եւ Յարութ Արթինեանն էին, առաջինը գլխաւոր օդաչու եւ երկրորդը օգնական։ Առ այդ Կարդինալ Աղաճանեանը մինակ չէր իր այս Լիբանան վերադարձի ճանապարհին վրայ, իր հետ էին իր հայրենակիցները։
Վերջին այս օրերուն շատ կարդացի եւ հետեւեցայ Լիբանանի եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար շատ կարեւոր այս իրադարձութեան նուիրուած լուրերուն։
Լսեցի վկայութիւններ, պատմութիւններ, խօսակցութիւններ ունեցայ տարբեր անձերու հետ, սակայն երբեք չէի մտածած թէ բախտը պիտի ունենայի իմ կարգիս վկայ դառնալու պատմական այս եղելութեան։
Աննախադէպ իրողութիւն
Շատ քիչ անգամ պատահած է, որ սրբակեաց անձի մը դիակը փոխադրուի մէկ երկրէն միւսը, յատկապէս երբ կը հայի Եկեղեցւոյ Իշխանի մը` կարդինալի մը, որուն սրբադասման դատը ընթացքի մէջ է։
Աղաճանեան եղած է հայ ազգի պանծալի զաւակներէն մին, իր խոնարհութեամբ ու հեզ նկարագիրով, բայց նաեւ վիթխարի հմտութիւններով ու կարողութիւններով։ Արժանացած է դառնալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր եւ նոյնիսկ Քահանայապետութեան թեկնածու։ Վարած է Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչի պաշտօնը` (1960-1970), որ այդ շրջանին Քահանայապետութենէն ետքը ամենակարեւոր ու ծանր պատասխանատուութեամբ պաշտօններէն մին էր, Վատիկան քաղաք-պետութեան մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ տակաւին գոյութիւն չունէր Պետական Քարտուղարութիւնը, որ այսօր կը զբաղի դիւանագիտութեամբ եւ «քաղաքական» այլ հարցերով։
Խունկ ու պատիւ մեծանուն հայրապետին
Կարդինալ Աղաճանեանը մեծարելը անոր մահուընէ 53 տարիներ ետք, ոչ միայն պարտքն է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն, պարտքն է համայն հայութեան, ու նաեւ Լիբանանցիներուն ու բոլոր անոնց` որոնք զինք ճանչցան ու վայելեցին անոր բարիքները։
Ճամբորդութիւնը` որ տեւեց գրեթէ երեք ժամ անցաւ հեզասահ, որուն ընթացքին յաճախ մտածումս գնաց մեր ճանապարհորդակիցին։ Ես ինծի Հարց կու տայի թէ ի՞նչ կարող էր մտածել Ինք, թէ ինչպիսի զգացումներ կարող էր ունենալ մինչ կը վերադառնար իր չարչարուած ու փոթորիկներուն մէջ ապրող հօտին մօտ։ Այս հարցումիս պատասխանը պիտի գտնեմ գուցէ աւելի ուշ։
Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան ժամանում
Լիբանանի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան մեր ժամանումին, Երջանկայիշատակ Աստուծոյ Ծառային դամբանը ունեցաւ պատուաւոր պաշտօնական հիւրընկալութիւն, ինչպէս վայել է բարձրաստիճան անձնաւորութեան մը, ու օդանաւի ոտքին յատուկ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ, պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, օդակայանի պաշտօնական ընդունելութեան սրահ, ուր ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսներ ու կղերական դասի անդամներ, Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։
Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը նախագահութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, հուսկ բոլորը ուղղուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր նախատեսուած էր Աստուծոյ ծառայ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ-ին ի պատիւ պաշտօնական հիւրընկալութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 3000 աւելի հաւատացեալ, լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներէն, բացի Լիբանանի հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներէն, քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներէն ու քոյր եկեղեցիներու հովուապետերէն ու նաեւ մահմետական համայնքի առաջներորդներէն։
Պէյրութի Նահատակներու հրապարակ
Արարողութեան սկիզբը Երջանկայիշատակ Աղաճանեան Կարդինալին դամբանը ամպիոն բերուեցաւ թափորով։ Զայն շալկած էին 12 անձ` որոնք կը պատկանէին Լիբանանի զանազան կրօնական համայնքներուն, ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ իսլամ, եւ հաղորդավարի բացման խօսքէն ետքը, ներկայացումը կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Կարդինալին պատկերասփռուած կենսագրականին։
Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան Բանակի նուագախումբը, նախ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգերով ապա հայկական ու լիբանանեան շարականներով ու երգերով որոնց շարքին յիշենք, «Դու ես Քահանայ յաւիտեան, «Ամէն հայի սրտին բխած» եւ Կարդինալ Աղաճանեանին սրտին խօսող «Կիլիկիա»ն։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանին խօսքը
Խօսք առաւ ապա Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան։
«Խօսքս կը սկսիմ Աստուծոյ Ծառայ, կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի վերջին խօսքերով, երբ ան ըսաւ. «Ես ծարաւ եմ և ծարաւ եմ ձեր Սրբութեան, սիրելինե՛րս», այո, ասոնք էին անոր վերջին խօսքերն ու մաղթանքները մեզի համար իր այս աշխարէն հեռանալէն առաջ՝ 53 տարիներ առաջ» ըսաւ Մինասեան Պատրիարքը խօսքին սկիզբը ակնարկելով ապա Լիբանանին ապրած դժուար օրերուն ու անոր շրջապատող վտանգներուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ընթացքին ստանձնուած այն մեծ պատասխանատուութեան Լիբանան բերելու Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանի մարմինը։
«Մենք զայն բերինք վեհ նպատակի համար, և եթէ ան հայ է, ապա ազգութեամբ լիբանանցի է և առաջին լիբանանցի ականաւոր գործիչներէն է, որ ունեցած է դիւանագիտական անձնագիր 1943 թուականին՝ անկախութեան տարուան առիթով» ըսաւ ի միջի այլոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ աւելցնելով, որ Կարդինալ Աղաճանեանին մարմինը Լիբանան բերելը նպատակ ունի նաեւ «աշխարհին ցոյց տալու մեր համաստուածութիւնը, համերաշխութիւնը և փոխադարձ սէրը բոլոր կողմերու միջև»։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն սկսելով իշխանութիւններէն ապա հայցեց Աստուծոյ Ծառայ կարդինալ Աղաճանեանի բարեխօսութիւնը մատնանշելով նաեւ թէ ինչպէս ինք իր քահանայական կոչումը եւս կը պարտի Ծիրանաւորին, ապա նշեց թէ բոլոր կողմերու եւ կրօններու համախմբումը ապացոյց է այն ցանկութեան թէ բոլորն ալ կը փափաքին քաղաքական հաշտեցում, համակեցութիւն և եղբայրութիւն։
«Այսօր, երբ Տիրոջ Ծառայ, Պատրիարք Կարդինալ Աղաճանեանը մեծ պատիւով իր հայրենիքը կը վերադառնայ եւ ձեր առջև է, ես անորմէ կը խնդրեմ իմ և ձեր անունով, որ մեզի շնորհէ արդար և ցանկալի խաղաղութիւնը, մեզի տայ իր օրհնութիւնը...օրհնէ մեզի .որպէսզի Իր շնորհքով վերադառնանք մեր խղճին և նուիրուինք մեր հոգևոր, նիւթական և ազգային պարտքին» հայցեց ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանը մաղթելով որ հայրենիք` Լիբանանը, վերադառնայ իր գեղեցկութեան, սիրուն ու շքեղութեանը, իր սահմանադրական մարմինով, ընտրելով նախագահ, պետութիւն, տնօրինութիւն և դատական իշխանութիւն, համոզմունք յայտնելով, որ «այս տօնակատարութիւնը երբեք անպտուղ պիտի չմնայ»։
Ռայի Պատրիարքի եւ Լիբանանի Վարչապետի ելոյթները
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքէն ետք խօսք առաւ նաեւ Մարոնի Համայնքի Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռային որ մեծարելով Աղաճանեան կարդինալը, իր անձնական վկայութիւնը տուաւ անոր մասին տրուած ըլլալով որ ինք անձամբ ճանչցած էր զինք ըլլայ Լիբանանի մէջ ըլլայ Հռոմ` Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին։
Ելոյթներուն փակումը կատարեց Լիբանանի Վարչապետ Նաժիպ Միքաթի որ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Կաթողիկէ համայնքին ու անոր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ իր կարգին մաղթեց որ Կարդինալ Աղաճանեանի Պէյրութ փոխադրումը ըլլայ խթան գործելու յանձնառութեամբ ի շահ լիբանանի պետականութեան եւ կարելի ըլլայ ընտրել նախագահ մը։
Ամփոփում Սուրբ Եղիա - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ
Նահատակաց հրապարակի վրայ արարողութիւնը վերջ գտաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Գրիգոր Եպիսկոպոսի եզրափակիչ խօսքով որմէ ետքը երջանկայիշատակ երանաշնորհ կարդինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափորով փոխադրուեցաւ Սուրբ Եղիա - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի ու զետեղուեցաւ այս առիթով պատրաստուած նորակառոյց շիրիմին մէջ, առիթը տալով հաւատացեալներուն մօտէն տեսնելու զայն ու պահ մը աղօթելու անոր դամբանին առջեւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ