«Քահանայական Կոչումի Ընտրանքը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Կրթական տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ: Դպրոցներ եւ համալսարաններ զբաղ էին վկայականաց բաշխումներով. ինչպէս նաեւ ընտանիքներ իրենց շրջանաւարտ զաւակներուն հետ ուրախութեան պահեր կ'ապրէին:
Շատ մը շրջանաւարտներ նոր ապրելակերպ պիտի սկսէին իրենց ընտրած գործի ասպարէզով: Իսկ ուրիշներ՝ իրենց կեանքերը ձեւաւորելու համար, մասնագիտական ճիւղերու բազմաթիւ ընտրանքներու առջեւ՝ իրենք զիրենք շուարած կը գտնէին:
Ներկայ գտնուեցայ շատ մը վկայականաց բաշխումներու: Ի հարկէ տնօրէնները բոլորն ալ ուրախ էին տեսնելով իրենց ուսանողներուն ձեռք ձգած յաջողութիւնը: Ականատես եղայ յուզիչ պահերու, երբ ուսուցիչներ արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ կու տային իրենց աշակերտներուն:
Սոյն առիթներուն արտասանուած շատ մը խօսքերէ ետք, շարք մը նկատողութիւններ ի միտի եկան, զորս կը փափաքիմ ձեր հետ կիսել:
Արտասանուած ճառերու մեծ մասը զեկոյցի բնոյթ ունէին. իսկ ուրիշներ՝ շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթանքներու: Սակայն շատ քիչ էին այն խօսքերը, որոնք շրջանաւարտներուն կենաքի իմաստի արժեւորում կը փոխանցէին: Ապրուստ շահիլը կարեւոր մէկ ազդակ մըն է, սակայն ամէն ինչ չէ կեանքին մէջ: Քրիստոս իր փորձութիւններու ժամանակ ըսաւ՝ «Ոչ միայն հացով կ՚ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ՚ելլէ» (Մտթ. 4:4): Այս կը նշանակէ, որ պէտք է կեանքին նայինք աւելի քան պարզ նիւթական իրականութիւն մը: Որպէս քրիստոնեաներ սորված ենք, որ պէտք է ապրինք Աստուծոյ փառքին եւ մեր հոգիներու փրկութեան համար: Այս ճշմարտութիւնը բացակայէր շատ մը ամավերջի խօսքերէ:
Աշխարհի եւ յատկապէս մեր երկրին տագնապները մեր բոլորին մտքերը շփոթի մատնած է: « Հանապազորդ հացը» եղած է մեր պայքարի միակ թիրախը: Այդ իսկ պատճառով ճամբորդելը գլխաւոր փափաքը եղած է մեր երիտասարդներուն: Բայց շատերուս մտքերէն կը վրիպի հետեւեալ հարցումը, թէ ՝ կեանքը միայն «հաց» ապահովել եւ ուտել է:
Այս միեւնոյն պատճառով գրեթէ չենք գտներ երիտասարդներ, որոնք քահանայական կոչումի մասին կը մտածեն: Եւ կամ նկատի կառներ կուսակրօնութիւնը, որպէս կեանք կարեւոր մէկ ընտրանք: Յիսուս իր երկրաւոր կեանք ընթացքին, տեսնելով ժողովուրդները, անոնց վրայ խղճաց, որովհետեւ յոգնած ու ցիրուցան եղած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս. Ապա ըսաւ իր աշակերտներուն «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ» (Մտթ.9:37):
Հիմա հարց տանք՝ ներկայիս մարդկութիւնը «յոգնած ու ցիրուցան եղած» եղա՞ծ է: Անշուշտ թէ այ'ո: Յիսուս այս յոգնածութիւնը փարատելու համար կը խնդրէ մեզմէ աղօթել մշակներու համար:
Հետեւաբար սիրելիներ հաւատացեալներ եւ յատկապէս շրջանաւարտներ, աղօթենք մշակներու համար, որպէսզի Աստուած օգնութեան հասնի յոգնած մարդկութեան եւ փրկէ մեզ բոլորս: Քահանայական կոչումէն աւելի վեհ առաքելութիւն չկայ: ԶՔրիստոս մարմնացնելով մեր կեանքերու ընդմէջէն հասնիլ բոլորին եւ զանոնք դէպի երկնքի ճամբաները առաջնորդել:
Այս կրթական տարուայ աւարտին կը հրաւիրեմ մեր շրջանաւարտները, որպէսզի մտածեն այս ուղղութեամբ ալ, ըլլալու Տիրոջ փրկարար ձեռքը բոլորին՝ քահանայութեան ճամբի ծառայութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ