Մտաւորական Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՌՆԵՑԻ (1290_1347)
Միարարական շարժման երկրորդ կարեւոր կեդրոնը Հայաստանի մէջ Նախիջեւանի շրջանի՝ Քռնայի վանքն էր, ուր կրօնական խնդիրներու կողքին, բնական գիտութիւնները եւս ուշադրութեան կ'արժանանան: Իսկ այս բոլորին ծանօթանալու անհրաժեշտութիւնը ունէին Հայոց Եկեղեցւոյ մտաւորականները, քանզի նախորդ դարերուն, յունարէնէն կատարուած թարգմանութիւններու ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ, վաղուց իւրացուած էր:
Միջնադարեան հայ միտքը դեռեւս կառչած էր վաղ քրիստոնէական երկերու գաղափարներէն, որու աղբիւրը գլխաւորաբար բիւզանդական մշակոյթն էր: Բայց բիւզանդականութիւնը միակ մշակոյթը չէր, այն կ'ընդգրկէր նաեւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան նոր արժէքները եւ ըմբռնումները, որոնց մասին հայերը տեղեակ չէին: Իր բովանդակութեամբ ան նոր իրականութիւն էր, զոր կը խոստանար հնագոյն աշխարհի լաւագոյն աւանդները վերակենդանացնել:
Առաքելական հայերը ընկալեցին այդ նորը եւ անմիջապէս գործնական քայլերու դիմելով Լատին երկերը իւրացուցին, որոնք իրենց մատուցեցին Հայ եւ եւրոպացի միարարական գիտնական աստուածաբանները: Այնուհետեւ այդ երկերը բազմացուցին եւ տարածեցին Հայաստանով մէկ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ թարգմանչական եռանդուն աշխատանքներուն մէջ, Քռնայ գիւղին մէջ մեծ դեր կատարեց Յովհաննէս Քռնեցին: Ան Քռնայի դպրոցին պարագլուխը եւ միարարականութեան տեսաբանն է: Ուսանած է Գլաձորի համալսարանը, աշակերտած է Եսայի Նչեցիին: Վերջինիս առաջարկով մեկնած է Մարաղայ, լատին աստուածաբան Բարթուղիմէոս Բոնոնացիի վարդապետութեան հետ ծանօթանալու: Շատ չանցած, 1328-ին, փոխելով դաւանանքը ընդունած է կաթողիկէութիւնը: Այստեղ, ան ուսանած է լատիներէն, եւ հայերէն սորվեցուցած՝ Բարթուղիմէոս Եպիսկոպոսին եւ անոր գործակիցներուն:
Մէկ ու կէս տարի, Յովհաննէս Քռնեցին Մարաղայ մնալէ ետք, կը տեղափոխուի Երնջակի շրջանի, իր հայրենի Քռնի գիւղը, եւ Քռնայի վանքին մօտ կը կառուցէ եկեղեցի:
Նախիջեւանի շրջանի՝ Քռնայ, Սալիթաղ, Ապրակունիս, Ապարաներ, Շահապոնք եւ քանի մը այդ գիւղերու կաթողիկէացած հայութիւնը, դիմագրաւելով մահմետականներու կողմէ գործադրուած բազում ճնշումներուն, գոյատեւեցին մինչեւ ԺԷ. դար, ապա զանգուածաբար անհետացան:
1330-ին, Յովհաննէս Քռնեցին, Քռնայի մէջ ժողով մը գումարեց, ուր մասնակցեցան տասներկու վարդապետներ, նաեւ Բարթուղիմէոսը իր քարոզիչներով: Այստեղ կ'որոշեն, որ իրենց համախոհ հաւատացեալ ժողովուրդով, ընդունին կաթողիկէութիւնը: Յովհաննէս Քռնեցին, 1333-ին կը մեկնի Հռոմ, իսկ վերադարձին կը կարգուի Երնջակի շրջանի հոգեւոր առաջնորդ եւ այդ պաշտօնին Քռնայի մէջ կը մնայ մինչեւ իր վախճանը: Այստեղ ան կը ծաւալէ բեղուն աշխատանքներ, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի է «Համառօտ Հաւաքումն Յաղագս Քերականին» երկը, զոր ընդօրինակուած է իր մահէն ետք, Ղրիմի՝ Կաֆա քաղաքի Հայ միարարներու կողմէ:
Հայ միարարները, Հայաստանէն դուրս եւս վանքեր կառուցած են, Վրաստանի, Ղրիմի՝ Կաֆա, Թէոդոսիա քաղաքներ հաստատուած հայկական գաղութներու մէջ, որ թուրքերու կողմէ գրաւուելէ ետք 1475-ին տեղափոխուած է Ճենովա:
Մինչեւ Յովհաննէս Քռնեցիի «Համառօտ Հաւաքումն Յաղագս Քերականին» աշխատասիրութիւնը հայ իրականութեան մէջ, աւելի քան մէկ հազարամեակ, ուսումնասիրուած եւ քննարկուած է Դիոնիսիոս Թրակացիի «Քերականական Արուեստ» աշխատութիւնը: Հայ մեկնիչները բազմիցս լուսաբանած են յունարէնի քերականական կառուցուածքը եւ յունարէնի հետեւութեամբ բացատրած հայերէնի քերականութիւնը, հին եւ միջին հայերէնի օրինաչափութիւնները:
Յովհաննէս Քռնեցին շեղուելով այս ընդունուած կարգէն, հետեւած է միջնադարուն հռչակուած Լատին քերական Պրիսկիանոս Կեսարացիի Ե. դարու, «Քերականական սահմանումները» աշխատութեան եւ հայերէնի ամբողջական նկարագիրը ներկայացուցած՝ լատիներէնի քերականական սկզբունքներուն վրայ: Աշխատութիւնը բաղկացած է վեց գլուխներէ, ուր Քռնեցին անդրադարձած է Հայոց լեզուի գիրերուն, հնչիւններուն, խօսքի մասերուն, եւ կապակցութիւններու ուսմունքին, արդի ըմբռնումով, հայերէնի հնչիւնաբանութեան, ձեւաբանութեան եւ շարահիւսութեան ինչպէս եւ բացատրելով առոգանութեան, տաղաչափութեան եւ բնագրերու վերծանութեան հմտութեանը վերաբերող հարցերը:
Յովհաննէս Քռնեցիի ծաւալած գործունէութեան մէջ, առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, հայերէնի թարգմանուած Թովմա Աքուինացիի «Հաւաքումն Աստուածաբանութեան» երկի, Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներու մասին բաժինը:
Պատմական եւ կրօնական տեսակէտէ արժէքաւոր է անոր «Առ միաբանեալ Եղբարսն Հայոց» խորագրով թուղթը, ուր ներկայացուած է Երնջակի շրջանի միարարական եկեղեցւոյ կազմակերպման պատմութիւնը: Յովհաննէս Քռնեցիի թարգմանած երկերէն կարեւորագոյնները՝ «Գիրք ի վերայ Երկուց Բնութեանց եւ Մի Անձնաւորութեան Ի Քրիստոս», «Գիրք դժոխայ», «Յաղագս Վեցօրեայ Գործոց Արարչութեանն» քարոզգիրքը: Այսպէս, Քռնայի վանքը իր աշակերտներով եւ վարդապետներով, բարձր կարգի ուսումնական հաստատութիւն դառնալով, նպաստեց հայ մտքի լուսաւորութեան գործընթացին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ