Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՅԱԿՈԲ ՔՌՆԵՑԻ (ԺԳ. ԴԱՐ _ԺԴ. ԴԱՐ) - Գ մաս

Հաղորդաշար (10) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ լուրը

«Րաբունին, Որոտնեցին, այնուհետեւ Տաթեւացին, հայ առաջին Փիլիսոփաներից եղան, որոնք այդ բանը հասկացան ու կանգնեցին եւրոպական մտքի դրական արդիւնքների լայն օգտագործման ուղու վրայ»:

Գաբրիէլեան
«Հայ Փիլիսոփայական Մտքի Պատմութիւն»
Բ. հատոր

«Արեւելեան վարդապետները, որոնք կ'ապրէին Կիլիկիայէն դուրս, բուն Հայաստանի մէջ ԺԲ. դարէն սկսեալ, երբ հայկական կրօնական ու քաղաքական իշխանութիւնները Մայր հայրենիքէն փոխադրուած էին Կիլիկիա: Այս վարդապետները պատմութեան մէջ կը հակադրուին Կիլիկիոյ հայ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որ շարունակ ապրելով յոյն եւ լատին եկեղեցիներուն դրացնութեան մէջ, կը տեսնէին անոնց մէջ տիրող կարգ կանոնը, համեմատաբար աւելի բարեկարգ ծէսերը եւ կրօնական սովորութիւնները եւ կը ցանկային շատ բան փոխ առնել անոնցմէ, ճոխացնելու եւ պայծառացնելու համար, Հայ Եկեղեցիի այն ատենուան աւելի պարզ եւ անշուք արարողութիւնները: Բացի ասկէ, շրջապատուած ըլլալով իսլամական աշխարհով եւ իշխանութիւններով, կը փափաքէին անկեղծօրէն մէջտեղ վերցնել հայ եւ յոյն, հայ եւ լատին եկեղեցիները իրարմէ բաժնող պատճառները, նախ համերաշխութեան եւ հաշտութեան մէջ ապրելու համար անոնց հետ եւ ապա ազատուելու համար անոնց շարունակական քննադատութիւններէն, դատապարտութիւններէն ու մինչեւ իսկ հալածանքներէն: Կիլիկիոյ Հայ քաղաքական ու կրօնական գլուխները կը հետապնդէին այս հաշտութիւնները, մանաւանդ օգտուելու համար անոնց քաղաքական զօրութենէն եւ այսպէս, միատարր եւ միաձոյլ քրիստոնէական ճակատ յարդարելու համար ընդդէմ այլ ազգիներու:

Երբ հայերը սկսան հաստատուիլ Կիլիկիա, երկրին բնիկ տարրերը յոյներն էին, որքան ալ հայ իշխանները տակաւ առ տակաւ վտարեցին Բիւզանդիոնի գործակալները եւ կառավարիչները Կիլիկիայէն, սակայն չէին կրնար մէկ օրէն երկիրը պարպել յոյներէն, եւ հետեւաբար երկար ատեն եւ գրեթէ շարունակ ապրեցան անոնց հետ, յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ, ուր անընդհատ իրարու կը յաջորդէին յոյն Մետրոպոլիտները:

Ասոնց վրայ եկան Աբելեար լատինները, արեւմտեան քրիստոնեաները որոնք խաչակրական առաջին յաջող արշաւանքէն յետոյ, 1099-էն սկսեալ իշխանութիւնները հաստատած էին Երուսաղէմ, Լիբանան, Սուրիա եւ մինչեւ միջագետք Հայոց: Կիլիկիոյ հիւսիսային կողմը գրեթէ դրացի իրենց կեդրոններն էին Անտիոք եւ Եդեսիա՝ Ուրֆա, ուր շատ հայեր կային:

Լատինները ժամանակի ընթացքին թափանցեցին նաեւ Կիլիկիա, ուր իրենց բերդեր եւ աւաններ տրուեցան Հայ թագաւորներու կողմէ, խնամիական սերտ կապեր հաստատուեցան երկուստեք այն աստիճան, որ տակաւ առ տակաւ լատիններ եւ լատինամէտներ, տիրեցին նաեւ Կիլիկիոյ կրօնապէս ու քաղաքականօրէն, մինչեւ որ ԺԴ. դարու կէսերուն արդէն իսկ Ռուբինեան Հայոց թագաւորութիւնը անցած էր լատին եւ Հռոմէադաւան Լուսինեան իշխաններուն ձեռքը:

Ուրեմն, Կիլիկիա ԺԲ. դարէն մինչեւ ԺԴ. դար, պահելով հանդերձ հայ տարրին գերակշռութիւնը եւ տիրակալութիւնը, եղած էր իրական շփման կեդրոնը այդ օրերու բոլոր քրիստոնեաներու, հայերու, յոյներու, լատիններու եւ ասորիներու, որոնց մէջ եւ որոնց հետ կը կրկնենք, Հայ ժողովրդի կրօնական եւ աշխարհիկ իշխանները, սիրով, համերաշխութեան եւ մինչեւ իսկ միութեան մէջ կ'ուզէին ապրիլ, օգտուելու համար անոնց քաղաքական ու կրօնական ինչ-ինչ արտաքին առաւելութիւններէն եւ միաձոյլ ճակատ կազմելու ընդդէմ այլազգիներուն, որոնք թշնամի էին այս չորս քրիստոնեայ տարրերուն ալ հաւասարապէս»:

Շնորհք Արք. Գալուստեան
«Հայաստանի Սուրբերը»

Մինչեւ այսօր, հայ միարարականներու արտադրած գրականութեան գիտական արժէքը բաւարար չափով եւ ըստ արժանւոյն չէ ուսումնասիրուած միջնադարեան Հայաստանի մշակոյթի պատմութեան մէջ: Թող այս աշխատասիրութիւնը հասցէագրուի, սոյն թեմայով հետաքրքրուող գիտական շրջանակներուն, որպէսզի մեր հայերու թողած հոգեւոր, մշակութային հարստութիւնը ի դերեւ չելլէ եւ փոխանցուի դարերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2023, 08:02