Որոնել

Սուրբ Հոգի, Աղաւնի Սուրբ Հոգի, Աղաւնի 

«Սուրբ Հոգիին նորոգութեան ժամանակները» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

«Ամէն քրիստոնեայ եւ ամէն քահանայ պարտական է դառնալ, Քրիստոսի միջոցաւ աղբիւր մը՝ որ կեանք կը հաղորդէ ուրիշներուն : Մենք պէտք է կեանքի ջուրը պարգեւենք ծարաւէ տառապած աշխարհի մը» :
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Պատմական եւ անմոռանալի ժամանակաշրջան մըն էր Կաթողիկէ եկեղեցիին համար 2010ի Քահանայական տարուան փակման առիթը : Երկու ամսուայ վախէն եւ յուսախաբութենէն ետք, նոր շունչ մը մտաւ Եկեղեցւոյ մէջ, որ կ՚ըսէր՝ « մի վախնաք հակառակ ամէն տեսակ սխալներու եւ գայթակղութիւններու...Ես ձեզի հետ եմ. Եկեղեցին զօրաւոր է եւ զօրաւոր պիտի մնայ շնորհիւ իր պետին՝ Սրբազան Քահանայապետին եւ ծառայող առաքեալներուն՝ վարդապետներու դասին»: Սատանան ամէն տեսակ միջոց գործածեց ու պիտի գործածէ քանդելու համար այս գեղեցիկ հաստատութիւնը, զոր Քրիստոս հիմնեց, որուն Ս. Հոգին միշտ յարութիւն կու տայ, որպէսի ցիրուցան ու յոգնած ժողովուրդին՝ իր խօսքը քարոզեն:

Ինծի համար մեծ եւ գեղեցիկ փորձառութիւն մըն էր գտնուիլ այդ օրերուն Հռոմի մէջ՝ տեսնելու եւ ապրելու հաւատքը իմ եղբայրակիցներուս հետ, մանաւանդ երբ ամէնքս նորոգեցինք մեր քահանայական ուխտը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին առջեւ: Դիւրին էր տեսնել Քահանայապետին արցունքները, երբ ան Ս. Պետրոսի հրապարակը մուտք գործեց ։ Ամէնքս՝ այդ 15000 վարդապետներ, որոնք եկած էինք աղօթելու եւ խորհելու, նոյն զգացումը ունեցանք, եւ բաժնեցինք Սրբազան Քահանայապետին հետ իր ուրախութիւնն ու զգացումները :
Առաջին եւ երկրորդ օրերուն, հաւաքուեցանք Հռոմի Լատէրանի Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Պօղոս երկու մայր Եկեղեցիներուն մէջ: Առտուայ 7-ին արդէն սկսած էինք ճամբան բռնել դէպի Եկեղեցին, մասնակցելու համար հանդիպումներուն : Ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութենէն ետք, օրուայ մտածականը մեզի կու տային մի քանի Կարդինալներ. ապա խոստովանանք եւ Ս. Պատարագ : Կարդինալները խօսեցան Ս. քահանայութեան խորհուրդին կարեւորութեան, քահանայական կոչման, Սուրբ Հոգիին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի դերին եւ մեր քահանայութեան դժուարութիւններուն մասին:

Ամենայուզիչ պահերը ապրեցանք հինգշաբթի 10 Յունիս երեկոյեան աղօթքի ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակ մտաւ իր ինքնաշարժով յետ երկար աղօթքներու, երգերու եւ մանաւանդ կարգ մը վարդապետներու տուած վկայութիւններուն : Իմ մտքէս կ'աղօթէի, որպէսզի Աստուած օրհնէ այս համախմբուած վարդապետները, մեր քահանայական կոչումը զօրացնէ եւ սուրբ Եկեղեցին հաստատ պահէ : Արդեօ՞ք մենք՝ տկար վարդապետներս, պիտի կարենա՞նք տոկալ ահաւոր յարձակումներու եւ գայթակղութիւններու դիմաց : Բայց պատասխանը անմիջական էր, թէ այս քահանաներու եւ իրենց վկայութիւններու, մանաւանդ սրբազան քահանայապետին շնորհիւ, Եկեղեցին պիտի շարունակէ տոկալ. պիտի շարունակէ գործել եւ սփռել սուրբ Աւետարանը. Յիսուս պիտի շարունակէ պաշտպանել եւ ուժ տալ իր հիմնած Եկեղեցիին :

Սրբազան Քահանայապետը պատասխանեց 5 վարդապետներու հարցումներուն, որոնք կը հայէին քահանաներու դժուարութիւններուն, աստուածաբանութեան, կուսութեան, ծէսին եւ կոչումներուն: Քահանայապետը յստակօրէն եւ առանց վախի պատասխանեց, շեշտը դնելով քահանային կոչման կարեւորութեան վրայ :
Ուրբաթ : Յունիս 11, տօնն էր Յիսուսի Սուրբ Սրտին: Սրբազան Քահանայապետը ձայնաւոր սուրբ պատարագ մատոյց առաւօտեան ժամը 10–ին Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ : Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն պատարագը հանդիսացաւ, քանի որ համապատարագողներու թիւը կը հասնէր շուրջ 15 հազարի, անոնցմէ 400ին պաշտօն տրուած էր սրբութիւնը բաշխելու պատարագին մասնակցող հաւատացեալներուն: Որոշ արարողութիւններ ներմուծուած են ծիսակատարութեան սկիզբը, ինչպէս օրհնեալ ջուրի սրսկում՝ ի նշան ապաշխարութեան:

Սուրբ Գրային ընթերցումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը քարոզ մը արտասանեց շեշտը դնելով քահանային առանձնաշնորհումին վրայ, որ կը կայանայ Քրիստոսի անունով մեղքերը արձակել, հացն ու գինիին վրայ գոհաբանական խօսքեր արտասանելով, զանոնք կը կերպարանափոխէ Յիսուսի մարմինին եւ արեան : Քահանայութիւնը պարզապէս «պաշտօն» մը չէ այլ խորհուրդ մը: Աստուած խեղճ մը կ'օգտագործէ, որպէսզի անոր միջոցաւ կարենայ գտնուիլ մարդկանց միջեւ : Ապա Քահանայապետը կոչ ուղղեց երիտասարդները մօտեցնելու եւ քաջալերելու Աստուծոյ կոչին համապատասխանելու : Ան՝ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ՝ «ամէն քրիստոնեայ եւ ամէն քահանայ պարտական է դառնալ, Քրիստոսի միջոցաւ աղբիւր մը՝ որ կեանք կը հաղորդէ ուրիշներուն : Մենք պէտք է կեանքի ջուրը պարգեւենք ծարաւէ տառապած աշխարհի մը» :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2023, 07:00