Որոնել

2022.11.07 Stemma Patriarcato Armeno Cattolico

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը դատապարտէ ՔուրաՆի հրկիզման դէպքը Շուէտի մէջ

Խօսքի ազատութեան պատրուակով նման գործողութիւններ թոյլատրելը և անոր հետեւանքներուն աչք խփելը կը նշանակէ մեղսակցութիւն այս արարքին, քանի որ այս արարքը ատելութիւն և ցեղապաշտութիւն կը հրահրէ, նաեւ՝ կ’ապակայունացնէ ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն փոխադարձ յարաբերութիւնները՝ հանդուրժողականութեան, չափաւորութեան և ծայրայեղականութեան մերժումին արժէքները տարածելու փոխարէն։
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը դատապարտէ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ, իրաւապահ մարմիններու թոյլտուութեամբ եղած իսլամական Սուրբ Գիրքի՝ Քուրանի օրինակի հրկիզումը, մերժելով ընկերային արժէքներուն հակասող այս անարգ արարքի գործադրումը, որ տեղի ունեցած էր իսլամական Ատհայի տօնին առաջին օրը։
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը մատնանշեց, որ խօսքի ազատութեան պատրուակով նման գործողութիւններ թոյլատրելը և անոր հետեւանքներուն աչք խփելը կը նշանակէ մեղսակցութիւն այս արարքին, քանի որ այս արարքը ատելութիւն և ցեղապաշտութիւն կը հրահրէ, նաեւ՝ կ’ապակայունացնէ ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն փոխադարձ յարաբերութիւնները՝ հանդուրժողականութեան, չափաւորութեան և ծայրայեղականութեան մերժումին արժէքները տարածելու փոխարէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2023, 08:00