Շաբթուան մտածումը (բ) Վատիկանը միշտ խաղաղութեան ջատագով
Վատիկան Նիուզի համար գրեց` Սագօ Արեան
Իր աւարտին պիտի հասնի Կազայի արիւնալի պատերազմի մէկ ու կէս ամիսը։ Փուլ մը, որ կը յատկանշուի անմարդկային պատկերներով, սպանդներուն ու յատկապէս անորոշութեամբ դարձած է համայն աշխարհի ուշադրութեան կեդրոն։
Աշխարհի տարածքին առկայ անտարբերութեան օճախներէն անդին, անշուշտ կայ մարդկային խաւ մը, որ ուշի-ուշով կը հետեւի պատերազմի ընթացքին, ամէն օր գրանցելով մարդկային նուաստացումի, ապրելու ազատ իրաւունքի բռնաբարման իրական պատկերներ։
Կողմերը, որոնք հակամարտութեան մէջ են այսօր հաւասարապէս մեղաւոր են եղածին համար, ու տխուրն այն է, որ այս ահաւոր պատերազմի թիւ մէկ զոհը պաղեստինցի անմեղ ժողովուրդն է, որ չես գիտեր ինչ դրոյթներով ու ինչ պայմաններու տակ յայտնուած է «Համաս» զինեալ խմբաւորման տիրապետութեան տակ։
Ճիշդ է, որ իսրայէլեան բանակը եւս զոհեր կու տայ այս պատերազմին, ու տակաւին կը խօսուի, որ այդ բանակը կը կարողանայ «որսալ» «Համաս»ի տարբեր մակարդակի պատասխանատուներ, բայց այդ մէկը էական չէ, որովհետեւ մարդկային տեսակէտէ դիտուած ու հեռու կողմնակալութիւն ընելու մեղսակից մօտեցումներուն, արար-աշխարհին համար արդէն իսկ աւելի քան պարզ է, որ Կազայի մէջ մորթուողը անզէն ժողովուրդն է։
Այս համապատկերին դիմաց բնականաբար կան ուժեր, որոնք ճիշդ նշանակէտ կը դարձնեն իրենց մարդկային խղճի ձայնը ու կը պատգամեն բոլորիս, որ պատերազմները բոլոր առումներով մերժելի են։
Այդ իրաւ ձայներէն է Վատիկանի Սուրբ Աթոռը, որ Կազայի մէջ ընթացք առած պատերազմի առաջին օրէն իսկ դատապարտեց եւ կը շարունակէ դատապարտել պատերազմական գործողութիւնները։
Այդ առումով ալ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին եւ անոր Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը ուղենշային դարձան օրերս Փարիզի մէջ գումարուած Խաղաղութեան 6-րդ գագաթնաժողովի ընթացքին , որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային գետնի վրայ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Գագաթնաժողովին ընթացքին Ֆրանսայի մէջ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէն ընթերցեց Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատրաստած պատգամը։
Պատգամին մէջ ծիրանաւորը կը նշէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ այս քաջալերական ուղերձով մեծ ուրախութեամբ կը միանայ ժողովականներուն այն յոյսով, որ սոյն հանդիպումը սատար հանդիսանայ աւելի արդար, խաղաղ եւ զօրակից աշխարհի մը կառուցման։
Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադառնալով, թէ խաղաղութեան համար Փարիզի հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ համաշխարհային գետնի վրայ ցաւալի իրավիճակին մէջ փոխանցեց Նորին Սրբութեան մաղթանքը, որ սոյն միջազգային հանդիպումը դառնայ յոյսի նշան մը ու հանդիպումէն բխած յանձնարարութիւնները նպաստեն անկեղծ երկխօսութեան՝ հիմնուած բռնութենէն, պատերազմներէն տառապող անձերուն աղերսին ունկնդրութեան վրայ, «Պատուհասներ` որոնք միայն օգուտ կը բերեն որոշ խումբերու, խթանելով որոշ շահեր, դժբախտաբար յաճախ քօղարկուած վեհ մտադրութիւններով»։
Բնականաբար Սրբազան Պապին կողմէ յղուած այս պատգամին ամէնէն ուշագրաւ կէտը դարձեալ դէպի մարդ արարածը ուղղուելու եւ անոր ապահովութիւնն ու ազատ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու ճիգն էր, որ կը պսակուէր Նորին Սրբութեան հակիրճ բայց իմաստալից խօսքով։
Թէ ինչ արդիւնք պիտի տայ Փարիզի այս ժողովը տակաւին անյստակ է, սակայն աւելի քան պարզ է, որ միջազգային հասարակութեան համար այսօր Կազայի մէջ տեղի ունեցող բոլոր տեսակի բռնաբարումները պիտի ունենան իրենց արձագանգը։
Այլ խօսք, որ համակ մարդկութիւնը պիտի փորձէ «դաս մը» քաղել այս պատահածներէն, սակայն ներկայ պահու դրոյթով անչափ կարեւոր է, որ Վատիկան իր բողոքի ձայնը բարձրացնէ եղած անարդարութիւններուն վերաբերեալ։
Ի հարկէ Իսրայէլ տէրութիւնը բնական իրաւունքն ունի իր սահմանները եւ իր հասարակութիւնը պաշտպանելու, սակայն այդ մէկը պիտի չըլլայ անմեղ ժողովուրդի մը հաշւոյն, որ թերեւս ալ պատանդ դարձած է ծայրայեղական մօտեցումներ ունեցող իսլամիստ զինեալներուն։
Կազայէն հասնող լուրերը իրապէս սարսափելի են ու նաեւ այդ առումով քաղաքական լուծումներ ունենալու յոյսը տակաւին աներեւելի, սակայն աւելի քան կարեւոր է կրկին անգամ վերահաստատել, որ ոչ մէկ պարագայի պատերազմը, մահն ու աւերը կարող են լուծումներ բերել երկար ամեակներէ ի վեր արմատացած տարակարծութիւններուն, որոնք այսօր մեր աչքերուն կը ներկայանան կարմիր արեան երանգներով ու սեւ մահուան տխուր պատկերներով։
Ի վերջոյ յանուն արդարութեան պէտք է հնչէ խաղաղութեան համար պայքարողներուն ձայնը, որովհետեւ միայն խաղաղութիւնն է, որ բարիք պիտի բերէ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն ու այդ ձայնի ամէնէն վառ ներկայացուցիչներէն է Վատիկանի Սուրբ Աթոռը գլխաւորութեամբ Սրբազան Քահանայապետին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ