Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի այցը Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարիին։
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ կեցութեան ընթացքին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարիին։
Առաքելական նուիրակութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայ էին Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան եւ Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան։
Հանդիպման ընթացքին կարդինալ Զենարի ողջունեց Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ այցը Սուրիա և յաջողութիւն մաղթեց Անոր՝ Հալէպ կատարելիք հովուական այցին։ Հանդիպումի մասնակիցները քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ մէջ և աշխարհի տարածքին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին յուզող շարք մը հարցեր:
Ամենապատիւ Հոգեոր Տէրը Դամասակոսի մէջ այցելեց նաեւ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Մելքիթ յոյն կաթողիկէներու Եուսէֆ Ապսի պատրիարքին, Դամասկոսի Ալ-Զեյթուն թաղամասը գտնուող Պատրիարքարանին մէջ, ներկայութեամբ շարք մը եպիսկոպոսներու և քահանաներու։
Իսկ նոյն օրը կէսօրէն ետք Ան ժամանեց Հալէպ եւ ընդունեուցաւ մեծ շուքով գոհաբանական աղօթք կատարելով Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ