Որոնել

2023.08.27 Storica visita del Patriarca Minassian a Aleppo

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը Հալէպի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ գոհաբանական աղօթքի առիթով

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հովուական պատմական այցելութեամբ հալէպ ժամանեց ուրբաթ 25 օգոստոսին եւ այցը կ՛աւարտէ յառաջիկայ մէկ սեպտեմբերն
հոգեւոր Տիրոջ ժամանումը Հալէպ
հոգեւոր Տիրոջ ժամանումը Հալէպ

«Ձեզ մօտ կու գամ եւ իմ մէջէս կը բխի մեծ սէր մը: Ձեզ մօտ կու գամ, որպէսզի զօրանանք Աստուծոյ Խօսքով, որ մեզ փրկութեան կ'առաջնորդէ»:

Այս խօսքերով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը սկսաւ իր հովուապետական այցելութեան գոհաբանական աղօթքը՝ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ:

Հալէպի Եկեղեցիներու առաջնորդներու եւ եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ, Սուրբ Խաչ շեփորախումբի նուագին ընկերակցութեամբ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մուտք գործեց եկեղեցւոյ շրջափակ՝ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն հետ, որոնք մեծ ուրախութեամբ կը սպասէին Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Հայրապետին այցելութիւնը երկար տարիներէ ի վեր:

Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը գոհաբանական աղօթք մը կատարեց մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Եկեղեցւոյ առաջնորդներու եւ հայրերու, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ Հալէպ քաղաքի նահանգապետի ներկայացուցիչ՝ քարտուղար Տիար Ժորժ Պախխաշի, նահանգի գործադիր մարմնի անդամ՝ Տիար Մաժէտ Թաուլի, Պաաս կուսակցութեան ներկացուցիչ՝ Տիար Ապտալլահ Հունէյշի եւ այլ միութենական անձնաւորութիւններու:

Սուրբ Խաչ Եկեղւոյ մէջ գոհաբանական աղօթքը
Սուրբ Խաչ Եկեղւոյ մէջ գոհաբանական աղօթքը

Գոհաբանական աղօթքին խօսքով մը հանդէս եկաւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, որ ըսաւ. «Երեսուն տարիներ ետք, մեզ կ'այցելէ մեր Եկեղեցւոյ Հայրապետ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, որպէսզի մեզի եւ մեր ժողովուրդին օրհնութիւն շնորհէ, իր հովուապետական այցելութեամբ, որ մեր իւրաքանչիւրին խրախոյս եւ մխիթարանք կը շնորհէ»:

Ան աւելցուց. «Սիրելիներ, հակառակ բոլոր տագնապներուն ու երկրաշարժներուն եւ այն բոլոր աղէտներուն որ կրեց Հալէպը, սակայն միշտ կը մնայ առաջատար՝ իր արժէքներով ու սիրով, եւ Հալէպը պիտի վերականգնի եւ ձեզ ընդունի դուք որ կու գաք Տիրոջ անունով:

Այո՛, մեր Պատրիարք Հայրը մեզ մօտ կու գայ, որպէսզի մեզի յոյս ներշնչէ եւ հաստատէ թէ կառչած պիտի մնանք ու գոյատեւենք»:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ. «Ես շատոնց կը փափաքէի ձեր մօտ գալ, սակայն կեանքի պայմանները առիթ չընծայեցին մինչեւ օրս, որպէսզի իրականացնեմ այս փափաքս, հետեւաբար նախ եւ առաջ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Տիրոջս ու Փրկչիս՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ ինծի այս կեանքը պարգեւեց: Անոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կեանքի շնորհքին համար, զոր ապրեցայ ու տակաւին կ'ապրիմ յիսուն տարիներէ ի վեր Իրեն ու Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, շնորհակալ ըլլալով անոր լոյսին, ողորմութեան ու օգնութեան համար, որ զիս շնորհեց քահանայական առաքելութեանս բոլոր օրերուն:

Յիսուն տարիներ եւ ես կ'ապրիմ ողողուած՝ Անոր սիրով եւ անհուն նախախնամութեամբ:

Ինչպէս նաեւ, շնորհակալութիւնս կը յայտեմ իմ սիրելի եղբայրակից՝ Պետրոս Արք. Միրիաթեան գերապայծառին՝ այս հովուապետական օրհնեալ այցելութիւնը կազմակերպելուն համար, որուն շնորհիւ ձեզ հետ կը հանդիպիմ եւ կը յայտեմ իմ սէրս, անդրադառնալով այն բոլոր դժուարութիւններուն եւ տառապանքներուն որ ապրեցաք երկար տարիներէ ի վեր մինչեւ աղիտալի երկրաշարժը որ ցնցեց ձեզմէ շատերուն, սակայն հոս պիտի ընդգծեմ որ ես հոգեպէս ձեր կողքին էի իմ աղօթքներովս ձեր դիտաւորութեան եւ բոլոր անոնց համար, որոնք մեզ թողեցին այս դժուար պայմաններուն եւ միացան մեր Փրկչին յաւիտենական կեանքին մէջ: Անոնք մեզ թողեցին դէպի յաւիտենական նոր կեանք մը, որ մեզի խոստացաւ մեր Տէր Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոս որդին Աստուծոյ, երբ ըսաւ թէ սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։ Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ «Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ» (Յովհ. 14, 1-2)։

հոգեւոր Տիրոջ ժամանումը Հալէպ
հոգեւոր Տիրոջ ժամանումը Հալէպ

Դուք կրնաք ինծի ըսել՝ Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով: Ուստի ես ալ ձեզի կ՛ըսեմ, օրհնեալ է Տիրոջ անունը, որ ինծի այսօր հոս ղրկեց՝ ձեր մօտ, որպէսզի ձեզի մխիթարեմ Իր անունով, հաստատեմ ձեզ Անոր կամքին մէջ եւ ձեզի տամ Իր երկնային օրհնութիւնը, որպէսզի կարողանաք դիմադրել դժուարութիւններուն, եւ անկէ օրհնութիւններ ստանաք եւ յաղթահարէք մարտահրաւէրները, եւ անոնց միջոցով ապրիք յոյսը՝ այն հոգեւոր ու նիւթական յարութեան մխիթարանքով, որպէսզի վերականգնէք ձեր կեանքը այս ընկերային ճգնաժամերուն եւ ձեզ շրջապատող աւերներուն ընդմէջէն: Այո՛, այս օրերուն ամէնուրէք եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին ընդհանուր իրարանցումին ականատեսն ենք։ Բայց մենք, որ կը հաւատանք Փրկիչ Աստուծոյ, կը խրախուսուինք եւ կը զօրանանք Անոր խօսքերով, որոնք մեզ միշտ կը մխիթարեն եւ կ'առաջնորդեն դէպի փրկութեան ճանապարհը, ինչպէս որ Ան կ'ըսէ. «ձեզի արքայութիւնը շնորհելու համար» (Ղուկ. 12, 32): Բայց այս շնորհքին արժանի ըլլալու համար, մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք Անոր կամքին, եւ պատուիրանը բացայայտ յստակ է. ով որ զիս ճանչնայ աշխարհին առջեւ, ես անոր կը ճանչնամ իմ Հօրս առջեւ երկինքին մէջ (Մատթ. 10, 32): Այս խոստավանանքը կ'իրականանայ մեր մշտական աղօթքներով լաւ եւ նեղ ժամանակներուն: Մի՛ վախնաք արդար ճշմարտութենէն եւ մի՛ վախնաք հալածանքներէն, որովհետեւ Աստուած կը տեսնէ ձեր հաւատքը ձեր մէջ հիմա եւ յաւիտեան:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կ'աւարտեմ իմ խօսքս խոր սիրով եւ յոյս ներշնչելով ձեզի՝ մաղթելով եւ յուսալով, որ իմ Տէրն ու Փրկիչը ձեզի շնորհէ Իր երկնային օրհնութիւնները, լեցնէ ձեզ Իր սիրով եւ ձեզի ընկերանայ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով, որ Անոր իսկական իւրացումն է ձեր կեանքի բոլոր օրերուն, եւ ձեզի համար ան միակ կատարեալ ու ապահով վայրն է ձեր բոլոր յոյսերուն, երազներուն եւ գործերուն համար: Դուք ալ եղէք Անոր հաւատարիմ զաւակները, որոնք իրենց անձնական ու հասարակական կեանքով վկայ են անհաւատներուն եւ ուրացողներուն, ուստի դուք կը դառնաք Անոր պայծառ լոյսը»։

Աւարտին, Տէրունական աղօթքի բարձրացումին յաջորդեց կղերականներու եւ հաւատացեալներու ի պատիւ ընդունելութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2023, 15:45