Որոնել

2023.08.26 Preghiera per i cristiani perseguitati dell'Artsakh

Դժոխքի դարպասները պիտի չյաղթեն. Աղօթքի երեկոյ նուիրուած` Արցախի հալածուած Հայ քրիստոնեաներուն

Հալածուած Հայ Քրիստոնեաներուն նուիրուած այս աղօթքի երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ ու աղօթքը նախագահեց Ամերիկայի եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թեմին առաջնորդ Արհ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 օգոստոս 2023ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «SpiritualDirection.com» յարթակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ «on line» աղօթքի երեկոյ` նուիրուած Արցախի Հայ Քրիստոնեաներուն ու անոնց կրած հալածանքին, Հայր Աստուծմէ հայցելու համար ողորմութիւն ու անոնց տառապանքին աւարտը։

Հալածուած Հայ Քրիստոնեաներուն նուիրուած այս աղօթքի երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ ու աղօթքը նախագահեց Ամերիկայի եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թեմին առաջնորդ Արհ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան, որ այս առիթով հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նախ Արցախի պատմութեան, 44 օրուայ պատերազմին ու անոր հետեւող իրադարձութիւններուն ու վերջին այս ամիսներուն Արցախահայութեան ապրած մարդասիրական ծանր իրավիճակին` Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի Միջանցքի փակումին ու Արցախահայութեան շրջափակման պատճառաւ։

Հալածուած Հայ Քրիստոնեաներուն նուիրուած աղօթքի երեկոյ
Հալածուած Հայ Քրիստոնեաներուն նուիրուած աղօթքի երեկոյ

«120 հազար հայեր այսօր կ՛ապրին կեանքի ու մահուան միջեւ պայքարը» ըսաւ ի միջի այլոց Գերապայծառ Մուրատեան դիտել տալով թէ այս մէկը կը պատահի նաեւ երբ դժբախտաբար միջազգային կարեւոր օրաթերթեր ու հեռուստակայաններ լուռ կը մնան ու անշարժ կը մնան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ, իրենց միջամտութիւնը սահմանելով միայն կոչեր ուղղելու եւ բանաձեւեր հրատարակելու մէջ»։

«Այսօրուայ աղօթքը ուղղուած է այդ 120 հազար հայերուն ու հրաւէր կ՛ուղղեմ բոլորին միանալու այս աղօթքին ու խօսելու այս հարցի մասին... Ես կը հաւատամ աղօթքի զօրութեան եւ ասոր համար է` որ կը դիմենք Աստուծոյ, որպէսզի շարժէ կարծր սրտերը ու վերջ տրուի 120 հազար հայերուն ապրած տառապանքին» աւելցուց իր խօսքին մէջ Արհ. Գերապայծառ Մուրատեան նախ քան աղօթքի հսկումին բացումը կատարելը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Խորհուրդի հատորէն քաղուած մէկ աղօթքով, որմէ ետք Անգլերէն լեզուով արտասանուեցաւ Սուրբ Վարդարանը ու «ողջոյն քեզ Մարիամ» ի ամէն մէկ տասնեակի աւարտին յատուկ աղօթք բարձրացաւ Արցախի ու Արցախահայութեան դիտաւորութեան։ Սուրբ Վարդարանի մէկ տասնեակը ապա արտասանուեցաւ Հայերէն լեզուով։

Թագուհի խաղաղութեան աղօթէ մեզի ու Արցախ աշխարհի մէջ խաղաղութեան ու ազատգրումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2023, 09:00