Որոնել

Յիսուսի սուրբ սիրտը Յիսուսի սուրբ սիրտը 

«Աստուծոյ սիրող սիրտը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ամէնավատ հոգեվիճակը մարդուն եւ մարդկութեան տեղի կունենայ, երբ կը կարծենք, թէ կարիք չունինք Աստուծոյ փրկութեան: Արդարեւ փրկութիւնը կ'իրականանայ Աստուծոյ սիրոյն զօրութեամբ եւ ոչ աշխարհի ու մարդուն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս տեսնելով Փարիսեցիներուն ու դպիրներուն խիստ կեցուածքը մեղաւորներուն ու մաքսաւորներուն հանդէպ, զիրենք կը յանդիմանէր Զաքէոսի, անառակ որդիի եւ Մարիամ Մագդաղենացիի նմանօրինակ երրեակ առակներով, որոնք կ'արտայայտեն Աստուծոյ ողորմութիւնը։

Յիսուս կ'ուզէ ներկայացնել ժողովուրդին, մանաւանդ զինք քննադատող փարիսեցիներուն, երկնաւոր Հօր ներող սիրտը՝ բարի հովիւին, կորսուած արծաթը գտնող կնոջ եւ անառակ որդիին հօր անձերուն ընդմէջէն:

Բարի Հովիւի պատկերը մեզի խորհրդածել կու տայ Հին կտակարանի գրութիւններուն վրայ, որոնք կը խօսին Տիրոջ մասին որպէս Իսրայէլի Հովիւ (Եզ 34, 4), որ կը մերժէ կեղծ հովիւները: Աստուծոյ բարի հովիւի պատկերը իրականացաւ Յիսուսով, որ եկաւ կորսուածը փնտռելու:

Հին կտակարանի գրութիւնները կը յիշեն միշտ ժողովուրդի ուրախութիւնը, ինքզինք ապահով զգալով Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Նոր կտակարանին մէջ, Յիսուս կը շեշտէ Աստուծոյ բարի հովիւի սրտին վրայ, որ միշտ պատրաստ է ոչխարը փնտռելու, առանց հաշիւ ընելու դժուարութիւնն ու յոգնութիւնը: Ան մեծապէս կը ցնծայ երբ կը գտնէ կորսուած ոչխարը: Ան ուրախութեամբ զայն ուսերուն վրայ կը դնէ, կը դարձնէ հայրենի տունը եւ իր բարեկամները կը հրաւիրէ իրեն հետ ուրախանալու համար: Նոյնպէս երկինքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մեղաւորի մը դարձով: Աստուած ուրախ է մեղաւորի դարձով եւ իր ուրախութիւնը անոր բարիքն է: Ան պատրաստ է ծրագելու ու գործադրելու փրկչագործութեան խորհուրդը, չարչարանքով ու յարութեամբ. մեզ փնտռելու, մեզ ներելու եւ մեր փրկութեան փրկագինը վճառելու համար:

Կորսուած դրամը գտնող կնոջ ուրախութիւնը յստակ փաստն է Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն:
Անառակ որդիին առակին մէջ, Յիսուս մեզի կը ցուցնէ, թէ որքան յարգի ենք՝ որպէս Աստուծոյ զաւակներ:

Այս առակներուն ընդմէջէն կը տեսնենք Հօր սիրտը, որ ուրախ է երջանկութեամբը իր զաւակներուն, եւ ողորմած ու գթած անոնց հանդէպ: Նոյնպէս այս առակները կը յայտնեն թէ ինչպէս ըլլալու է մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Ապրելու համար Աստուծոյ ուրախութիւնն ու ողորմութիւնը, հարկ է ապրիլ հաւատքը՝ որպէս ընդունուած սիրոյ փորձառութիւն, որով կը խոստովանինք մեր մեղաւոր ըլլալը:

Բարի Հովիւի պատկերը մեզի խորհրդածել կու տայ Հին Կտակարանի գրութիւններու մասին, որոնք կը խօսին Տիրոջ մասին որպէս Իսրայէլի Հովիւը:

Արդարեւ երկինքի ուրախութիւնը յառաջ կու գայ մեղաւորի մը զղջումէն: Իւրաքանչիւրս մեղաւոր մըն է, որ ամէն օր պարտի դիմել Քրիստոսի ներողամտութեան եւ սիրոյ: Ան իր եղբայրակիցները կը հրաւիրէ ամէն օր քայլ մը եւս ընելու «Աստուծոյ սիրոյն յանձն առումին եւ ապրումին մէջ»: Առ այդ, հարկ է ընղունիլ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ եւ պատրաստակամ ըլլալ Իրեն դիմելու եւ Զինք ընդունելու հիւանդի տրամադրութեամբ, որ կը դիմէ բժիշկի։ Ամէնավատ հոգեվիճակը մարդուն եւ մարդկութեան տեղի կունենայ, երբ կը կարծենք, թէ կարիք չունինք Աստուծոյ փրկութեան: Արդարեւ փրկութիւնը կ'իրականանայ Աստուծոյ սիրոյն զօրութեամբ եւ ոչ աշխարհի ու մարդուն:

Աստուած իմ, թող որ ստանամ փորձառութիւնը Սիրոյդ ու ողորմութեանդ, զոր ինծի կը շնորհես ձրիաբար եւ ազատօրէն. թող միշտ հաւատքով ապրիմ զանոնք եւ բոլորին հետ յառաջանանք դարձի ու սրբութեան ճամբուն վրայ։ Ամէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2023, 06:00