Ի՞նչ հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ (Ղուկաս 19, 11-28)
Ամէն տարուայ վերջը, հարկ է որ նստինք եւ հաշիւը տանք մեր աշխատանքին բոլոր տարուայ ընթացքին: Ինչպէս առակին տէրը գումարներ կը յանձնէ իր ծառաներուն, որպէսզի զանոնք պտղաբերեն տարւոյն ընթացքին, նոյնպէս ալ մեր երկնաւոր Տէրը մեզ ստեղծած պահուն մեր մէջ դրած է զանազան տաղանդներ, զորս պէտք ենք օգտագործել մեր կեանքի ընթացքին:
Ի՞նչ են այդ տաղանդները: հաշուենք հոս անոնցմէ մի քանին:
Նախ` մեր կեանքն է, մեր առողջութիւնը, մեր բախտաւորութիւնը լաւ ընտանիքի մը մէջ ծնած ըլլալու համար, առողջ դաստիարակութիւն մը ստացած ըլլալու համար: Սակայն օգտագործեցի՞նք արդեօք այս բարեմասնութիւնները օգտակար դառնալով ուրիշներու, որոնք մեզի չափ օժտուած չէին եւ կարգ մը առաւելութիւններ կը պակսէին իրենց։
Ապա` մեր խելքն է, մեր իմացականութիւնը, մեր բոլոր մտաւոր եւ հոգեւոր բարեմասնութիւնները, մեր ձայնը, երաժշտական կամ արուեստական զանազան ձիրքերը. կրցա՞նք արդեօք զանոնք օգտագործել նաեւ ուրիշներու ի նպաստ, թէ մի միայն մենք մեր անձին ու շահերուն մտածեցինք անոնց օգտագործումին մէջ:
Նման այդ երրորդ ծառային, կրնանք ամէն ինչ վերապահել միայն մենք մեզի. Անձն իմ, անբաւ հարստութեան տէր ես, ունիս խելք եւ առողջ կեանք, պէտք չունիս ուրիշներուն, դուն քեզ ապահովէ եւ մոռցիր շուրջիններդ, կեր, խմէ եւ զուարճացիր որքան կրնաս։ Տէրը մեզ խստօրէն պիտի յանդիմանէ այս ընթացքին համար եւ պիտի դատապարտէ մեզ, որովհետեւ մեր տաղանդները չօգտագործեցինք ուրիշներուն բարիք ընելու համար, մեր ունեցածները չկիսեցինք ուրիշներու եւ մանաւանդ կարօտեալներու հետ, այլ` անձնասիրութեամբ, զանոնք պահեցինք մենք մեզի համար միայն։
Մօտօրէն կը մտնենք նոր տարուան մէջ, եւ արդէն հին տարուան վերջին օրերը կ՛ապրինք։ Ժամանակն է մտածելու եւ շատ լրջօրէն խորհրդածելու մեր անցած տարուան կեանքին վրայ, լաւ ուսումնասիրելով թէ ինչ բանի մէջ թերացած ենք, ինչ կը պակսի մեզի որպէսզի հասնինք կատարելութեան։
Ժամանակն է նաեւ որ առաջադրութիւններ առնենք եկող տարուայ համար, որպէսզի գէթ արժանի ըլլանք պահելու եւ պահպանելու մեզի տրուած աւանդը եւ որոշ չափով` արժանիք մը ստանալու Տիրոջ աչքին։
Նախ հարկ է որ յառաջանանանք եղբայրսիրութեան մէջ. Եթէ այս կէտին մէջ յաջողութիւն արձանագրենք, արդէն մեծաքայլ յառաջ ընթացած կ՜ըլլանք հոգեւոր եւ բարոյական մարզերէն ներս։
Երկրորդ` նկատի առնելու ենք թէ ամէն մարդ եկած է աշխարհ որոշ ծրագրի մը իրագործման համար։ ուստի պրպտելու եւ գիտնալու ենք թէ ինչ է Աստուծոյ ծրագիրը մեզի համար եւ ըստ այնմ ապրելու ենք մեր կեանքը, Աստուծոյ կամքին համընթաց։ Ահա շատ կարեւոր քայլ մը որ Տիրոջ ուրախութիւն պիտի պատճառէ եւ մեզի դառնալով` պիտի ըսէ. Ապրիս հաւատարիմ ծառաս, եկուր հետս թագաւորէ եւ կարեւոր որոշումներ առ քու եւ ուրիշներու կեանքին մասին։
Ի վերջոյ, մեր խելքը մեզ կը դասէ անասուններէն վեր. Ուստի եւ մեր կեանքը չի կրնար վերածուիլ միայն ուտելու, խմելու եւ զուարճանալու մէջ։ Մենք աւելի բարձր եւ հոգեկան նպատակներ հետապնդելու ենք, Աստուծոյ ծրագիրը փնտռելով։ Ամէն։
Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ