Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի յանդիմանական նամակը դաւանափոխի մը – Բ. Մաս

Հաղորդաշար (3Օ) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Ջամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Շ­նոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը բնաւ չի վա­ւե­րաց­ներ հայ եկե­ղե­ցիէն ան­ջա­տուե­լով յոյն եկե­ղե­ցիին միացող­ներու արար­քը, յատ­կա­պէս երբ անոնք հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու յար­գան­քը վայ­ելե­լու հա­մար՝ ստու­թեամբ կը բնո­վէին հայ­րե­նա­ւանդ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը եւ քսու­թեամբ կը պար­սա­ւէին ան­կարգ­նե­րու վարքն ու բար­քը եւ չա­րին գոր­ծա­կից դառ­նա­լով ատե­լու­թեան հր­դե­հը կը բոր­բո­քէին եր­կու ազ­գե­րու մի­ջեւ։ Այդ­պի­սի­նե­րէն շա­տեր, վե­րա­դառ­նա­լով հայ­րե­նիք՝ իրենց ախ­տա­ւոր սո­վո­րու­թեամբ այս ան­գամ յոյ­նե­րու մա­սին կը չա­րա­խօ­սէին։­

Այս քսու շո­ղո­քորթ­նե­րու զրա­խօ­սու­թիւն­նե­րը Սուրբ Ներ­սէս ան­միտ­նե­րու եւ անուս մար­դոց գործ կ՚որա­կէ եւ յս­տա­կա­տես կշ­ռա­դա­տու­թեամբ կը հա­մա­րի որ այս­պի­սի­ներն են եր­կու ազ­գե­րու մի­ջեւ ծա­գած եւ ուռ­ճա­ցած ատե­լու­թեան պատ­ճա­ռը։

­Խո­րա­թա­փանց ու­սում­նա­սէ­րի հե­տե­ւո­ղա­կան պրպ­տու­մով, Հայ­րա­պե­տը կը քն­նար­կէ նմա­նօ­րի­նակ ան­ջա­տու­մէն բխող հնա­րա­ւոր որե­ւէ դրա­կան ար­դիւնք, եւ թուար­կե­լով՝ կը գրէ. «ե­թէ քու հայ­րե­նա­տուր աւան­դու­թիւն­նե­րէդ ապս­տամ­բե­լով մէջդ աճե­ցաւ հա­ւատ­քի ուղ­ղա­փա­ռու­թիւ­նը՝ որ չու­նէիր եկե­ղեց­ւոյ ուղ­ղա­փառ վար­դա­պետ­նե­րու խրա­տա­կան խօս­քե­րով, կամ շատ­ցաւ Աս­տու­ծոյ եր­կիւ­ղը՝ որ իմաս­տու­թեան սկիզբն է, կամ հո­գիի երա­նա­կան մաք­րու­թիւ­նը՝ որ ար­ժա­նի կ՚ը­նէ Աս­տուած տես­նե­լու, կամ ու­րիշ որե­ւէ առա­քի­նի գործ՝ որոնց­մով Աս­տու­ծոյ հա­ճոյ կը դառ­նայ մարդ, ան­ջա­տուիլդ ճիշտ հա­մա­րէ։ Ապա եթէ ասոնց­մէ ոչ մէ­կը աճե­ցաւ, մա­նա­ւանդ թէ նուա­զե­ցաւ կամ ալ բո­լո­րո­վին հա­կոտ­նեայ ար­դիւնք տուաւ՝ դուն քեզ­մէ գի­տակ­ցիր շա­հա­ւէտ կամ վնա­սա­կար ըլ­լա­լը»։

Շ­նոր­հա­լի կը հիմ­նա­ւո­րէ եւ կը բա­ցատ­րէ այս ան­ջա­տո­ղա­կան­նե­րու իրա­վի­ճա­կը շօ­շա­փե­լի օրի­նա­կով մը, որու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցած էր՝ որ­պէս Թո­րոս եւ Օշին իշ­խան­նե­րու հաշ­տա­րար։ «Երբ եր­կու հա­րա­զատ­ներ իրար­մէ խռո­վե­լով կռուին, եւ այս խռո­վու­թեան ըն­թաց­քին զի­նուոր­նե­րէն մէ­կը իւ­րային­նե­րը ձգե­լով բաժ­նուի եւ օտա­րին կողմն ան­ցնի, խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տուե­լուն՝ ամէն­քէն կը նա­խա­տուի որ­պէս տի­րադ­րոյժ։ Դուք եւ ձե­զի նման­ներն ալ նոյ­նը պի­տի կրէք՝ երբ Աս­տու­ծոյ կամ­քով միու­թիւ­նը իրա­կա­նա­նայ»։­

Ա­մօ­թանք, նա­խա­տինք եւ եր­կու կող­մէն ալ մեր­ժուիլ՝ ահա դա­սա­լի­քի վախ­ճա­նը։

­Գործ­նա­կան կեան­քէն ալ օրի­նակ կը բե­րէ Հայ­րա­պե­տը, բա­ցատ­րե­լով թէ ինչ­պէս քա­ռաս­նոր­դա­կան պահ­քի ըն­թաց­քին եթէ մէ­կը պահ­քը լու­ծէ՝ կը դա­տա­պար­տուի որ­պէս օրի­նա­զանց, սա­կայն միեւ­նոյն կե­րա­կու­րը Տի­րոջ յա­րու­թե­նէն ետք ու­տե­լը ոչ մէկ յան­ցանք կը պա­րու­նա­կէ։ Նոյն­պէս եդե­մա­կան դրախ­տի գի­տու­թեան ծա­ռէն ու­տե­լը ան­մա­հու­թեան պատ­ճառ էր, երբ կեան­քի ծա­ռէն ալ ու­տէին, սա­կայն յան­ցանք հա­մա­րուե­ցաւ՝ քա­նի որ Աս­տուած ար­գի­լած էր։­

Այս օրի­նակ­նե­րուն մէ­ջէն կը տես­նենք Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի փու­թա­ջան ճի­գը՝ ամէն ձե­ւով բա­ցատ­րե­լու եւ հա­մո­զե­լու իր ունկն­դի­րը՝ չգոր­ծակ­ցե­լու չա­րին՝ Քրիս­տո­սի եկե­ղե­ցին բաժ­նե­լու գոր­ծին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2023, 07:24