Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ Ներածական (ա)

Հաղորդաշար (1) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան

 

Ունկնդրէ լուրը

Ներածական (Ա. մաս)

Հայոց պատմութեան անցեալի եւ ներկայի հերոսական դրուագները, ծաղկման եւ բարգաւաճման փառապանծ էջերը, հայերուս յոյս կը ներշնչեն տոկալու եւ յարատեւելու: Այդ ազդեցութիւնը այնքան խորն է Հեթումեաններու եւ Լուսինեաններու ժամանակաշրջանին, որ հայ ժողովուրդը կլանուած էր իրենցմով: Անոնք կազմակերպած էին հոգեւոր եւ կենսունակ այնպիսի մտածողութիւն, որ կը թելադրէր ապրելաձեւ, ոճ, կենցաղ, կրթութիւն եւայլն:

Անոնք հայ միտքը դուրս բերին տեղական սահմաններէն եւ ընդլայնեցին հայուն մտահորիզոնը: Սոյն ժամանակաշրջանը առաւել հասու դարձնելու միտումով, լուսարձակի տակ առինք միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած կարգ մը մտաւորական-Կաթողիկոսներու եւ հոգեւորականներու, որոնք Կաթողիկէ դաւանանքի հաւատացող եկեղեցականներ եղած են եւ որոնց վարքագրութիւնը ցարդ՝ ըստ արժանւոյն չէ պարզաբանուած, սակայն նախքան այդ հարկաւոր է անդրադառնալ այդ օրերու պատմաքաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց համայնապատկերին ներքոյ ստեղծուեցաւ դէպքերու ընթացքը:

ԺԳ. դարուն, Հայաստանն ու Կիլիկեան կռուախնձոր դարձած էին բարբարոս, քոչւոր ցեղախումբերու միջեւ: Հայաստանը կքած էր մոնկոլ-թաթարներու արշաւանքներէն եւ թուրք-պարսակական ներխուժումներէն, իսկ Կիլիկեան հայկական թագաւորութիւնը, ԺԳ. դարավերջին գոյապայքար կը մղէր Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ Մամլուքներու եւ Փոքր Ասիա հաստատուած սելճուկ-թուրքերու միջեւ, որ յանգեցաւ՝ Կիլիկեան Հայաստանի 140 տարուայ Հայոց կաթողիկոսանիստ Հռոմկլա քաղաքի աւերմամբ 1292 թուին:

Հայոց Ստեփանոս Դ. Հռոմկլայեցի Կաթողիկոսը, իր եպիսկոպոսներով տարուեցաւ Եգիպտոս, ուր արգելարանին մէջ իր մահկանացուն կնքեց: 1375 թուին, եգիպտական Մամլուքներու եւ հիւսիսէն սելճուկներու ասպատակումներու հետեւանքով, կործանեցաւ Կիլիկեան հայկական թագաւորութիւնը եւ հայոց վերջին Լեւոն Ե. թագաւորը իսլամներու կողմէ գերեվարուեցաւ: Այսպէս մինչեւ ԺԸ. դար, Հայաստանը իսլամական ներխուժումներու թատերաբեմ դարձաւ: Այս ընթացքին քանդուեցան հայկական հոգեւոր եւ մշակութային կոթողները, հայոց սպանդը եւ կոտորածը անհանդուրժելի մաշտաբի հասաւ, որու հետեւանքով ծայր առաւ Հայոց զանգուածային գաղթը:

Հայ հոգեւորականութիւնը աղերսագրերով դիմեցին Եւրոպայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետերուն, իրենց օգնութեան փութալու նկրտումով: Վերջիններս խոստացան խաչակրաց արշաւանքներ կազմակերպելով՝ փրկել հայերը մահմետականներու ճնշումէն: ԺԴ. - ԺԶ. դարերուն, երբ հայ ժողովուրդը իր երկու հազարամեայ մշակոյթի պահպանման համար կը մաքառէր, միեւնոյն ժամանակահատուածին հայոց պատմութեան մէջ նշանակալի աւանդ ունեցան լատին միարարական շարժման քարոզիչները, որոնք դեռեւս ԺԲ. դարու սկիզբէն տարածուած էին Մերձաւոր Արեւելք:

 Այս առաքելութիւնը աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ Յովհաննէս ԻԲ. Սրբազան Քահանայապետի օրօք: Երբ վերջինս 1318 թուին, Ասիայի իր հսկայածաւալ տարածութիւնները Ֆրանչիսկեաններու եւ Տոմինիկեաններու միջեւ բաժնած էր: Վերոյիշեալ միաբանութիւնները իրենց քարոզիչները առաքեցին Կիլիկիայի եւ Արեւելեան Հայաստանի կարեւոր կեդրոնները ԺԲ. դարուն:

Կիլիկիայի մէջ գործունէութիւն ծաւալած Ֆրանչիսկեան միաբանները, բազմաթիւ համախոհներ գտնելով իրենց կեդրոնը հիմնեցին Սուլթանիա քաղաքին մէջ: Կիլիկիոյ հայոց արքայանիստ Սիս քաղաքի մէջ հաստատուած հայոց Կաթողիկոսները կը հաւատային լատին քաղաքականութեան, Մեծ Հայքի մէջ անգամ Հռոմէական եկեղեցւոյ մերձենալու գաղափարին հաւատացողներ կային, այդպիսիք էին՝ Թադէոս առաքեալի վանքը եւ Ծործորի դպրոցը, Վասպուրականի Արտազ գաւառին մէջ:

Միարարական շարժման երկրորդ կարեւոր կեդրոնը Հայաստանի մէջ դարձաւ՝ Նախիջեւանի շրջանի Քռնայի վանքը, ուր կարեւոր դեր ունեցան Տոմինիկեան միաբանները: Հայոց եկեղեցին ուղղակի եւ պաշտօնապէս Հռոմէական եկեղեցւոյ հետ սերտ կապեր հաստատեց 1141-ին, Անտիոքի մէջ գումարուած լատին եկեղեցիներու ժողովին՝ որպէս պատուոյ հիւր հրաւիրուած էին՝ Հայոց Կաթողիկոս Գրիգոր Պահլաւունին եւ իր իմաստուն եղբայրը եւ տեղապահը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալին: Սակայն այս յարաբերութիւնը միմեանց նկատմամբ սոսկ եղբայրական էր, իսկ իր յաջորդը՝ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, գրեթէ ոչ մէկ ձեւով կապ հաստատած է լատին եկեղեցւոյ հետ: Անոր յաջորդը՝ Գրիգոր Տղայ 1184-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Լուկանոսին նամակ մը յղելով յարաբերութիւնները վերահաստատելու կը հրաւիրէ: Պապին պատասխանը կ'ըլլայ այն. «Այսուհետեւ, սիրով եւ ճշմարիտ հոգւով եւ սրտիւ եկեղեցիս Հռոմայ տեսուչ է Ձեր եւ ժողովուրդոյ Ձերոյ»: Այս նամակին մէջ յանձնարարուած է Հայոց եկեղեցւոյ մէջ ծիսական որոշ փոփոխութիւններ մտցնել, ինչպէս՝ պատարագի բաժակին մէջ ջուր խառնել, Ս. Ծնունդը Դեկտեմբերի 25-ին նշել եւ այլն: Նամակին հետ ուղարկած է նաեւ պալիուն եւ եպիսկոպոսական խոյր: Այստեղ բացայայտ կ'երեւի լատիններու հետ ծիսական մարզին մէջ միանալու փորձերը: Իսկ թէ Հայոց Կաթողիկոսը կ'ընդառաջէ այս առաջարկին, ցարդ՝ պարզ չէ:......

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2023, 08:34