Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (47)
ԽԷ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեան Կարդինալի խոկումներուն:
Պօղոս Առաքեալ կ'ըսէ թէ քրիստոնեաները աշխարհի ստեղծումէն առաջ՝ ընտրուած են որպէսզի ըլլան սուրբ և անարատ: Հին Կտակարանին մէջ Աստուած կը հրամայէ իր ժողովուրդին. «Սուրբ եղէ՛ք, որովհետեւ սուրբ եմ ես, ձեր Տէր Աստուածը»: Մեր աստուածային Փրկիչը՝ որ տիպարն է սրբութեան, քարոզեց «Եղէ՛ք կատարեալ, ինչպէս կատարեալ է ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:
Ծիրանեփառ Հայրապետը սրբութեան մասին հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Սրբութի՛ւն. այս է Աստուծոյ կամքը: Մարդիկ կան, որոնք դիւցազնական կեանքով՝ հասած են սրբութեան, գործած են հրաշքներ, գուշակած են ապագան, թափանցած են սրտերու խորերը: Աստուած բոլորէն չի պահանջեր այսպիսի մեծագործութիւններ, այլ՝ բոլորէն կը պահանջէ, որ Աստուծոյ շնորհքով ապրին, հեռանան մեղքէն՝ որ մահն է հոգիներու. գործադրեն Աստուծոյ և Ս. Եկեղեցւոյ պատուիրանները, կատարեն իրենց պարտականութիւնները՝ սիրով, Աստուծոյ շնորհքին մէջ, այն շնորհքին՝ զոր ընդունած են մկրտութեամբ, սուրբ Աւազանին մէջ, զոր եթէ կորսնցուցած են՝ ունին միջոցը զայն վերագտնելու ապաշխարութեամբ:
Սուրբերը, զորս կը մեծարենք խորաններուն վրայ, մարդ էին, մարդկային տկարութիւններով հանդերձ, բայց Աստուծոյ շնորհքին ընդառաջեցին և հասան սրբութեան: Կարդինալը Մխիթար Աբբահայրը՝ սուրբի տիպար կը ներկայացնէ, ընդգծելով թէ՝ «Սուրբը այն չէ, սիրելի զաւակներս որ կ'անտեսէ, կը ժխտէ ժամանակաւոր բարիքները, բնական արժէքները, որոնց մէջ անտարակոյս մեծագոյնը հայրենիքն է, ներշնչարանը այնքան առաքինութիւններու: Սուրբը կը նուիրագործէ ամէն ինչ. աւելի բարձր մակարդակի կը վերափոխէ. սուրբը այդ արժէքներուն մէջ կը դնէ աստիճանաւորում, ենթարկում:
Սուրբին համար միակ բացարձակ բանը որ կայ՝ Աստուած է. Աստուած՝ ինչպէս որ մեզի յայտնուած է իր Միածին Որդւոյն միջոցաւ, որ եկած է և իր մարդեղութեամբ ամէն ինչ տեսակ մը աստուածացումի բարձրացուցած է. նիւթը, մարմինը անգամ, այսօր յանձին մեր աստուածային Փրկչին, աստուածային պատիւներու արժանացած է»:
«Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, մեր Հայրերը քաղցր հայրենի հողին վրայ, յաճախ գտած են իրենք զիրենք ահաւոր երկնտրանքի առջեւ, կա՛մ ուրանալ ճշմարիտ Աստուածը, զՔրիստոս և անոր Ս. Եկեղեցին. և կա՛մ եթէ ոչ միշտ արիւնով մկրտուիլ, գէթ պանդխտութեան ցուպը ձեռք առնել, օտարութեան և անոր պարտադրած զրկանքներուն մէջ ապրիլ: Անոնք սակայն Ս. Աւետարանի լոյսով հոգեզմայլ ու անկեղծ ու խորունկ հաւատքով սնած ու զրահաւորուած, չվարանեցան հրաժարելու ամէն բանէ՝ միայն թէ Աստուծմէ չօտարանային»:
Ս. Աստուածածնի մասին ըսած է. «Ո՜րքան շնորհակալ ըլլալու ենք Յիսուսի, որ երկրաւոր եւ բնական մօրմէ զատ, տուաւ մեզի երկնաւոր եւ գերբնական մայր մը, մայր մը աննման, մայր ամենասիրելի, մայր անարատ, իր իսկ Մայրը, Մարիամ Աստուածածինը»: Սուրբ Եկեղեցւոյ մասին ըսած է. «Ս. Եկեղեցին մայրն է հաւատոյ, սիւնը ճշմարտութեան: Ան է որ կ'ապահովէ հաւատքի յաղթանակը անաստուածութեան դէմ. Հոգիին յաղթանակը՝ նիւթին դէմ, և յաղթանակը արիութեան մարդկային տկարութեան դէմ: Հոգեւոր կեանքը ամենէն մեծ ուժն է անհատներու, ընտանիքներու և ազգերու»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ