Որոնել

2023.05.31 Cardinal Gregorio Pietro XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (31)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Այնճարի Աղաճանեան Սանուց Տան առաքելութեան:

ԼԱ. Հաղորդում

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Այնճարի Աղաճանեան Սանուց Տան առաքելութեան:

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը իր գահակալութեան շրջանին ունէր վստահելի օգնականներ, որոնց կարգին էին Հ. Սահակ Եպս. Կոգեան, Ընդհանուր Փոխանորդ Հ. Կ. Պատրիարքական Թեմի ի Պէյրութ (1951-1963) և Ալոզիոս Արք. Պաթանեան, տեղապահ և յաջորդ Պատրիարք (1962 Նոյեմբեր 30): Յիշատակութեան արժանի է թէ Սանուց տան շինութեան նախօրէին Պաթանեան Կաթողիկոս Հռոմ կը մեկնէր, ուր կը տեսնուէր Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետին հետ և կը խորհրդակցէր այս յոյժ կարեւոր ծրագրի մասին, խնդրելով անոր հայրական օրհնութիւնը: Սրբազան Քահանայապետը որուն սրտին մօտ էր փոքրերու քրիստոնէական, բարոյական և ընկերային դաստիարակութիւնը, ի խորոց սրտի կը մաղթէ որ նոր հիմնադրուելիք հաստատութիւնը իր նպատակին ծառայէ և գոյատեւէ:

1967 Նոյեմբեր 17-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի հաւանութիւնը և օրհնութիւնը ստանալէ ետք՝ Պաթանեան Պատրիարք կոչ կ'ուղղէ վեհանձն բարերարներու ի նպաստ ծրագրի հիմնադրման, յայտարարելով որ այդ հաստատութիւնը պիտի կրէ Աղաճաեան Որբանոց կամ Սանուց Տուն անունը: Այսպէս, այս ազգօգուտ կոչի իրագործման բազմաթիւ միութիւններ և անհատներ կ'ընդառաջեն: Այդ օրերուն, Հռոմի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ս. Ժողովը եւս առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կը կատարէ ի նպաստ Այնճարի Սանուց Տան: Մինչ, 1967-ին, Զմմառու վանքի վարչական խորհուրդը Պատրիարքութեան տրամադրութեան տակ կը դնէր Զմմառու Տիրամօր դպրոցին անկախ մէկ բաժինը, որ կը գտնուէր Տըքուէնիի շրջանին մէջ, Սին Էլ Ֆիլի մայրուղիին վրայ, ծառայելու համար որպէս ժամանակաւոր օճախ հայ որբերու: Այս հանգանակութեան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը, յանձինս Ռոպեռ և Լէյլա Գարակէօզեաններու, որոնց միջոցաւ կարելի կ'ըլլայ կահաւորել տան ննջասրահները, սեղանատունը, խոհանոցը և ուսումնասրահը: Ինչպէս նաւեւ կարգ մը հայազգի բարերարներ սրտաբուխ նուէրներ կը կատարեն:

Սկզբնական շրջանին՝ պատանի որբերուն և չքաւորներուն հոգատարութիւնը կը յանձնուի Զմմառու միաբան՝ Գեր. Հ. Էմմանուէլ Վրդ. Տապպաղեանին, որ Հռոմի համանման հաստատութիւններուն մէջ մեծ փորձառութիւն ստացած ըլլալով, իր սրտի ամբողջ ջերմութեամբ և իր եռանդին բոլոր կարելիութիւններով օգտագործեց զայն՝ ի սպաս մանուկներուն, որոնք ճանչցան զինք «Հայր» անունով և իրմէ սորվեցան «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը և այլ ջերմեռանդութիւններ:

Այնուհետեւ, 1979-էն մինչեւ 2004, Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը ստանձնէ մանուկներու դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը: Իրապէ՛ս, տարիներ շարունակ, առաքինազարդ քոյրերը մեծ անձնուիրումով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Նոյնպէս Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւները բերին ու կը բերեն իրենց բարենպաստ օգուտը: 2017 թուին, երկար տարիներու գործունէութենէն ետք, Աղաճանեան Սանուց Տունը ամբողջական վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ, յանձին՝ Տանն Կիլիկիլիոյ Կ. Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, զայն դարձնելով հարազատ ընտանեկան յարկ մը ազգին կարօտեալ և ծնողազուրկ բոլոր զաւակներուն համար անխտիր, այնպէս ինչպէս աւանդած էր իր կտակին մէջ Երջանկայիշատակ Պաթանեան Հոգեւոր Տէրը, ի փառս Աստուծոյ և ի մշտնջենաւորումն Կարդինալ Աղաճանեանի յիշատակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2023, 07:40