Կանոնական քննարկում Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս- Պատրիարքին սրբադասումին գործընթացքին ծիրէն ներս
Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս- Պատրիարքին աճիւններուն կանոնական քննութիւնը, եւ այն՝ Աստուծոյ Ծառային աճիւններուն արտաշիրմումին արարողութեամբ:
Անցեալ տարի, 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի Ս. Յովհաննէս Լատերանեան Մայր Տաճարին մէջ սկիզբ առաւ Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին կեանքին, առաքինութիւններուն, սրբութեան համբաւին ու հրաշքներու թեմական քննարկումին կանոնական ուղիին բացման արարողութիւնը։
Այդ թուականէն մէկ տարի անց, այսօր կը շարունակուի աշխատանքն Աստուծոյ Ծառային աճիւններուն արտաշիրմումին՝ կանոնական քննարկումով, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ։
Կանոնական այս քննարկումին նպատակն է աճիւններուն ստուգումը, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել մասունքներուն վաւերականութիւնը, աճիւններուն ներկայ վիճակն ու պատրաստել անոնց պահպանումը՝ հնարաւոր դարձնելու համար անոնց յետագայ հաւաքումը։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ամենպտ. Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը՝ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Գերպծ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան՝ վաստակաւոր վիճակաւորը Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին, սրբադասման հայցարկու Կնքղաւոր կրօնաւորը՝ Գերպտ. Հ. Քարլո Վրդ. Քալլոնի, փոխ-հայցարկու Գերպծ. Հ. Նարեկ Թ. Ծ. Վ. Նաամոյեան՝ Էքզարքն Երուսաղէմի եւ Ամմանի, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին Մեծաւորը՝ Գերպտ. Հ. Խաչիկ Վրդ. Գույումճեան եւ հայ կաթողիկէ կղերականներ։
Հռոմի Եկեղեցական Ատեանին անդամներէն ներկայ էին Գերպտ. Ճուզեփփէ Տ՚Ալոնզո, Եպիսկոպոսական պատուիրակ-արդարութեան դատապաշտպան Գերպտ. Հ. Ճորճօ Չուչչի եւ Նոտար Դկտ. Մարչելլօ Թերրամանի՝ անդամազննութեան մասնագէտ բժիշկներու ընկերակցութեամբ։
Քննարկումը կատարուեցաւ երկու հանգրուանով: Նախ՝ աճիւններուն արտաշիրմումով Աստուծոյ Ծառային դամբարանէն, որ կը գտնուի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ»-ի դասին մէջ։ Ապա՝ դագաղը բերուեցաւ մայր խորանին դիմաց, ուր փոքրաթիւ եկեղեցականներ եւ աշխարհական հաւատացեալներ հաւաքուած էին աղօթքով։
Ամենպտ. Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, իր ամփոփ խորհրդածութեան մէջ, անդրադարձաւ իր անձնական ապրումներուն, զորոնք ունեցած էր Կարդինալ Աղաճանեանի կեանքին վերջին տարիներուն՝ շեշտը դնելով յատկապէս Աստուծոյ Ծառային խոնարհութեան ու բարութեան վրայ։
Ապա, ներկաներուն մասնակցութեամբ, դագաղը թափօրով փոխադրուեցաւ աճիւններուն քննարկումին համար յատկացուած սրահին մէջ, ուր դռնփակ արարքով կատարուեցաւ դագաղին բացումը։
Կարդինալ Աղաճանեան այսօր եւս կը ներկայանայ իբր իմաստութեան, սիրոյ եւ զոհողութեան հրաշալի օրինակը՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին եւ իր Եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ Ընդհանրական Եկեղեցիին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ