Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Ե Մաս

Հաղորդաշար (42) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յոյ­նե­րը յու­զող ին­նե­րորդ խն­դի­րը՝ Ս. Պա­տա­րա­գին ըն­ծա­յա­բե­րուած գի­նիին մէջ ջուր չխառ­նելն է։ «Գ­րու­թեան մէջ մեր մա­սին գրուած է նաեւ այս՝ որ միայն գի­նիով, առանց ջուր խառ­նե­լու պա­տա­րագ կը մա­տու­ցա­նեն։ Իսկ ասոր նկատ­մամբ՝ շատ բան կար ըսե­լու սուրբ գր­քե­րու վկա­յու­թեամբ, բայց խօսքս հա­մա­ռօ­տե­լու հա­մար, բա­ցի քա­նի մը հա­տէն, աւե­լորդ հա­մա­րե­ցայ ամէ­նը մէջ­բե­րել»։ Շնոր­հա­լի այս­պէս կը սկ­սի իր կուռ բայց ջախ­ջա­խիչ ընդ­դի­մա­խօ­սու­թիւ­նը, փաս­տար­կում­նե­րու երեք խմ­բա­ւո­րու­մով. աւան­դու­թիւն, աս­տուա­ծա­շունչ եւ սուրբ հայ­րեր։

­Սուրբ Ներ­սէս կը բա­ցատ­րէ թէ աւան­դու­թեամբ մե­զի հա­սած է պա­տա­րա­գին միայն անա­պակ գի­նի օգ­տա­գոր­ծե­լը։ Աւան­դու­թիւ­նը՝ բնա­կա­նա­բար սե­փա­կան եկե­ղեց­ւոյ գանձն է՝ փո­խան­ցուած մեր հայ­րե­րէն եւ յատ­կա­պէս հա­ւատ­քի հօր՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չէն, «ինչ­պէս ինքն ստա­ցաւ նախ­նի սուրբ հայ­րե­րէն, որ իր­մէ առաջ կային»։ Այս վեր­ջա­բա­նով Շնոր­հա­լի՝ հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թիւ­նը կը հասց­նէ մին­չեւ Առա­քեալ­նե­րը եւ կ՚անց­նի յա­ջորդ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան խում­բին։

Վ­կա­յա­կո­չե­լով աս­տուա­ծաշն­չեան Նոր Կտա­կա­րա­նը կը հաս­տա­տէ թէ վեր­նա­տան մէջ «ջու­րի անու­նը բնաւ եր­բեք չի յի­շա­տա­կուիր» Քրիս­տո­սի խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան հա­մար։ «Ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տոս ալ, որ վեր­նա­տան մէջ ինք­զին­քը խորհր­դա­ւոր պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նեց, գրուած է թէ միայն գի­նի առաւ ձեռ­քը եւ ըսաւ. Այս է իմ արիւնս... ինչ­պէս որ խոր­հուր­դը կա­տա­րե­լէ ետք կր­կին ըսաւ. Այ­սու­հե­տեւ որ­թա­տուն­կի բեր­քէն բնաւ պի­տի չխ­մեմ։ Իսկ որ­թա­տուն­կը գի­նի կը ծնի եւ ոչ թէ ջուր, ինչ­պէս Յով­հան Ոս­կե­բե­րանն ան­գամ կը գրէ աւե­տա­րա­նի մեկ­նու­թեան մէջ»։ Այս խօս­քե­րով Շնոր­հա­լի կը վկա­յա­կո­չէ յոյ­նե­րէն յար­գուած եւ սի­րուած Ոս­կե­բե­րան հայ­րա­պե­տը, իր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան տա­լով ադա­ման­դեայ ամ­րու­թիւն, եւ զի­նա­թա­փե­լով յոյ­նե­րը։

Ապա Շնոր­հա­լի կ՚անց­նի սուրբ հայ­րե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս փաս­տարկ­նե­րու եր­րորդ խումբ, ըմ­բե­րա­նե­լու հա­մար յոյ­նե­րը, որ կը պն­դէին թէ պա­տա­րա­գի բա­ժա­կին մէջ ջուր խառ­նե­լու աւան­դու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի կո­ղէն հո­սող արիւ­նը եւ ջու­րը հիմք ու­նի։ Շնոր­հա­լի մեծ դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ իրենց հռ­չա­կա­ւոր հայ­րա­պե­տի խօս­քե­րը մէջ­բե­րե­լով կը գրէ. «այս ալ նոյ­նին­քն Յով­հան Ոս­կե­բե­րան՝ Յով­հան­նէ­սի գրած աւե­տա­րա­նին այս խօս­քի մեկ­նու­թեան մէջ՝ ջու­րը մեր մկր­տու­թեան որ­պէս խորհր­դա­նիշ կը ներ­կա­յաց­նէ, իսկ գի­նին՝ սուրբ պա­տա­րա­գի»։

Ս. Ներ­սէս կը գրէ թէ եկե­ղեց­ւոյ բազ­մա­թիւ վար­դա­պետ­ներ նոյ­նը կը հաս­տա­տեն եւ մենք կը հե­տե­ւինք անոնց խօս­քին, աւան­դու­թեան եւ Սուրբ Գր­քին, «այդ պատ­ճա­ռով ջուր չենք աւելց­ներ, այլ անա­պակ գի­նիով Քրիս­տո­սի անա­պա­կան արեան խոր­հուր­դը կը կա­տա­րենք»։­

Ու­շագ­րաւ է այս խնդ­րի մա­սին Շնոր­հա­լիի եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը, որ խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան եւ միաժա­մա­նակ ար­ժէ­հա­մա­կար­գի էա­կանն ապա­հո­վե­լու մի­տող ող­ջա­միտ սկզ­բունքն է, որ հե­տե­ւեալ բա­ռե­րով կ՚ար­տա­յայ­տէ. «Բայց ըլ­լայ այս­պէս կամ այն­պէս, մա­քուր հո­գիով պէտք է միայն սպա­սա­ւո­րել աս­տուա­ծային Խոր­հուր­դին, եւ ամէն բան կա­տա­րուի Աս­տու­ծոյ բա­րե­հա­ճու­թեան հա­մա­ձայն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2023, 08:23