2024.02.24 Chiusura Ricognizione Canonica Servo di Dio Cardinal Agagianian

Աւարտեցաւ Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի աճիւններուն կանոնական հետախուզութիւնը։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սեղմ շրջանակի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եպիսկոպոսներուն, Հռոմի եկեղեցական ատեանին անդամներուն, որոնց ընկերացած էին մասնագէտ բժիշկներ, ինչպէս նաեւ Հռոմի հայ համայնքին անդամներուն։
Ունկնդրէ լուրը

«Ես կոյր եմ, այլեւս ոչինչ կը տեսնեմ եւ պիտանի չեմ, սակայն երբ աչքերս ընդմիշտ փակեմ, այն ժամանակ ես պիտի կարենամ ձեզի օգնել»։

23 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ֆրանկիսկոս Սրբազան Պապին քահանայապետութեան ԺԱ. տարին, աւարտեցան Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի աճիւններուն կանոնական հետախուզութիւնն ու կնիքներուն զետեղումը փայտէ դագաղին վրայ, որ կը պարունակէ բիւրեղեայ մասնատուփ մը. անոր մէջ զետեղուած են Աստուծոյ Ծառային մասունքները, որոնք մեծ բարեպաշտութեամբ տեղադրուած էին Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցիին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մատուռին մէջ։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սեղմ շրջանակի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եպիսկոպոսներուն, Հռոմի եկեղեցական ատեանին անդամներուն, որոնց ընկերացած էին մասնագէտ բժիշկներ, ինչպէս նաեւ Հռոմի հայ համայնքին անդամներուն։

Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին աճիւննները պարունակող դագաղը
Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին աճիւննները պարունակող դագաղը

Արարողութեան ընթացքին ստորագրուեցան աճիւններուն հետախուզութեան պաշտօնական փակման փաստաթուղթերը։

Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կաթողիկոս- Պատրիարքին սրբադասման դատին ծիրէն ներս, 20 Հոկտեմբեր 2023-ին, աճիւններուն գծով սկիզբ առած հետախուզութեան աւարտով եւ արդիւնքով՝ կը հաստատուին Աստուծոյ Ծառային աճիւններուն վաւերականութիւնը, ինչպէս նաեւ լաւ պահպանուած վիճակը, որ կարեւոր քայլ է Աստուծոյ Ծառային երանացման եւ սրբադասման դատին յաջողութեան։

Հոս կարեւոր է ընդգծել, որ քանի Ս. Եկեղեցին պաշտօնական յայտարարութիւն մը տակաւին չէ կատարած Աստուծոյ Ծառային սրբութեան վերաբերեալ, հրապարակաւ կարելի չէ մեծարել անոր աճիւնները։

Աստուծոյ Ծառային մարմնին պահպանումը յարգանքի առարկայ է ու շօշափելի նշան՝ անոր հոգիին եւ ուսուցումին, ինչպէս ալ մեր մէջ անընդհատ ներկայութեան եւ անոր հանդէպ մեր մեծարանքին ու ջերմեռանդութեան արարք։

Արդարեւ, անցնող ամիսներուն, Ծիրանաւորին աճիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը կ’արտացոլան յարգանքը, երախտագիտութիւնն ու սէրը, զորոնք շատեր ունեցան անոր նկատմամբ։

Եւ քանինե՜ր շնորհքն ունեցան անոր օգնելու իր կեանքին վերջին պահերուն եւ լսելու անոր սրտէն բխած խօսքը, թէ ինքը ծարաւի է ո՛չ թէ ջուրին, այլ՝ հոգիներու սրբութեան, աւելցնելով.«Ես կոյր եմ, այլեւս ոչինչ կը տեսնեմ եւ պիտանի չեմ, սակայն երբ աչքերս ընդմիշտ փակեմ, այն ժամանակ ես պիտի կարենամ ձեզի օգնել»։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 13:31