Լեռնային Ղարաբաղ. Եւրոպայի Եպիսկոպոսներուն կոչը ի նպաստ խաղաղ բնակչութեան տունդարձին ու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 5 հոկտեմբեր 2023ին, Եւրոպայի եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու խորհուրդի լրատուական գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի թէ` Եպիսկոպոսները մի միանան Ֆրանչիսկոս Պապին «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան» կոչին «Միջազգային Հասարակութեան աջակցութեամբ հասնելու համար մնայուն համաձայնութեան մը, որ վերջ դնէ մարդասիրական հարցին»։
«Եւրոպայի եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու խորհուրդը միեւնոյն ժամանակ կոչ կ՛ընէ մշտադիտարկել Լեռնային Ղարաբաղին մէջ յայտնաբերուած քրիստոնէական ժառանգութիւնը» գրուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա նշուած է` որ «Եւրոխորհրդարանի 2022 թուականի մարտի 10-ի որոշման համաձայն՝ կան 1456 հայկական յուշարձաններ, որոնք 2020 թուականի հրադադարէն յետոյ անցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, և որոնք արդէն վնասուած են պատերազմի ժամանակ»։
ԵԵՀԴ Խորհուրդը` յոյս ունի, որ միջազգային դերակատարները բանակցային լուծում մը գտնեն, որ երաշխաւորէ տեղահանուածներու անվտանգութիւնը և անոնց իրաւունքը՝ վերադառնալու այն երկիրը, որտեղ անոնք մեծցած են իրենց աւանդոյթներով. Կոչ յարգելու միջազգային բանաձեւերը, որոնք պահանջեցին ազատ մուտք գործել Լաչինի միջանցք, եւ մարդասիրական արտակարգ դրութիւնը լուծուի այնպիսի լուծումներով, որոնց որոշումներու կեդրոնը ըլլայ մարդկային անձը, եւ ոչ թէ քաղաքական շահը։
Եւրոպայի եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ` թէ «Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստ տուած են շուրջ 100 հազար հայեր» նկատել տալով` որ «Ատրպէյճանի կողմէն վերահսկուող, բայց բարձր հայկական բաղադրիչ ունեցող տարածաշրջանը, շուրջ երեսուն տարի եղած է միջազգային վէճի առարկայ՝ վտանգի տակ դնելով նաև տարածաշրջանի քրիստոնէական ժառանգութիւնը»։
Եւրոպայի Եպիսկոպոսներուն հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ` ամիսներ շարունակ Լաչինի միջանցքի շրջափակումին, որ ստեղծած էր նախնական մարդասիրական ճգնաժամ։
«Վերջին շաբաթներուն Ազրպէյճանը տարածաշրջանին մէջ սկիզբ տուաւ «հակա ահաբեկչական գործողութեան», որուն բերումով յառաջացաւ Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր հայերու արտագաղթը։ «Աւելի քան 100.000-ը լքած են Արցախը» կը գրեն Եւրոպայի Եպիսկոպոսները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ