Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի հիւրընկալել Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրիոյ հայ կաթողիկէ հաւատացեալները ու յատկապէս Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Թեմիս առաջնորդ Արհ. Պետրոս Արք. Միրեաթեանին, ուրախութեամբ եւ հրճուանքով կը պատրաստուին հիւրընկալելու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ Պատրիարք Կաթողիկոս` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին, որ քաղաքը պիտի այցելէ յառաջիկայ 25 օգոստոսէն մինչեւ մէկ սեպտեմբեր 2023։
Քսան տարիներ ետք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի մը պաշտօնական այցը
Այս հովուապետական այցելութիւնը կը հանդիսանայ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ պաշտօնական առաջին այցը հալէպ եւ Սուրիա, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի մը վերջին այցէն քսան տարիներ ետքը։ Արդարեւ վերջին այցելութիւնը կատարած էր երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը 2004 թուականին, երբ Ան նախագահեց Աղեքսանդրիոյ ներկայիս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Քուսայի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։
Մէկ շաբաթ տեւող այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են զանազան հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ աղօթքի ու տօնախմբութեան պահեր։
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի այցելէ Հալէպի հայ եւ քրիստոնեայ ու նաեւ իսլամ զանազան հիմնարկութիւններ, հանդիպում ունենալով քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ու քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Այցելութիւն պիտի տայ Հալէպի հնադարեան բերդին ու նաեւ Ամաուի մզկիթին, ապա Կիրակի 27 օգոստոսին, Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ Պաղտատի նորընտիր Եպիսկոպոս Գերապ. Ներսէս Յովսէփ Զապարեանի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Սուրիոյ մէջ
Յայտնենք` որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Սուրիոյ մէջ ներկայ է ու կը ծառայէ երեք թեմերու մէջ` Հալէպ, Ճէզիրէ եւ Դամասկոս ու վերջին այս տարիներուն, նա մանաւանդ պատերազմի դաժան պահերուն, ջանաց միշտ մօտիկ մնալ իրեն յանձնուած հօտին հոգալով անոր հոգեւոր եւ մարմնաւոր կարիքները։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հովուապետական այցելութիւնը, որ կը համընկնի անոր քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանի տօնակատարութեան հետ, պիտի աւարտի Հինգշաբթի 31 օգոստոսին անոր մատուցած գոհաբանական սուրբ պատարագով Սրբուհի Պարպարայի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։ Յաջորդ օրը Ան վերադարձ կը կատարէ իր նստավայր Լիբանան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ