Որոնել

2021.02.21 GESU MISERICORDIA

«Քալել սիրոյ ճամբէն Աւետարանի». Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Գաղափար մը ունենալու համար, թէ ո'րն է սիրոյ չափը Յիսուսի սրտին, կարդանք Աւետարանը եւ Նոր Կտակարանի սուրբ Գիրքերը: Առանձին կամ խմբովին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սակաւաթիւ են այն անձերը, որոնք Աւետարանը, առաւել եւս Աստուածաշունչ Նոր Կտակարանը, լիովին կարդացած ըլլան: Բարձրաձայն: Գրիչը ձեռքերնին առած՝ ստորագծելու համար անոր անժամանակ եւ անկորնչելի խօսքերը, որոնք կը յայտնեն ու կը պատմեն Յիսուսի սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ:

Աւետարանին մէջ պիտի գտնենք, որ անհուն սէրէ մղուած՝ Յիսուս կը ներկայանայ իբրեւ թերավարժ ու բարեմիտ սերմնացան մը (Մատթէոս 13, 3-8), որ ամէն տեղ կը ցանէ, առանց խնայողութեան, ո'չ միայն արգաւանդ հողին մէջ, այլ նաեւ՝ թռչուններուն մատչելի տափաստաններուն վրայ, անջրդի ժայռերուն երկայնքին եւ խեղդիչ փուշերուն մէջ:

Տասներկու աշակերտները Յիսուսի կը հարցնեն, միամտօրէն. -«Ո՞վ է ամէնէն մեծը»: Եւ Ան ցոյց կու տայ մանուկ մը (Մատթէոս 18, 2):

Անոնք կը վիճին, թէ քանի՞ անգամ պարտին ներել. Ան կը պատասխանէ. «Եօթանասուն անգամ եօթը» (Մատթէոս 18, 21-22):

Իր հետեւորդները կ'ուզեն զԻնք թագաւոր հռչակել: Յիսուս կը մերժէ նման փառք մը. կը փախչի ու լեռ կը բարձրանայ՝ աղօթելու համար (Յովհաննէս 6, 15):

Ան կը դրուատէ հռոմայեցի հեթանոս հարիւրապետին հաւատքը (Ղուկաս 7, 1-10 եւ Մատթէոս 8, 5-13), ու կը հաստատէ, թէ մեծագոյն եղբայրասէրը՝ իր ոտքերը անուշաբոյր իւղով օծող մեղաւոր կինն է (Ղուկաս 7, 38):

Յիսուս ամուսնացեալներէն հաւատարմութիւն պահանջելով հանդերձ՝ միակն է, որ կը պաշտպանէ շնութեան մէջ բռնուած կինը (Յովհաննէս 8, 1-11):

Սամարուհիէն, որուն մասին ամէն ոք կը չարախօսէ, ջուր կը խնդրէ եւ Իր ինքնութիւնը կը յայտնէ անոր (Յովհաննէս 4, 4-16):

Անպտուղ ծառը չ'ուզեր կտրել. կը շարունակէ յուսալ ու խնամել (Ղուկաս 13, 6-9):

Իր նախասիրութեան առարկայ են աղքատները, սակայն, ինքնակոչ հրաւիրեալը կ'ըլլայ ծառին վրայ մագլցող անիրաւ ու կեղեքիչ Զակքէոսին (Ղուկաս 19, 1-10):

Ինքը՝ Տէրը եւ Վարդապետը, ծունկի կու գայ Իր առաքեալներուն առջեւ՝ անոնց ոտքերը լուալու (Յովհաննէս 13, 3-5):

Զինք կը խաչեն ու կը ծաղրեն. սակայն, Ան կ'աղօթէ Իր Հօր, որպէսզի անոնց ներէ (Ղուկաս 23, 34):

Իրմէ իր կեանքը կ'առնեն, բայց Ան իր կեանքը կու տայ բոլորին համար (Ա. Յովհաննէս 3, 16):

Իրեն քացախ կը խմցնեն (Մատթէոս 27, 34), Ան իր արիւնը կը թափէ մեզ փրկելու համար (Եփեսացիներուն 1, 7):

Զինք մեռած ու գերեզմանին մէջ առ յաւէտ վարշամակուած կը կարծեն. սակայն, Ան Եմմաւուսի աշակերտներուն հետ ճամբան կտրած ատեն կը զրուցէ անոնց հետ (Ղուկաս 24, 13-35), ապա՝ Տիբերական լիճի ափերուն կը քալէ (Յովհաննէս 21, 4):

Պետրոս զԻնք կ'ուրանայ, այնուհանդերձ Իր Եկեղեցւոյ ղեկը անոր կը վստահի (Մատթէոս 16, 18):

Պօղոս զԻնք կը հալածէ, սակայն, հեթանոսները քարոզելու առաքելութիւնը անոր կը յանձնէ (Գործ Առաքելոց 8, 3 եւ 9,15):

Կարծես թէ Իր Համբարձումէն ետք մեզ թողլքած ըլլայ, սակայն, Ան աւելի քան երբեք մեզի մօտ է Իր Սուրբ Հոգիով (Յովհաննէս 14, 17):

Թէպէտեւ տառապանքն ու մահը մեզի ահ եւ սարսափ կ'ազդեն, Յիսուս անդադար մեզ կը վստահեցնէ, թէ մենք ստեղծուած ենք յաւիտենական կեանքին համար, ուր Ինքը մեզի տեղ պատրաստած է (Յովհաննէս 14, 3):

Առ այդ, գաղափար մը ունենալու համար, թէ ո'րն է սիրոյ չափը Յիսուսի սրտին, կարդանք Աւետարանը եւ Նոր Կտակարանի սուրբ Գիրքերը: Առանձին կամ խմբովին:

Կարդա'նք ու ընտելանանք ամէն օր, զի Աւետարանը անսպառ գանձ է, որ կը ներփակէ Աստուածային խօսքերը Քրիստոսի:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 08:48