Քահանայ, ձեռնադրութիւն Քահանայ, ձեռնադրութիւն  (Radio Fara tv)

«Քրիստոնեայ հաւատացեալը եւ քահանայական կոչումի խնդիրը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Քահանայութեան կարգով Աստուած մարդուն տուաւ այնպիսի կոչում մը, որու հաւասարը չկայ երկրի եւ երկնքի մէջ: Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ ոչ ոք կրնար Աստուծոյ բնակած լերան մօտենալ եւ կամ դպչիլ եւ ողջ մնալ:
Ունկնդրէ լուրը

Խօսելով քահանայութեան մասին Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան կը գրէ՝ « թէեւ քահանայական պաշտօնը հաստատուած է երկրի վրայ, սակայն եւ այնպէս ան կը համարուի երկնայիններուն հետ: Որովհետեւ ոչ մարդկային զօրութիւն, ոչ հրեշտակային ուժեր եւ ոչ ալ որեւէ այլ զօրութիւն մը հաստատեց այս առաքելութիւնը: Ո՞վ կրնայ համոզել մարդ արարածը նման պաշտօնի մը, որով ան կարենայ համարձակիլ երկնայիններուն հետ կանգնելու եւ 'Կեանք' բաշխելու մարդկութեան» ( Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան՝ Քահանայութեան Մասին):

Քահանայութեան կարգով Աստուած մարդուն տուաւ այնպիսի կոչում մը, որու հաւասարը չկայ երկրի եւ երկնքի մէջ: Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ ոչ ոք կրնար Աստուծոյ բնակած լերան մօտենալ եւ կամ դպչիլ եւ ողջ մնալ:

Քահանան սակայն ոչ միայն կը մօտենայ Աստուծոյ բնակարանին, այլեւ համարձակութիւնը ունի Քրիստոս իր մատներով բռնելու եւ զայն հաւատացեալներուն բաշխելու: Առանց քահանայութեան խորհուրդներ չկան. առանց խորհուրդներու եւ յատկապէս Ս. Պատարագի քրիստոնէութիւն չկայ: Այսքան կարեւոր է քահանայութեան դերը:

Ներկայիս սակայն կ'ապրինք կոչումներու տագնապ: Քահանաներու թիւը հետզհետէ կը նուազին աշխարհի մէջ:

Ահաւասիկ արդէն ամարը կամաց կամաց իր աւարտի կը մօտենայ եւ կրթական տարեշրջանը արեւը իր շողերը կը սկսի արձակելու: Ժամանակն է, որ քրիստոնեայ ծնողներ ինչպէս որ կը մտահոգուին իրենց զաւակներուն դպրոցական եւ կրթական կարիքներով, նմանապէս նկատի ունենան քահանայութեան կոչումը իրենց մտքերուն մէջ: Ոչ միայն իրենց զաւակներուն համար, այլ նաեւ ընդհանրապէս կոչումներ փնտռելու առաքելութիւնը իրենց ուսերուն վրայ առնեն: Եկեղեցին ինքն է խորհուրդները հայթայթողը, որոնց միջոցով մարդ արարածը դէպի փրկութիւն կ'առաջնորդուի: Կոչումներու խնդիրը ոչ միայն եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է, այլեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեային, որ կը գիտակցի խորհուրդներու կարեւորութեան:

Հետեւաբար աղօթենք եւ աշխատինք, որպէսզի Աստուած նոր կոչումներ յառաջացնէ եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս Տէր Յիսուս ըսաւ՝ « Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ: Աղօթեցէք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ հանէ գործելու համար Իր արտին մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2024, 07:57