Կարդինալ Փիցցապալլա Կազայի քրիստոնեաներուն` միայնակ չէք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Արաբերէն եւ Անգլերէն լեզուներով երկու վայրկեան տեւող լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Կազայի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքի զաւակներուն վստահեցուցած է, որ համայն աշխարհը կը միանայ անոնց ու թէ անոնք միայնակ չեն, յոյս յայտնելով` որ մօտ օրէն ինք կարողանայ իրենց մօտ ըլլալ, ինչպէս ամէն տարի` «հանդիպելու, միասին աղօթելու եւ փոխանակելու վկայութիւններ։
«Այն ինչ` որ դուք կ՛ապրիք կը դպչի իմ սրտիս, անձնապէս ու համայն հասարակութեան։ Միեւնոյն ժամանակ մենք քաջալերուած ենք, ես քաջալերուած եմ ձեր վկայութեամբ, այն ձեւով, որ դուք կ՛ապրիք այս սարսափելի իրավիճակը, որուն մէջ կը գտնուիք։ Ինծի կը յիշեցնէք այն ինչ` որ գրուած է Յիսուսի աւետարանին մէջ` մի վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպանեն, այլ վախցէք անոնցմէ որ հոգին կը սպանեն»։
Կարդինալը ապա կը բացայայտէ` թէ Կազայի քրիստոնեաներուն ապրած ցաւերը իր մտահոգութիւններու կիզակէտն են նշելով, թէ ինք իր բոլոր ժամանակը կը յատկացնէ անոնց համար աղօթքի ու «պատասխանատուներու հետ երկխօսութեան, վերջ դնելու համար այդ իրավիճակին»։
«Միայնակ չէք` Սուրբ Երկրի համայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը ու համայն աշխարհը ձեր հետն է, կ՛աղօթէ ձեզի համար ու ձեզի կ՛աջակցի», կ՛ըսէ հուսկ կարդինալը իր պատգամին մէջ, որուն աւարտին ան անոնցմէ կը խնդրէ, որ ըլլան ուժեղ` սպասելով այն օրը երբ միասին պիտի հանդիպինք «Կազայի մէջ, աղօթքով, ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ