Կարդինալ Ծուփփի «Անշարժ չմնալ պատերազմին դիմաց, որ սարսափելի բորոտութիւն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովին ծիրէն ներս, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին, Ասսիզզի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նուիրուած տաճարին մէջ մատուցանեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ շեշտը դրաւ պատերազմի վտանգին վրայ «Սարսափելի բորոտութիւն մը, որ կը սպառէ մարդոց եւ ժողովուրդներու մարմինը որոնց կը ստիպէ կորսնցնել իրենց հոգին, այնքան որ անոնք ի վիճակի չեն սիրելու, յատկանշուած ատելութեամբ, բռնութեան վէրքերով»։ Կարդինալ Ծուփփին կոչ ուղղեց ազատուելու հակամարտութիւնը սնուցող վտանգաւոր բեւեռացումներէն եւ համոզմունքով, խելամտութեամբ եւ ուժով ընտրել միակ կողմը որ է խաղաղութիւնը։
Խաղաղութեան շինարարական աշխատանքներու վայրին մէջ կարելի չէ միայն նայիլ։
Կարդինալ Ծուփփի նշեց, թէ«Ատելութիւնը, լոկ ատելութիւն կը յառաջացնէ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն երբեք պիտի չբերէ եւ Խաղաղութեան աշխատանքներուն վայրերուն մէջ տեղ կայ բոլորին, իւրաքանչիւրը ունի իր տեղը։ «Տէրը մեզմէ կը խնդրէ որ անշարժ չմնանք բռնութեան դիմաց, այլ համոզմունքով ըլլալ խաղաղութեան ստեղծիչներ։
Ակնարկելով ապա աշխարհի մէջ բռնոկուած հակամարտութիւններուն, որոնք կը ներգրաւեն միլիոններով մարդիկ՝ Սուրբ Երկրի, Ուքրանիոյ եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը յորդորեց սեփականացնել այն մայրերու աղաղակը, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կը ողբան իրենց զաւակներուն համար»։
Կարդինալ Ծուփփին մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին խօսքը խաղաղութեան վերաբերեալ։
«Չկայ խաղաղութեան առանց խաղաղութեան հանդէպ կրքոտ սէրի։ Խաղաղութիւնը կը սպասէ իր ստեղծիչներուն։ Ձեռք երկարենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն զանոնք քաջալերելու համար խաղաղութիւն կերտելու չորս սիւներուն վրայ,ճշմարտութեան,խաղաղութեան, սիրոյ եւ ազատութեան։
Չկայ խաղաղութիւն եթէ եղբայրը պատերազմի մէջ է։
Կարդինալ Ծուփփին քարոզը եզրափակեց նշելով, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը խաղաղութեան մարդուն օրինակ է, որ խաղաղութիւն կը շնորհ իր շուրջիններուն եւ կը մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը մէկու մը չէ եւ երբեք խաղաղութիւն չկայ եթէ եղբայր մը պատերազմի մէջ է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ