2023.10.16 San Gioacchino Prati

«Աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը կ՛աճի ամենուրէք բացի Եւրոպայէն» Ֆիտես

Աշխարհի բնակչութեան 7.785.769.000ի վրայ կաթողիկէներու թիւն է 1.375.852.000, նախորդ տարուայ համեմատութեամբ 16.240.000 աւելի։ Այս աճը արձանագրուած է բոլոր ցամաքամասերուն մէջ բացի Եւրոպայէն։ Աճի ամենամեծ թիւը արձանագրուածէ Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ (+8.312.000), ապա Ամերիկա (+6.629.000)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 22 հոկտեմբերին նշուող Առաքելութեան նուիրուած 97-րդ համաշխարհային Օրուան նախօրէին Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը հրատարակեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայող վիճակագրական տարեկան զեկոյցը որուն մէջ ի յայտ կու գայ թէ աշխարհի մէջ մկրտեալներուն թիւը գերազանցած է մէկ միլիառ 300 հազարը, յատկապէս Ափրիկէի և Ասիայի մէջ։

Միւս կողմէն սակայն ուսումնասիրութիւնը կը նշէ թէ քահանաներու, կրօնաւորներու  ու նաեւ աշխարհական միսիոնարներու ու կրօնուսոյցներու թիւը նուազած է։

Վերոնշեալ ուսումնասիրական աշխատանքը կատարուած է հիմք ունենալով 31 դեկտեմբեր 2021- ի«Եկեղեցւոյ վիճակագրական տարեգիրքի» տուեալները։

Աշխարհի բնակչութեան 7.785.769.000ի վրայ կաթողիկէներու թիւն է 1.375.852.000, նախորդ տարուայ համեմատութեամբ 16.240.000 աւելի։ Այս աճը արձանագրուած է բոլոր ցամաքամասերուն մէջ բացի Եւրոպայէն։ Աճի ամենամեծ թիւը արձանագրուածէ Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ (+8.312.000), ապա Ամերիկա (+6.629.000)։

Աշխարհի մէջ` Եպիսկոպոսներուն թիւը 5.340 է նախորդ տուեալներու համեմատ նուազ 23։ Քահանաներու թիւը եւս նուազած է (-2.347) եւ այժմ աշխարհի մէջ անոնց թիւը հասած է 407.872։ Նոյնպէս նուազած է կրօնաւորուհիներուն եւ կրօնաւորներուն թիւը` առաջինները նուազ 10.588 իսկ երկրորդները նուզ 795։ Միւս կողմէ աճ արձանագրած է մնայուն սարկաւագներուն թիւը հասնելով 49.176.

Կրթական ու դաստիարակչական ասպարազէն ներս Եկեղեցին աշխարհիս մէջ կը մատակարարէ 74 368 մանկապարտէզ, 100 939 նախակրթական դպրոցները, 49 868 միջնակարգ հաստատութիւններ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կը պատկանին ապա 5.405 հիւանդանոցներ եւ 14.205 բուժարաններ։ 15.276 ծերանոց եւ անկարներու կեդրոններ, 9.703 որբանոցներ եւ այլ հազարաւոր կրթական, ընկերային դաստիարակութեան ու մարդասիրական հարցերով զբաղող կեդրոններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2023, 11:30