Որոնել

2023.06.08 Zuppi Rondine

Երկխօսութիւնը միակ ուղին է բոլորիս համար. Կարդինալ Ծուփփի

«Այս պատանիները ոչ միայն ապագան են այլեւ ներկան։ Այստեղ Ռոնտինէի մէջ կայ մեծ պատմութիւն, հանդիպում, երկխօսութիւն։ Պատերազմին հակառակը։ Հակամարտութիւն կայ ոչ միայն երբ ան կը բռնկի, այլ երբ զիրար չենք հասկնար, իրարու մտիկ չենք ընէր, իրարմէ կը հեռանանք, իրար կ՛անտեսենք։ Այստեղ կը պատահի ճիշտ հակառակը, կայ առատ խաղաղութիւն եւ կը մաղթեմ` որ անիկայ այստեղէն հասնի ամէնուր», ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին փառատօնի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի միջամտութիւն ունենալով «Rondine Cittadella della Pace-ի» միջազգային փառատօնի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ իրեն Քահանայապետին կողմէ յանձնուած Ուքրանիոյ պատերազմի կապակցութեամբ «խաղաղութեան առաքելութեան» մասին, հաստատելով` որ «բոլորիս համար միակ ուղին երկխօսութիւնն է»։

Խաղաղութեան համար քայլարշաւ

Վերոնշեալ միջազգային փառատօնի բացումը կատարուեցաւ` 8 Յունիսին, խաղաղութեան նուիրուած քայլարշաւով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրաւոր երիտասարդներ` Արեցցօ քաղաքէն տասը քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Ռոնտինէ` խաղաղութեան գիւղ» վայրին մէջ։ Փառատօնի ընթացքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ կիրակի` 11 Յունիսին, նախատեսուած են 40 հանդիպումներ եւ 70է աւելի ելոյթներ։

Երկխօսութիւնը

«Այս պատանիները ոչ միայն ապագան են այլեւ ներկան։ Այստեղ Ռոնտինէի մէջ կայ մեծ պատմութիւն, հանդիպում, երկխօսութիւն։ Պատերազմին հակառակը։ Հակամարտութիւն կայ ոչ միայն երբ ան կը բռնկի, այլ երբ զիրար չենք հասկնար, իրարու մտիկ չենք ընէր, իրարմէ կը հեռանանք, իրար կ՛անտեսենք։ Այստեղ կը պատահի ճիշտ հակառակը, կայ առատ խաղաղութիւն եւ կը մաղթեմ` որ անիկայ այստեղէն հասնի ամէնուր», ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին փառատօնի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։

Ապրիլ միասին

Մատնանշելով ապա Ռոնտինէ մէջ իրար հետ ապրող ռուս եւ ուքրանացի երիտասարդներուն, Ծիրանաւորը ընդգծեց, թէ «ապագան կը կայանայ այն բանի մէջ, որ սորվինք իրար հետ ապրիլ, ինչպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Fratelli tutti յորդորագիրին մէջ»։ Յաճախ «այս մէկը այնքան դժուար է, որ անկարելի կը թուայ, բայց Ֆրանչիսկոս Պապը իմաստութեամբ կը յիշեցնէ թէ «ամէն ոք ինքզինք ազատէ» խօսքը կը տանի «բոլորը բոլորի դէմ» իրականութեան, եւ այդպիսով բոլորս ալ կը պարտուինք»։

«Միւսին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հիմնական է որովհետեւ միայն միասին կարող ենք յաղթահարել հարցերը», ըսաւ Պոնոլիայի Արքեպիսկոպոսը։

Պատերազմը կը բաժնէ

«Բոլորս պէտք է երկխօսութիւն կատարենք, պէտք է սորվինք երկխօսութիւնը» պնդեց Կարդինալ Ծուփփին պատասխանելով անոնց` որոնք իրեն հարց տուին եթէ ռուս եւ ուքրանացի ընկերութիւնները պէտք է երկխօսութիւն հաստատեն իրենց միջեւ։

«Պատերազմը կը բաժնէ, կը խորացնէ բաժանումները, զանոնք կը շահագործէ բոլոր հակամարտութիւններուն մէջ։ Եւ այլեւս չենք կարող հասկնալ ու գիտնալ ով է մեր եղբայրը։ Այս է պատերազմը։ Մենք պէտք է ամենուրէք աշխատինք, որպէսզի այս բանի հակառակը իրականացնենք` սորվինք ապրիլ միասին, ինչպէս կը պատահի այստեղ Ռոնտինէի մէջ, որովհետեւ երբ քու եղբայրդ գտնես կը գտնես նաեւ դուն քեզ», հաստատեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը։

Բարի մաղթանքներ ՄԱԿէն

Կարդինալ Ծուփփին ապա հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ենթաքարտուղար Միկել Անկել Մորաթինոսին հետ որ իր կարգին կը մասնակցէր փառատօնին։ Այս վերջինս Կարդինալ Ծուփփին շնորհաւորեց Քահանայապետի պատուիրակի իր առաքելութեան համար` նպաստելու Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2023, 07:55